Jump to content

Օքունոշիմա

Օքունոշիմա

Օքունոշիմա, պզտիկ կղզի մը՝ Ճափոնի ներքին ծովուն մէջ[1]:

Կղզին յաճախ կ'անուանեն նաեւ Ուշակի Շիմա` նապաստակներու կղզի, որովհետեւ բազմաթիւ նապաստակներ ազատօրէն կը շրջին կղզիին մէջ[2]:

Որսորդ անասունները, ինչպէս՝ շուներ եւ կատուներ, արգիլուած են այդ կղզիին վրայ, ուստի՝ այս ստնաւորները արագօրէն կը բազմանան:

Ներկայիս կղզիին վրայ կ'ապրի մօտաւորապէս 1000 նապաստակ:

Անոնք շատ ընկերային են եւ անվախօրէն կը մօտենան մարդոց:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]