Jump to content

Փաք-Մեն` Համակարգչային-Խաղ

Փաք-Մեն` Համակարգչային Խաղ[1]:

Կլոր եւ դեղին կերպար մը՝ ստեղծուած 1980-ին, առաջին հերթին` Ճափոնի մէջ, ապա հասած Միացեալ Նահանգներ, երբ մարդիկ տակաւին չէին կրնար շատ խրթին կերպարներ գծել համակարգիչին վրայ[2]:

Խաղին օրէնքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փաք-Մեն բանտարկուած է լաբիւրինթոսի մը մէջ: Անոր նպատակն է ուտել իր ճամբուն վրայ գտնուող բոլոր ճերմակ գնդիկները:

Ուշադրութիւն պէտք է ընել ոգիներուն. անոնք յատկապէս պէտք չէ դպչին Փաք-Մենին, այլապէս ան կը կորսնցնէ: Այդ «Էակները» ոչնչացնելու համար Փաք-Մեն կրնայ կլլել յատուկ գնդիկներ, որոնք զայն ոգիներուն կողմէ անտեսանելի կը դարձնեն: Հետեւաբար ան կրնայ դիւրութեամբ «ուտել» իր թշնամիները:

Առաւելագոյն չափով թիւեր հաւաքելու համար Փաք-Մեն կրնայ իր ճամբուն վրայ պտուղներ հաւաքել: Որքան խաղի իր մակարդակը բարձր ըլլայ, այդքան այդ ուտելիքները կարեւոր կ'ըլլան: Օրինակի համար, առաջին մակարդակին, ան կրնայ գտնել կեռասներ, որոնք իրեն պիտի ապահովեն 100 կէտ: Ելակ, նարինջ, խնձոր, սեխ, եւ այլն: Իւրաքանչիւր մակարդակի տարբեր պտուղներու տեսակներ կ'աւելնան: Իսկ 13-րդ մակարդակէն ետք այլեւս պտուղներ պէտք չէ հաւաքել, այլ` բանալիներ: Իւրաքանչիւր հաւաքուած բանալի 5000 կէտ կ'աւելցնէ:

Լաբիւրինթոսին մէջ գոյութիւն ունին 4 ոգիներ:

Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ բնաւորութիւն:

  • Կարմիր ոգին Պլինքին է, իսկ անոր ծածկանունը «Շատոու» է, «շուք»: Ան դեղին հերոսին կը հետեւի անոր շուքին պէս եւ չի վարանիր ուղղակիօրէն վրան յարձակելու:
  • Փինքին, վարդագոյն ոգին է, եւ` խաղին միակ իգական կերպարը: Ան ամէնէն խելացի կերպարն է, որովհետեւ կը փորձէ նախատեսել այն վայրերը, ուր Փաք-Մեն կրնայ ուղղուիլ եւ ան ամէն ինչ կ'ընէ դեղին հերոսը բերելու լաբիւրինթոսին մէկ անկիւնը, ուրկէ ան չի կրնար խուսափիլ:
  • Կապոյտ ոգին կը կոչուի Ինքի, ան ամէնէն սպառնալի կերպարը չէ: Խաղացողները զինք «Պաշֆուլ»` «ամչկոտ» կ'անուանեն: Երբեմն իր թիրախէն հակառակ ուղղութեամբ կ'երթայ:
  • Չորրորդ Քլայտն է, ան նարնջագոյն է: Ան իր ուզած տեղը կ'երթայ… երբեմն դէպի Փաք-Մեն, եւ յաջորդ վայրկեան, յանկարծ հակառակ ուղղութեամբ:

Պատկերասփիւռի պաստառներուն վրայ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փաք-Մեն 1980-ական թուականներու գլխաւոր հերոսը 2010 թուականներուն կը վերադառնայ պատկերասփիւռի պաստառներուն վրայ: Այս դեղին գունդը կը վերածուի իսկական հերոսի մը. աչքեր, քիթ, բերան, ձեռքեր, ոտքեր` փոքրիկներուն աւելի համակրելի դառնալու համար: Շարժուն պատկերներուն մէջ անոր լաբիւրինթոսը դարձած է դպրոց, ուր ան ընկերներու կը ծանօթանայ` Սփայրըլ եւ Սինլինտրիա: Եւ երբ դպրոցին վրայ ոգիներ կը յարձակին, ան առանց վարանելու` կ՛ուղղուի բոլորը պաշտպանելու:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]