Օլիվըր Թուիստ

Օլիվըր Թուիսդի արկածները (Oliver Twist; or, the Parish Boy’s Progress; The Adventures of Oliver Twist) Չարլզ Տիքընզի երկրորդ, իսկ անգլիական գրականութեան առաջին վէպը, որու գլխաւոր հերոսը երեխայ է:

Բովանդակութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օլիվըր Թուիսդ՝ տղայ, որու մայրը մահացած է ծննդաբերութեան ժամանակ: Ան կը մեծնայ ծխական համայնքի մանկատան մէջ, որու միջոցները շատ խղճուկ են: Քաղցած հասակակիցները կը ստիպեն անոր հավելում խնդրել ճաշին: Այդպիսի համառութեան համար տնօրէնութիւնը կը վաճառէ անոր գերեզմանափորներուն, ուր Օլիվըրը ծաղրի կ՛ենթարկուի ենթավարպետներու կողմէ: Ենթապետի հետ կռիւէն յետոյ Օլիվըր կը փախի դէպի Լոնտոն, ուր ան կ՛ինայ Ճարպիկ խաբեբայ մականուամբ երիտասարդ գրպանահատի խումբի մէջ: Աւազակների որջը կը ղեկավարէ խորամանկ եւ նենգ հրեայ Ֆեգինը: Անոնց կը միանայ սառնասիրտ մարդասպան եւ կողոպտիչ Պիլ Սայգսը: Անոր 17 տարեկան ընկերուհին՝ Նենսին Օլիվըրի մէջ հարազատ հոգի կը տեսնէ եւ բարութիւն կը դրսեւորէ անոր հանդէպ:

Մէյլիի տունը թալանելու փորձ: Պատկերազարդում հրատարակման համար: 1894 թուական

Աւազակները կը ծրագրէին սորվեցնել Օլիվըրին գրպանահատի գործը, սակայն ձախող կողոպուտէ մը ետք տղան կը յայտնուի պարոն Պրաունլոյի տունը, որ ժամանակի ընթացքին կը սկսի կասկածիլ, որ Օլիվըրը իր ընկերոջ որդին է: Սայգսը եւ Նենսին Օլիվերին կը վերադարձնեն ընդհատակեայ հանցաւոր աշխարհ, որպէսզի ան մասնակցի կողոպուտի:

Ինչպէս կը պարզուի Ֆէյկընի ետեւ կանգնած է Մոքսը՝ Օլիվըրի խորթ եղբայրը, որ կը փորձէ զրկել անոր ժառանգութիւնէն: Հանցագործներու հերթական անհաջողութենէն ետք Օլիվերը կը յայտնուի միսս Ռոզ Մէյլի տունը, գիրքի վերջը կը պարզուի, որ ան հերոսի մորաքոյրն է: Անոնց կ՛այցելէ Նենսին եւ կը յայտնէ, որ Մոքսը եւ Ֆէյկընը չեն հրաժարուիր Օլիվըրին գողնալու կամ սպաննելու միտքէն: Այս նորութեամբ Ռոզ Մէյլին կ՛այցելէ պարոն Պրաունլոյին, որպէսզի անոր օգնութեամբ լուծէ այդ իրավիճակը: Այնուհետեւ Օլիվըրը կը վերադառնայ պարոն Պրաունլոյի քով:

Սայգսին յայտնի կը դառնայ Նենսի պարոն Պրաունլոյին կատարած այցելութիւններու մասին: Զայրոյթի մոլուցքի մէջ չարագործը կը սպաննէ աղջկան, բայց շուտով ինքն ալ կը սպաննուի: Մոքսը ստիպուած կը բանայ իր գաղտնիքը, կը հաշտուի ժառանգութեան կորուստի հետ եւ կը մեկնի Ամերիկա, ուր ան կը մահանայ բանտին մէջ: Ֆէյկընին կախաղան կը բարձրացնեն: Օլիվըրը երջանիկ կ՛ապրի իր փրկիչի՝ պարոն Պրաունլոյի տունը:

Գրական բնութագիր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Օլիվըր Թուիսդի արկածները» կը կանխագուշակէ Տիքընզի սոցեալական վեպերը անորմբվ, որ այս գիրքոն մէջ կը տրուի ամբողջ անգլիական հասարակութեան հատումը՝ լոնտոնեան արիստոկրատական առանձնատուներէն մինչեւ գաւառական մանկատունը եւ ցոյց կու տայ անոնց կապը: Քննադատութեան թիրախ կը դառնան աշխատանքային տուները եւ մանկական աշխատանքը, հանցաւոր գործունէութեան մէջ երեխաների ներգրաւման նկատմամբ կառավարութեան անտարբերութիւնը: Վէպի նախաբանին մէջ Տիքընզը կը քննադատէ հանցագործներու կեանքը վիպապաշտութեան մէջ: Ան կը գրէ.

Ֆէյկըն: Ժոզէֆ Գլարգ (1889 թուական)
Ինծի կը թուէր, որ պատկերել հանցաւոր խմբաւորման իրական անդամներու, նկարագրել անոնց ամբողջ այլանդակութեամբ, անոնց ամբողջ նոխկալիութիւնը, ցոյց տալ խեղճութիւնը, անոնց աղքատութիւնը, ցույց տալ անոնզ այնպիսին, ինչպէս կան իրական կեանքի մէջ, անոնք միշտ կը գողնան, բռնկուած անհանգստութեամբ, կեանքի ամենակեղտոտ ուղիներով եւ ուր որ ալ նային, ամենուր սեւ, սարսափելի կախաղան է անոնց առաջ, ինծի կը թուէր, որ այդ պատկերել, կը նշանակէ փորձենք ընել այն, ինչ անհրաժեշտ է, եւ որ կը ծառայէ հասարակութեան: Եւ ես դա կատարեցի իմ ուժերու սահմաններուն մէջ[1]:

- «Օլիվըր Թիւիստի արկածները» վէպի Չարլզ Տիքընզի նախաբանը:


Վէպի հրատարակութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օլիվեր վիրաւորուած է կողոպուտի ժամանակ

Ան հրատարակուած է Bentley’s Miscellany գրական ամսագիրին մէջ՝ Փետրուար 1837էն մինչեւ Մարտ 1839: Վէպը հրատարակուած է նաեւ այլ հրատարակչութեան մէջ Bentley’s Miscellany ամսագիրի հրատարակիչին հետ պայմանագրի համաձայն՝ Հոկտեմբեր 1838: 1846 թուականին վէպը տպագրուած է Տիքընզի կողմէն՝ ամսաթերթերուն մէջ , որոնք լոյս կը տենսէին Յունուար-Հոկտեմբեր ամսիներուն:

Ռուսիոյ մէջ վէպը առաջին անգամ հրատարակուած է 1841 թուականին, երբ առաջին հատուածը (գլուխ 23) յայտնուած է «Գրական թերթի» Փետրուար ամսուան 14-րդ թիւին մէջ: Գլուխը կը կոչուի «Այն մասին, թէ ինչ ազդեցութիւն կ՛ունենան թէյի դգալները սիրոյ եւ բարոյականութեան վրայ»: Վէպի առաջին ամբողջական հրատարակութիւնը Ռուսիոյ մէջ իրականացած է նոյն տարին: Վէպը հրատարակուած է անանուն առանձին գիրքով Սանկտ-Պետերբուրգի մէջ, Ա. Գորկովենկոյի թարգմանութեամբ:

Վէպի ժամանակակից թարգմանությունը Ռուսերէն լեզվով կատարվել է Եվգենի Լանի կողմից:

Յուշեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տիքընզը մահէն առաջ խոստովանեցաւ, որ չարագործներէն մէկուն հրեայ ստեղծած է, ընդ որու իրավիճակը բարդացաւ անորմով, որ այդ կերպարին ան տուաւ իր հրեայ ծանօթներուն մէկուն՝ Ֆէյկընի ազգանունը: Իր մեղքը քաւելու համար Տիքընզը իր «Մեր ընդհանուր ընկերը» վէպի հերոս դարձուց հրեայ Ռահուին, ով բարի եւ ազնիւ մարդ էր, Ֆէկընի հակապատկերը Օլիվըր վէպէն:

Թատերական բեմադրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Stone, Harry. Dickens and the Jews. Indiana University Press. Vol. 2, No. 3 (Mar, 1959): 240. JSTOR.