Jump to content

Օլիվըր Թուիսթի Արկածները

Օլիվըր Թուիսթի արկածները (Oliver Twist; or, the Parish Boy’s Progress; The Adventures of Oliver Twist) Չարլզ Տիքընզի երկրորդ, իսկ անգլիական գրականութեան առաջին վէպը, որու գլխաւոր հերոսը երեխայ է:

Բովանդակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օլիվըր Թուիսթ՝ տղայ, որու մայրը մահացած է ծննդաբերութեան ժամանակ: Ան կը մեծնայ ծխական համայնքի մանկատան մէջ, որու միջոցները շատ խեղճուկ են: Քաղցած հասակակիցները կը ստիպեն զինք յաւելում խնդրել ճաշին: Այդպիսի յամառութեան համար տնօրէնութիւնը կը վաճառէ զինք գերեզմանափորներուն, ուր Օլիվըրը ծաղրի կ'ենթարկուի ենթավարպետներու կողմէ: Ենթապետին հետ կռիւէն յետոյ, Օլիվըր կը փախի դէպի Լոնտոն, ուր կ'իյնայ Ճարպիկ խաբեբայ մականուամբ երիտասարդ գրպանահատի խումբի մէջ: Աւազակներու որջը կը ղեկավարէ խորամանկ եւ նենգ հրեայ Ֆեգինը: Անոնց կը միանայ սառնասիրտ մարդասպան եւ կողոպտիչ Պիլ Սայգսը: Անոր 17 տարեկան ընկերուհին՝ Նենսին Օլիվըրի մէջ հարազատ հոգի կը տեսնէ եւ բարութիւն կը դրսեւորէ անոր հանդէպ:

Մէյլիի տունը թալանելու փորձ: Պատկերազարդում հրատարակման համար: 1894 թուական

Աւազակները կը ծրագրէին սորվեցնել Օլիվըրին գրպանահատի գործը, սակայն ձախող կողոպուտէ մը ետք, տղան կը յայտնուի պարոն Պրաունլոյի տունը, որ ժամանակի ընթացքին կը սկսի կասկածիլ, որ Օլիվըրը իր ընկերոջ որդին է: Սայգսը եւ Նենսին Օլիվըրին կը վերադարձնեն ընդյատակեայ յանցաւոր աշխարհ, որպէսզի ան մասնակցի կողոպուտի:

Ինչպէս կը պարզուի Ֆէյկընի ետեւ կանգնած է Մոքսը՝ Օլիվըրի խորթ եղբայրը, որ կը փորձէ զրկել զինք ժառանգութենէն: Յանցագործներու հերթական անյաջողութենէն ետք Օլիվըր կը յայտնուի միսս Ռոզ Մէյլի տունը: Գիրքի վերջը կը պարզուի, որ ան հերոսի մօրաքոյրն է: Անոնց կ'այցելէ Նենսին եւ կը յայտնէ, որ Մոքսը եւ Ֆէյկընը չեն հրաժարիր Օլիվըրին գողնալու կամ սպաննելու միտքէն: Այս նորութեամբ Ռոզ Մէյլին կ'այցելէ պարոն Պրաունլոյին, որպէսզի անոր օգնութեամբ լուծէ այդ իրավիճակը: Այնուհետեւ Օլիվըրը կը վերադառնայ պարոն Պրաունլոյի քով:

Սայգսին յայտնի կը դառնայ Նենսիի պարոն Պրաունլոյին կատարած այցելութիւններու մասին: Զայրոյթի մոլուցքի մէջ չարագործը կը սպաննէ աղջկան, բայց շուտով ինքն ալ կը սպաննուի: Մոքսը ստիպուած կը բանայ իր գաղտնիքը, կը հաշտուի ժառանգութեան կորուստի հետ եւ կը մեկնի Ամերիկա, ուր ան կը մահանայ բանտին մէջ: Ֆէյկընը կախաղան կը բարձրացնեն: Օլիվըրը երջանիկ կ'ապրի իր փրկիչին՝ պարոն Պրաունլոյի տունը:

Գրական բնութագիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Օլիվըր Թուիսթի արկածները» կը կանխագուշակէ Տիքընզի սոցեալական վէպերը անով, որ այս գիրքոն մէջ կը տրուի ամբողջ անգլիական հասարակութեան հատումը՝ լոնտոնեան արիստոկրատական առանձնատուներէն մինչեւ գաւառական մանկատունը եւ ցոյց կու տայ անոնց կապը: Քննադատութեան թիրախ կը դառնան աշխատանքային տուները եւ մանկական աշխատանքը, յանցաւոր գործունէութեան մէջ երեխաներու ներգրաւման նկատմամբ կառավարութեան անտարբերութիւնը:

Վէպի նախաբանին մէջ Տիքընզը կը քննադատէ յանցագործներու կեանքը վիպապաշտութեան մէջ: Ան կը գրէ.

Ֆէյկըն: Ժոզէֆ Գլարգ (1889 թուական)
Ինծի կը թուէր, որ պատկերել յանցաւոր խմբաւորման իրական անդամները, նկարագրել զանոնք ամբողջ այլանդակութեամբ, անոնց ամբողջ նողկալիութիւնը, ցոյց տալ խեղճութիւնը, անոնց աղքատութիւնը, ցոյց տալ զանոնք այնպիսին, ինչպէս կան իրական կեանքի մէջ, անոնք միշտ կը գողնան, բռնկուած անհանգստութեամբ, կեանքի ամէնակեղտոտ ուղիներով եւ ուր որ ալ նային, ամէնուր սեւ, սարսափելի կախաղան է անոնց առջեւ. ինծի կը թուէր, որ այդ պատկերել, կը նշանակէ փորձել այն, ինչ անհրաժեշտ է, եւ որ կը ծառայէ հասարակութեան: Եւ ես դա կատարեցի իմ ուժերու սահմաններուն մէջ[1]:

- «Օլիվըր Թիւիսդի արկածները» վէպի Չարլզ Տիքընզի նախաբանը:


Վէպի հրատարակութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Օլիվըր վիրաւորուած է կողոպուտի ժամանակ

Վէպը հրատարակուած է Bentley’s Miscellany գրական ամսագիրին մէջ՝ Փետրուար 1837էն մինչեւ Մարտ 1839: Վէպը հրատարակուած է նաեւ այլ հրատարակչութեան մէջ Bentley’s Miscellany ամսագիրի հրատարակիչին հետ պայմանագրի համաձայն՝ Հոկտեմբեր 1838: 1846 թուականին վէպը տպագրուած է Տիքընզի կողմէ՝ ամսաթերթերուն մէջ , որոնք լոյս կը տենսէին Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն:

Ռուսիոյ մէջ վէպը առաջին անգամ հրատարակուած է 1841 թուականին, երբ առաջին հատուածը (գլուխ 23) յայտնուած է «Գրական թերթի» Փետրուարի 14-րդ թիւին մէջ: Գլուխը կը կոչուի «Այն մասին, թէ ինչ ազդեցութիւն կ'ունենան թէյի դգալները սիրոյ եւ բարոյականութեան վրայ»: Վէպի առաջին ամբողջական հրատարակութիւնը Ռուսիոյ մէջ իրականացած է նոյն տարին: Վէպը հրատարակուած է անանուն առանձին գիրքով Սանկտ-Պետերբուրգի մէջ, Ա. Գորկովենկոյի թարգմանութեամբ:

Վէպի ժամանակակից թարգմանութիւնը ռուսերէն լեզուով կատարուած է Եվգենի Լանի կողմէ:

Տիքընզը մահէն առաջ խոստովանեցաւ, որ չարագործներէն մէկուն հրեայ ստեղծած է, ընդ որում իրավիճակը բարդացած է անով, որ այդ կերպարին ան տուած է իր հրեայ ծանօթներէն մէկուն՝ Ֆէյկընի ազգանունը: Իր մեղքը քաւելու համար Տիքընզը իր «Մեր ընդհանուր ընկերը» վէպի հերոս դարձուց հրեայ Ռահուին, որ բարի եւ ազնիւ մարդ էր, Ֆէյկընի հակապատկերը՝ Օլիվըր վէպէն:

Թատերական բեմադրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Օլիվըր Թուիսթ՝ համր տեսերիզ, 1922 թուական
  • Օլիվըր Թուիսթ՝ դասական ցուցադրութիւն 1948 թուական, արտադրող՝ Տէյվիտ Լին
  • Օլիվըր Թուիսթ երաժշտական ժապաւեն, 1960 (Ուեսթ-Էնտ, Լոնտոն), 1962 (Պրոտուէյ), 1984 (վերահաստատում Պրոտուէյի մէջ), 1994 (վերահաստատում Ուեստթ-Էնտի մէջ), 2002 (շրջագայութիւն Աւստրալիոյ մէջ), 2003 (Տալլին), 2009 (վերահաստատում Ուեսթ-Էնտի մէջ Դեկտեմբեր 2011-էն (շրջագայութիւն Միացեալ Թագաւորութեան մէջ)
  • Օլիվըր՝ երաժշտական ժապաւէն, 1968 թուական
  • Օլիվըր Թուիսթ՝ մանկական շարժապատկեր, 1982 թուական
  • Օլիվըր Թուիսթ՝ հաղորդաշար, 1985 թուական,
  • Օլիվըր Թուիսթ՝ տեսերիզ, 1997 թուական: Արտադրող՝ Թոնի Պիլլ (ԱՄՆ)
  • Օլիվըր Թուիսթ՝ տեսերիզ, 2005 թուական: Արտադրող՝ Ռոման Բալանսկի
  • Օլիվըր Թուիսթ՝ հաղորդաշար, 2007 թուական
  • Օլիվըր Թուիսթի յիշատակը՝ վաւերագրական տեսերիզ, 2014 թուական: Արտադրող՝ Ռոնալտ Ուկլանիզմ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Stone, Harry. Dickens and the Jews. Indiana University Press. Vol. 2, No. 3 (Mar, 1959): 240. JSTOR.