Մարզիկի պապը՝ Բոլեսլաւ Տիպալան, ազգութեամբ լեհ էր՝ Լեհաստանի Կրաշնիով քաղաքէն[12], իսկ արիւնակից բարեկամներէն ոմանք ունին իտալական արմատներ[13]. մօրական մեծ հայրիկը ծնած է էր Իտալիոյ Նեապօլ մարզին մէջ։
Տիպալան գործի ասպարէզը սկսած է տեղական «Նիւէլլ Օլդ Բոյզ Լագունա-Լարգա» ակումբի մանկական խումբին մէջ։ Տասը տարեկանին ան կը տեղափոխուի արժանթինական երկրորդ շարքին մէջ հանդէս եկող «Հիմնարկային» պատանեկան ակումբը։ Տասնհինգ տարեկանին Փաուլոն հօրմէ կը զրկուի ֆութպոլ խաղալ, որմէ ետք ան վերջնականապէս կը որոշէ դառնալ մասնագիտական ֆութպոլիստ։
2011 թուական Օգոստոս 12-ին Տիպալան կը մասնակցի «Ուրական» ակումբին դէմ «Հիմնարկային» խաղին` խաղալով որպէս կիսապաշտպան[14]։ Մէկ շաբաթ ետք «Ալդոսիւի» ակումբին դէմ խաղին ան կը հարուածէ իր առաջին կոլը[15]։
7 ամիս խաղալով «Հիմնարկային» կազմին մէջ Տիպալան կը դառնայ երկու հեթ թրիքի հեղինակ` Պուէնոս Այրէզի «Ատլանտա»[16] եւ «Դեսամպարադոս» ակումբներու դէմ խաղերուն[17], ընդհանուր առմամբ դառնալով 17 կոլի հեղինակ[18][19]։ Անկէ ետք Տիպալան կը սկսին համեմատել Արժանթինցի ֆութպոլիստ Տիէկօ Մարատոնայի հետ[20]։
Փաուլոն կը գերազանցէ Մարիօ Կեմպէզի` 1972 թուականի մրցանիշը, 17 տարեկանին դառնալով ամենաերիտասարդ ռմբարկուն, ինչպէս նաեւ հակառակորդի դարպասին հարուածած է 7 խաղ անընդմէջ։ Մինչ այդ մաքսիմալ կոլային սէրիան եղած էր 4 մատչ[21]։ Միայն առաջնութեան 40 խաղերուն Տիպալան դարձած էր 17 կոլի հեղինակ[19][22]։
Արժանթինի առաջնութեան մէջ «Հիմնարկ» ակումբին կազմին մէջ Տիպալան դարձած է 1000-րդ կոլի հեղինակը։
2012 թուական Ապրիլ 29-ին իտալական «Փալերմօ» ակումբի նախագահ Մաուրիցիօ Ձամպարինին կը հայտարարէ Փաուլոյի հետ պայմանագրի կնքման մասին։ Նոյն օրը այդ տեղեկութիւնը հերքուած է «Հիմնարկ» ակումբի ներկայացուցիչներու կողմէ։
Հուլիս 20-ին Տիպալան կը կնքէ 4-ամեայ պայմանագիր սիցիլիական ակումբին հետ[23]։ Սեպտեմբեր 2-ին А սերիայի՝ «Լացիո» ակումբին դէմ խաղին Փաուլոն կը նշէ իր նորամուտը[24]։ Նոյեմբեր 11-ին «Սամպդորիայի» դէմ խաղին Տիպալան կը դառնայ կրկնապատիկի հեղինակ` այդ ակումբին մէջ հարուածելով իր առաջին կոլերը։ Ան կը դառնայ ամենաերիտասարդ ֆութպոլիստը, որ «Փալերմօ» կազմին մէջ կոլի հեղինակ դարձած է[25]։
2014 թուական Հոկտեմբեր 30-ին Փաուլօ Տիպալան կը դառնայ 57-րդը՝ Եւրոպայի 21 տարեկանէն ցած լաւագոյն ֆութպոլիստներու ցուցակին մէջ[26]։ Նոյն թուականի Դեկտեմբերին Ձամպարինին հայտարարած էր, որ Տիպալան կը գերազանցէ Ռոնալտոյին, Մեսսիին եւ Իպրահիմովիչին[27]։
2015 թուական Յունիս 4-ին Փաուլոն կը տեղափոխուի «Ժուվենթուս», որու հետ կը ստորագրէ 5-ամեայ պայմանագիր։ Փոխանցման գումարը կազմած էր € 32 միլիոն[34]։ Այն պարագային, երբ նոյն տարուայ Մարտին Արսենալը պատրաստ էր Տիպալայի համար վճառել € 40 միլիոն[35]։ Փաուլոն յայտնած էր, որ 40 միլիոն շատ է իր համար[36]։
Տիպալան Փալմերոյի կազմին մէջ 2015 թուականին
Օգոստոս 8-ին Ֆութպոլի Իտալիոյ Սուբըրբաժակին մէջ` Հռոմի «Լացիո» ակումբին դէմ խաղին ան կը փոխարինուի Քինգսլի Կոմանին[37]։ Խաղին ընթացքին Փաուլոն «Ժուվենթուսի» կազմին մէջ կը հարուածէ իր առաջին Ժուվենթուսեան կոլը։ «Ժուվենթուսը» 7-րդ անգամ դարձաւ Իտալիոյ Սուբըրբաժակակիր, որ մրցաշարի պատմութեան մէջ լաւագոյն ցուցանիշն է[38]։ «Միլանը» այդ կոչման արժանացած էր 6 անգամ[39]։ Յաղթանակէն ետք Տիպալան յայտնած էր, որ բոլոր մրցաշարերուն յաղթելու նպատակ ունի, նշելով, որ պէտք է արդարացնի մարզչական անձնակազմի սպասելիքները` յաղթանակը նուիրելով ընտանիքին եւ սիրելիին[40]։ Խաղը կ՛աւարտի 2-0 հաշիւով. առաջին կոլը 69-րդ վարկեանին կը հարուածէ Մարիօ Մանջուկիչը, իսկ երկրորդը՝ 73-րդ վարկեանին՝ Տինալան[41]։
Ժուվենթուսի մէջ Տիպալայի նորամուտը Օգոստոս 23-ին «Ուդինեզէի» դէմ խաղին էր (Իտալիոյ 2015-16 թուականի առաջնութիւն)[42]։ Օգոստոս 30-ին «Ռոմա» ակումբին դէմ խաղին Տիպալան կը հարուածէ А սերիոյ Ժուվենթուսեան իր առաջին կոլը[43], յաջորդ անգամ աչքի ինալով «Կիեւոյի» դէմ խաղին[44][45]։
Դեկտեմբերի խաղերէն մէկուն ժամանակ, երբ Ալուարօ Մորատան չի արդարացներ խումբին սպասելիքները, Տիպալան քաջալերանքի խօսքով հանդէս կ՛ուգայ` ըսելով, որ ան բարձրակարագ յարձակող է, եւ երբ կը գտնուի խաղադաշտին մէջ, որ աւելի կեդրոնացած կը խաղար[46]։ Միաժամանակ խումբին թոյլ մեկնարկի համար մարզիկը նշած էր, որ ակումբին մէջ լուրջ փոփոխութիւններ եղած են, բայց իրենք կ՛աշխատին արդարացնել մարզիչին սպասելիքները[47]։
Հերթական խաղէն ետք «Պարսելոնայի» յարձակող դիրքը խաղացող Լիոնել Մեսսին նշած էր, որ առաջիկայ տարիներուն Տիպալայի մասին դեռ շատ պիտի խօսին. այդ պահու դրութեամբ քանի մը ամիսէն մասնակցելով Ժուվենթուսի կազմին՝ 21-ամեայ Տիպալան 9 խաղերու մէջ դարձած էր 4 կոլի հեղինակ[48]։ Մինչ այդ՝ դեռ «Փալերմօ» ակումբի կազմին մէջ Տիպալան յայտնած էր, որ իր երազանքն է Մեսսիի հետ խաղալը[49][50]՝ նշելով, որ ուրախ կ՛ըլլայ Մեսսիին գոնէ քիչ մը նմանելու համար[51]։
2016 թուականին կը սկսի Փաուլօ Տիպալային յաղթանակները. Յունուար 6-ին տեղի ունեցած «Ժուվենթուս»-«Վերոնա» խաղը կ՛աւարտէ 3-0 հաշիւով. կոլերէն մէկը կը հարուածէ Տիպալան[52][53]։ Յունուար 17-ին «Ժուվենթուս»-«Ուդինեզէ» խաղին Տիպալան կը դառնայ չորս կոլերէն առաջինին ու երրորդին հեղինակը` հարուածելով 15-րդ եւ 26-րդ վարկեաններուն[54]։ Յունուար 24-ին «Ժուվենթուս»-«Ռոմա» խաղը կ՛աւարտէ 1-0 հաշիւով. կոլին հեղինակը կը դառնայ Փաուլօ Տիպալան[55]։
2016 թուական Փետրուար 23-ին Յաղթականներու Լիկայի 1/18-րդ փուլի շրջանակներուն մասնակցած Միւնխէնի«Պաւարիոյ» դէմ տնային խաղին 62-րդ վարկեանին Տիպալան խաղին հաշիւը կրճատեց դարձնելով 2-1։ Խաղը աւարտեցաւ ոչ ոքի՝ 2-2 արդիւնքով[56]։ Մարտ 16-ին կայանալիք պատասխան խաղին մարզիկը արտահայտած է իր խումբին պատրաստակամութիւնը՝ այն յաղթական աւարտելու կապակցութեամբ[57]։
Մարտ 11-ին Փաուլօ Տիպալան 28-րդ անգամ կը մասնակցի A սերիոյ առաջնութեան` «Ժուվենթուսի» կազմին մէջ եւ կը դառնայ իր 14-րդ կոլի հեղինակը. ակումբը սեփական դաշտին մէջ«Սասսուոլոյին» յաղթեց 1-0 հաշիւով[58]։
Մարտին Տիպալան կը ստանայ մարմնական վնասուածք` ոտքի շրջանին, որուն պատճառով քանի մը հանդիպումներու չի մասնակցիր, այդ թիւին` «Ժուվենթուս»-«Պաւարիա» խաղը։ Վերադարձէն ետք անմիջապէս երկրորդ հանդիպման ժամանակ («Ժուվենթուս»-«Լացիո») ֆութպոլիստը երկու անգամ կը գրաւէ մրցակցի դարպասը. խաղը կ՛աւարտի 3-0 հաշիւով[59]։
2015-16 թուականներուն Իտալիոյ А սերիոյ առաջնութեան մէջ, երկրի բաժակի խաղարկութեան մէջ ու այլ մրցաշրջաններուն Փաուլօ Տիպալան կը մասնակցի 45 խաղերու ու կը հարուածէ 23 կոլ. այն բաւական բարձր արդիւնք է, քանի որ 2012-2015 թուականներուն, խաղալով «Փալերմոյի» կազմին մէջ, Տիպալան մասնակցած էր 93 խաղերու ու հարուածած 21 կոլ։ Մրցաշրջաններու աւարտէն ետք՝ Մայիս 23-ին, Սպանիոյ «Պարսելոնան» «Ժուվենթուսին» կ՛առաջարկէ Տիպալային գնել 90 միլիոն Իւրոյով, սակայն Թուրինի ակումբը կը մերժէ[60]։
2014 թուական Նոյեմբեր 27-ին Տիպալան հայտարարած էր, որ եթէ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Կոնտէն իրեն հրաւէրէ ազգային հաւաքական, ապա ինքը կը մտածէ այդ ուղղութեամբ[61]։ Դեկտեմբեր 6-ին, երբ Կոնտեն Տիպալային կը հրաւիրէ խաղալ Իտալիոյ հաւաքականին մէջ, ան կը մերժէ՝ գերակայութիւն տալով Արժանթինի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին[62]։ Որոշ ժամանակ ետք զայն կը հրաւիրեն Արժանթինի հաւաքական[63], երբ Տիպալան կը խաղար «Փալերմօ» կազմին մէջ։
Արժանթինի հաւաքականի կազմին մէջ Տիպալայի նորամուտը 2015 թուական Հոկտեմբեր 14-ին էր, երբ 2018 թուականի ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան որակաւորման խաղերու շրջանակներուն տեղի կ՛ունենար Պարագուայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի դէմ խաղը։ Մարզիկը երկրորդ խաղակէսին գնդակը լաւագոյն վիճակով եւ մասնագիտապէս կը փոխարինէ Գառլոս Դեւէզին[64]։ Fourfourtwo-ի` Տիպալային Դեւէզին հետ համեմատելուն ի պատասխան` Փաուլոն պատասխանած էր, որ Դեւէզը մեծագոյն ֆութպոլիստ է, որ շատ բարձունքներու հասած է իբրեւ մասնագիտացած ֆութպոլիստ, բայց համեմատելուն պէտք չէ շտապել, պէտք է սպասել մրցաշրջանի աւարտին[65]։
Փաուլօ Տիպալան կը բնութագրուի որպէս արագ, աշխուժ մարզիկ, որ ունի մասնագիտական մեծ հնարաւորութիւններ ու առաւելութիւններ[9][66][67][68][69]։ Տիպալան յայտնի է անցնագործութեան իր հնարաւորութիւններով եւ կարճ տարածութիւններու մէջ ճշգրիտ կողմնորոշմամբ[69], ինչպէս նաեւ գնդակին տիրելու եւ դարպասը գնդակէն պաշտպանելու կարողութեամբ[70]։ Մարզիկը՝ իր ունակութիւններով ու գնդակի ղեկավարման շնորհիւ կրնայ մեծաքանակ յարձակումներու ու կոլերու հեղինակ դառնալ[70], ինչպէս նաեւ իրականացնել լաւ անկիւնային հարուածներ։ Կը որակաւորուի որպէս աշխատասէր Ֆութպոլիստ, որ կրնայ մեծ ներդրում ունենալ խմբային աշխատանքներուն մէջ[70]։
Հարուածի ճշգրտութեան ունակութիւնը չի սահմանափակուիր ճկունութեամբ. կտրուկ գլխի հարուածներ ալ հզօրութեամբ կրնայ իրագործել եւ հարուածել հիանալի կոլեր[69][70]։ Որպէս լաւ յարձակող՝ ան կրնայ խաղալ մարզադաշտի ցանկացած հատուածին մէջ՝ նաեւ հանդէս գալով որպէս կիսապաշտպան, խաղալ դաշտին աջ մասը՝ հարուածելով աւելի ուժեղ՝ ձախ ոտքով[69]։
2015 թուական Դեկտեմբեր 4-ին «Fourfourtwo»-ն հրապարակած էր 24 Ֆութպոլիստներու ցանկ, որոնք դուրս մնացին 2015 թուականի աշխարհի լաւագոյն 100-էն։ Անոր մէջ հայ կիսապաշտպան, «Տորդմունտ Պորուսիա» Ֆութպոլային ակումբի մարզիկ Հենրի Մխիթարեանը 2-րդ, իսկ Փաուլօ Տիպալան 7-րդ հորիզոնականին մէջն էր[71]։