Քնարա-պատմողական տեսակներ
Արտաքին տեսք
Քնարա-պատմողական տեսակներ, գոյութիւն ունին գրական սեռի տեսակներ, որոնք կը պատկանին քնարական եւ պատմողական սեռերուն հաւասարապէս։ Այս տեսակներէն են՝ առակը, աւանդավէպ-քերթուածը (պալլատը), երկարաշունչ դիւցազնավէպ-քերուածը (պոէմ), եւն։
Ինչպէս զուտ քնառականները, այս տեսակները եւս շատ փոփոխուած են հնադարէն ասդին։
Մինչ առակը բաւական կայուն ձեւ ունի յոյն Եզովբոսէն մինչեւ ֆրանսացի լաֆոնթէնը, եւ Վարդան Այգեկցիէն մինչեւ նշան Պէշիկթաշլեան, պալլատը նորանոր ձեւեր ստացած է շնորհիւ ռուս Պուշկինի, անգլիացի Օ. ուլայտի Յ. Թումանեանի եւ Չարենցի գրիչներուն։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 215: