Օրեր (ամսագիր)

Օրեր
Տեսակ հանդէս
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, գլխաւոր խմբագիր
Հիմնադրուած է Սեպտեմբեր 1999
Հրատարակիչ Կովկաս-Արեւելեան Եւրոպա }
Երկիր  Չեխիա
Կայք orer.eu

«Օրեր» համաեւրոպական անկախ ամսագիր, լոյս տեսած է Փրակայի մէջ, 1999 Հոկտեմբերին։ Հրատարակիչը ոչ պետական Կովկաս-Արեւելեան Եւրոպա լրատուական կեդրոնն է՝ Յակոբ Ասատրեանի խմբագրութեամբ։ Երկամսեայ պարբերականը Հայաստանի իրադարձութիւններէն զատ, կը լուսաբանէ ոչ միայն Չեխիոյ մէջ բնակող հայերու գործունէութիւնը, այլեւ կ՛անդրադառնայ եւրոպական 30-էն աւելի հայ համայնքներու մշակութային, քաղաքական ու հասարակական, մարզական ու համայնքային կեանքին:

այս տարի՝ 2020-ին, արդէն 21 տարի կը լուսաբանենք ոչ միայն չեխահայութեան, այլ եւրոպահայության համայնքային կեանքը, Հայաստան-Եւրամիութիւն յարաբերութիւնները, մշակութային, տնտեսական, քաղաքական եւ այլ ոլորտներուն առնչուող հայաստանեան գլխաւոր իրադարձությունները: «Օրեր» եւրոպական անկախ ամսագիրը կը տարածուի 30 երկիրներու մէջ՝ Չեխիա, Գերմանիա, Լեհաստան, Հունգարիա, Իտալիա, Յունաստան, Ֆրանսա, Շուէտ, Սպանիա, Կիպրոս, Նիտեռլանդներ, Պելճիքա եւ այլուր: «Մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք յատկապես մշակութային իրադարձութիւններուն, կը փորձենք գտնել Եւրոպայի այնպիսի հայերու, որոնք որոշակի յաջողութիւններու հասեր են իրենց երկիրներուն մէջ: Անցած 21 տարիներու ընթացքին կազմաւորուեր է մեր հաւատարիմ ընթերցողներու բանակը, որը եւրոպական տարբեր երկիրներէն ոչ միայն կը կարդայ մեր ամսագիրը, այլեւ կը թղթակցի[1]:


«Օրեր»–ը մեծ տեղ կը յատկացնէ Հայաստան-Եւրոպա յարաբերութիւններու, երկու կողմէ դիւանագիտական ու քաղաքական կապերուն, տնտեսական համատեղ ծրագիրերներուն։ Լայնօրէն կը լուսաբանեն հայ-չեխական բոլոր ձեռնարկները, կը տպագրուին հարցազրոյցներ ու յօդուածներ Չեխիոյ նշանաւոր մարդոց, պետական անդամներուն ու հասարակական գործիչներու հետ։

Արուեստին նուիրուած էջերը կը ներկայացնեն Հայաստանի եւ Եւրոպայի տեղի ունեցող կարեւոր մշակութային ձեռնարկները, նոր լոյս տեսած գիրքերը, հայ եւ օտար նկարիչներուն, երաժիշտներուն եւ գրողներուն։ Մարզական էջերու յօդուածներ կը տպագրուին յաջողութիւններու հասած հայ մարզիկներու մասին։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]