Jump to content

Օզեմփիք

Սեմակլութիտի կազմութիւնը

Օզեմփիք կամ Սեմակլութիտ ասեղը կ'օգտագործուի սննդականոնի եւ մարզանքի ծրագիրներու հետ մէկտեղ[1]` վերահսկելու համար արեան շաքարի մակարդակը 2-րդ տիպի շաքարախտ ունեցող չափահասներու մօտ (պարագայ մը, երբ մարմինը բնականոն կերպով չ'օգտագործեր ինսուլինը եւ, հետեւաբար, չի կրնար վերահսկել արեան մէջ շաքարի քանակը):

Օզեմփիքը կ'օգտագործուի այն պարագային, երբ այլ դեղամիջոցներ բաւականաչափ լաւ չեն վերահսկեր շաքարի մակարդակը:

Սեմակլութիտի ներարկումը կ'օգտագործուի նաեւ ուղեղային կաթուածի, սիրտի կաթուածի կամ մահուան վտանգը նուազեցնելու համար այն չափահասներուն մօտ, որոնք 2-րդ տիպի շաքարախտ ունին` սիրտի եւ արեան անօթներու հիւանդութիւններու հետ միատեղ[2]:

Այս մէկը չ'օգտագործուիր առաջին տիպի շաքարախտի (այն պարագան, երբ մարմինը ինսուլին չ'արտադրեր եւ, հետեւաբար, չի կրնար վերահսկել արեան մէջ շաքարի քանակը) կամ diabetic ketoacidosis-ի (լուրջ պարագայ, որ կը զարգանայ, երբ արեան շաքարի մակարդակը երկար ժամանակ բարձր կը մնայ) բուժման համար:

Լուծոյթը պէտք է ըլլայ թափանցիկ, անգոյն եւ առանց մասնիկներու: Կարելի չէ զայն օգտագործել, եթէ գունաւոր է, պղտոր, թանձրացած կամ մասնիկներ կ'ընդգրկէ, կամ երբ «գրիչ»ին վրայ նշուած պիտանելիութեան ժամկէտը անցած է:

Եթէ գրիչը պահուած է սառնարանին մէջ, ներարկումէն առաջ հարկ է սպասել, որ «գրիչ»ը ջերմանայ մինչեւ սենեկային ջերմաստիճան:

Երբեք չվերօգտագործել ասեղները կամ բաժնեկցիլ զանոնք ուրիշի հետ:

Սեմակլութիտը կարելի է ներարկել թեւի վերին հատուածի, ազդրի կամ ստամոքսի շրջաններուն մէջ:

Այս ներարկուող դեղը կը պատկանի դեղատեսակներու այն խումբին, որ կը կոչուի incretin mimetics (ինքրեթինի միմոսականներ): Այս խումբը կը գործէ` օգնելով շարոյրին (pancreas) արձակելու ինսուլինի ճշգրիտ քանակութիւնը, երբ արեան շաքարի մակարդակը բարձր է: Ինսուլինը կ'օգնէ շաքարը արիւնէն տեղափոխելու մարմինի այլ հիւսուածքներ, ուր կ'օգտագործուի ներուժ ստանալու համար:

Սեմակլութիտի ներարկումը ունի նաեւ աշխատելու մէկ այլ մեքանիզմ: Ան ստամոքսի մէջ ուտելիքի շարժումը կը դանդաղեցնէ եւ կրնայ նուազեցնել ախորժակը ու յառաջացնել ծանրութեան կորուստ:

Օգտագործման քանակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեմակլութիտի ներարկումը` որպէս լուծոյթ (հեղուկ), առկայ է դեղարաններէ ներս: Այդ մէկը նախապէս լեցուած կ'ըլլայ դեղաչափի «գրիչ»ի մը մէջ` ենթամաշկային ներարկման համար (մաշկի տակ): Սովորաբար ան կը ներարկուի շաբաթական մէկ անգամ` անկախ կերակուրի չափաբաժիններէն: Զայն պէտք է օգտագործել ամէն շաբաթ նոյն օրը, օրուան որեւէ մէկ ժամուն: Կարելի է փոխել շաբթուան օրը, երբ օգտագործումէն անցած է 2 կամ աւելի օր (48 կամ աւելի ժամ):

Կողմնակի ազդեցութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեմակլութիտի ներարկումը կրնայ յառաջացնել կողմնակի բարդութիւններ, ինչպէս՝

  • Սրտխառնոց եւ փսխունք: Շարունակական սուր ցաւ, որ կը սկսի ստամոքսի վերին ձախէն կամ մէջտեղէն եւ կը տարածուի դէպի մէջք` փսխունքի հետ մէկտեղ կամ առանց անոր,
  • փորհարութիւն, փորի ցաւ եւ պնդութիւն,
  • թթուածութիւն եւ անընդհատ կռթալ,
  • ցան, քերուըտուք, ուռեցք աչքերու, դէմքի, բերանի, լեզուի կամ կոկորդի,
  • միզելու նուազ յաճախականութիւն եւ ոտքերու կամ բումբերու ուռեցք,
  • տեսողութեան փոփոխութիւններ,
  • ուշաթափութիւն (fainting) կամ գլխապտոյտ,
  • մաշկի կամ աչքերու դեղնութիւն,
  • տաքութիւն,
  • կաւի գոյն կղանք,
  • սիրտի արագ բաբախում,
  • գլխապտոյտ, քրտնարտադրութիւն, շփոթութիւն կամ քնկոտութիւն, գլխացաւ, մշուշոտ տեսողութիւն, զառանցում, դող, անհանգստութիւն կամ դիւրագրգռութիւն, տրամադրութեան փոփոխութիւններ, քաղց, թուլութիւն կամ տագնապի զգացում,
  • շնչառութեան կամ կուլ տալու դժուարութիւն[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]