Jump to content

Ասունսիոն

Քաղաք
Ասունսիոն
սպ.՝ Nuestra Señora Santa María de la Asunción
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Փարակուէյ[1]
Օրէնսդրական մարմին Municipal Board of Asuncion?
Հիմնադրուած է՝ 1537
Տարածութիւն 117 քմ²
ԲԾՄ 43±1 մեթր
Բնակչութիւն 462 241 մարդ (2022)[2]
Խտութիւն 4,377 մարդ/քմ²
Ագլոմերացիա 1,639,000
Կը գտնուի ափին Պարագվայ?
Տեղաբնականուն ասունսյոնցի
Ժամային գօտի UTC-4, ամառը UTC-3
Հեռախօսային ցուցանիշ 021
Փոստային ցուցանիշ 1001–1925
Անուանուած է Աստուածածնի վերափոխման տօն
Պաշտօնական կայքէջ asuncion.gov.py

Ասունսիոն (սպ.՝ Asunción, ամբողջական պաշտօնական անուանումը՝ Nuestra Señora Santa Marva de la Asunción, կուար.՝ Paraguay), Փարակուէյի մայրաքաղաքը, երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեդրոն։ Բնակչութիւնը՝ 462 241 մարդ (2022)[2]։

Ասունսիոնը Փարակուէյի ամէնամեծ քաղաքն է եւ Հարաւային Ամերիկայի հնագոյն քաղաքներէն մէկն է, որ հիմնադրուած է 1537 թուականին: Ասունսիոնը նաեւ աշխարհի ամէնացած ապրելու արժէք ունեցող մայրաքաղաքներէն մէկն է: Քաղաքի տարածքը 117 քառակուսի քիլոմեթր է եւ կը համարուի անկախ մեթրոբոլիայի տարածք, որ չի մտներ որեւէ թաղամասի մէջ։ Կը գտնուի Ասունսիոն ծոցի երկայնքով, Փարակուէյ գետի ձախ ափին՝ Պելկոմայօ գետի հետ միախառնումի մօտ։

2010 թուականին, ըստ Վիճակագրութեան, հարցումներու եւ մարդահամարի գլխաւոր տնօրէնութեան (DGEEC), ունէր 544,309 բնակչութիւն, ինչ որ զինք կը դարձնէ ամէնամեծ եւ ամէնաբնակեցուածը Փարակուէյի մէջ, կը համարուի Հարաւային Ամերիկայի ամէնէն ապահով քաղաքը:

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ասունսիոն կը գտնուի Փարակուէյ գետի ձախ (արեւելք) կողմը, դէպի Ասունսիոն ծովածոց։ Ռոկէ Մարիանօ Ալոնսոյի քաղաքային սահմաններէն հիւսիս-արեւելք, արեւելեան կողմը կը գտնուին Լոկեն եւ Ֆերնանտո տէ լա Մորան, իսկ Հարաւը՝ Վիլլա Էլիսա Ամբարին:

Քաղաքի տեղագրութիւնն անկանոն է՝ կապուած եօթ բլուրներու առկայութեան հետ: Քաղաքի ամէնաբարձր բլուրն է Վիրջին Իմբարի բլուրը, որ ունի 156 մ բարձրութիւն[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]