Jump to content

Փոխադրամիջոց

Փոխադրամիջոցը մարդկանց կամ բեռի տեղի փոխադրման միջոցն է:

  • 5000 թուականին նախքան Քրիստոս, միակ փոխադրամիջոցը անասուններն էին. Եզներն ու էշերը կ՛օգտագործուէին փոխադրութեան համար:
  • 3500 թուականին նախքան Քրիստոս, Եգիպտացիները կը հնարեն առաջին առագաստանաւը: Մինչ այդ, մարդիկ կը թիավարէին փոքրիկ լաստերով:

Նոյն ժամանակաշրջանին, Միջագետքի մէջ՝ ներկայիս Իրաք, անիւով փոխադրակառքեր կը հնարուին: Բայց անիւները ծանր փայտէ էին, իսկ ճամբաները անտանելի:

Գնացք Երասխ Գիւղի մէջ, Հայաստան
  • 800 թուականին Վայքինկները իրենց նաւերով արդէն ծովերու վրայ լուրջ ուժ կը ներկայացնէին:
  • 1000 թուականին մագնիսական կողմնացոյցը օստագործելով, Չինացիները կրնային երկար հեռաւորութիւններ կտրել, իրենց յատուկ նաւերով:
  • 1450ականներուն Փորթուկալցիները կը հնարեն կողմնացոյցով առաջնորդուող աւելի արագ նաւեր:
  • 1660ականներուն ձիերով քշուող կառքերը սկսան տարածում գտնել ֆրանսայի մէջ: Անոնք յատուկ կանգառներ ունեցան, ուր թէ ձիերը կը հանգչէին կամ կը փոխանակուէին եւ թէ՛ յաճախորդները կ՛իջնէին կամ կառք կը բարձրանային:
  • 1730-ին ուղեկարգերը սկսան աշխատիլ Միացեալ Նահանգներուն մէջ:
  • 1769-ին հնարուեցաւ առաջին յաջող շոգեմեքենան:
  • 1783-ին արձակուեցաւ առաջին օդապարիկը:
  • 1807-ին հնարուեցաւ շոգենաւը:
  • 1830-ին սկսաւ գործել քաղաքէ քաղաք ճամբորդ փոխադրող առաջին շոգեմեքենան, որ ժամական 24 մղոն կը ճամբորդէր:
  • 1893-ին հնարուեցաւ հեծիքը:
  • 1862-ին կը հնարուի առաջին ինքնաշարժը:
  • 1969-ին միջ-ցամաքային երկաթուղին կը բացուի:
  • 1887-ին ելեկտրական երկաթուղին կը սկսի գործել Ամերիկայի Վիրճինիա նահանգին մէջ:
  • 1897-ին Ամերիկան կ՛ունենայ իր գետնուղին subway նախ Պոսթընի մէջ, ապա Նիւ Եորքի:
  • 1903-ին Ռայթ եղբայրները կը հնարեն առաջին մեքենան, որ ոդէն ծանր ըլլալով հանդերձ, կրնար թռչիլ:
  • 1908-ին կը հնարուի հանրային փոխադրութեան ծառայող ինքնաշարժը:
  • 1939-ին կը հնարուին ուղղաթիռն ու օդանաւը:
  • 1969-ին Աբօլո 11-ի անձնակազմը ոտք դրաւ լուսնին վրայ:
  • 1994-ին շոգեկառքեր անցան Անգլիական channel tunnel-էն:
  • 2007-ին, կազով կամ բարդերով գործող հայպըրտ ինքնաշարժները ընդհանրացան:
  • 2010-ին Չինաստան յայտարարեց, թէ իր կապար շոգեկառքը ունի աւելի քան 300 mph արագութիւն: