Jump to content

Ցատկելուս պատճառը

«Ցատկելուս պատճառը», 13 տարեկան ինքնափակ տղու մը ներքին ձայնը (անգլ․՝ The Reason I Jump: One Boy's Voice from the Silence of Autism - Ճափոներէն՝ 自閉症の僕が跳びはねる理由~会話のできない中学生がつづる内なる心~), Նաոքի Հիկաշիտայի, ճափոնացի ինքնափակ անձի մը, վերագրուած կենսագրութիւն է։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է 2007-ին, Ճափոն։ ԱՆգլերէնի թարգմանութիւնը կատարած են Քէյքօ Եոշիտա եւ անոր ամուսինը՝ անգլիացի հեղինակ Տէյվիտ Միչել, եւ հրատարակուած է 2013-ին։ Գիրքը «Թը Նիու Եորք Թայմս թերթին շաբաթօրեայ ցուցակ»էն (The New York Times bestseller), ինչպէս նաեւ «Թը Սանտէյ Թայմս» (The Sunday Times) թերթէն համարուած է ամենալաւ ոչ գրական վաճարուած գիրքը Միացեալ Թագաւորութեան տարածքին։ Թարգմանուած է 30 լեզուներու։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիկոշիտա երբ 5 տարեկան էր ախտաճանաչուած էր ինքնափակութեամբ (ASD) եւ ունէր հաղորդակցութեան սահմանափակ կարողութիւններ։ Մօրը օգնութեամբ կ՛ենթադրուի թէ ան գրած է աս գիրքը գործածելով մեթոտաբանութիւն մը զոր ինք «մատներով դիւրացնող գրութիւն» կ՛անուանէ (facilitated finger writing), ծանօթ նաեւ որպէս «դիւրացնող հաղորդակցութիւն» (Facilitated communication (FC)) [1]։

Գիրքը հեղինակին՝ Հիկաշիտային, յիշատակագիրն է թէ ինչպէս ան հաղորդակցիլ սորվեցաւ գործածելով «դիւրացնող հաղորդակցութիւն» (Facilitated communication (FC)) եւ «արագ փութկոթութեան կերպ» (rapid prompting method (RPM)) գիտականօրէն պաշտօնապէս չճանչցուած (հաւատք չընծայող) հմտութիւններ։

Եոշիտա եւ Միչել, որոնց զաւակը ախտաճանաչուած է ինքնափակումի խանգարումով, գրած են գիրքին անգլերէնի թարգմանութեան նախաբանը։

Յիշատակագրութեան մեծ մասը կը պարունակէ 58 հարցումներու ընդմէջէն Հիկոշիտայի եւ ուրիշ ինքնափակ անձերու կողմէն պատմուածներ, ինչպէս նաեւ ցիրուցան կարճ արձակ հատուածներ։ Այս հատուածները ըլլա՛յ Հիկաշիտայի յիշողութիւններն են որ կը բաժնէ, ըլլա՛յ պատկերաւոր պատմութիւններ որոնք կը վերաբերին յիշատակագրութեան տեւողութեան արծարծուած նիւթերուն։

Հիկոշիտային յիշատակագրութիւններէն բաժիններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Երբ կը ցատկեմ, կարծես թէ զգացումներս դէպի երկինք կը բարձրանան։ Իսկապէս երկնքին մէջ ընկլուզուելու մարմաջը բաւական է որպէսզի սիրտս տրոփէ։ Երբ կը ցատկեմ, մարմնիս մասերը լաւ մը կը զգամ, նոյնպէս մարմնիս կապուած ոտքերս եւ ծափող ձեռքերս... ինքզինքս ինչքան լաւ կը զգամ։»

«Վերջապէս, վերջապէս կը հանգստանամ եւ ինքզինքս կը վերագտնեմ։ Այդ պահուն ցունամիանման յարձակումէն որեւէ հետք չեմ տեսներ մէջս, միակ բանը որ կը տեսնեմ՝ շուրջս իմ ձեռքովս ստեղծուած աւերակներն են։ Եւ երբ ատիկա տեսնեմ, ինքզինքս կ՚ատեմ։ Կ՚ատեմ ինքզինքս... այդքա՛ն»։

«Իրական կարեկցութիւնը ուրիշին արժանապատուութիւնը չճզմելն է. այդ է առնուազն իմ կարծիքս։ Ամենալաւ հակազդեցութիւնը մեր սխալներուն նոյնը պիտի չըլլայ անձէ անձ, պիտի փոխուի անոր տարիքին համաձայն, սակայն մէկ բան յիշեցէք․ - ինքնափակումէ տառապող մարդոց համար՝ դժուար է արդէն իսկ ապրիլ այդ ցաւին հետ որ անկարող ենք ընելու ինչ որ պիտի ուզէինք ընել։ Մեր սխալներուն դիմաց ուրիշներու հակազդեցութենէն ստեղծուող ցաւը կրնայ կոտրել մեր սիրտը»։

Պատշաճեցումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Թատերաբեմի վերածուեցաւ Սկովտիայի Ազգային Թատրոնին կողմէ 2018-ին [2]։
  • Վաւերագրութեան վերածուած ներկայացուեցաւ 2020-ին «Սանտանս Ժապաւէնի Փառատօն»ին (2020 Sundance Film Festival) եւ ստացաւ դրական գրադատողութիւններ [3], [4]։

7 անգամ գետին ինկած 8 անգամ ոտքի կանգնած

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«7 անգամ գետին ինկած 8 անգամ ոտքի կանգնած՝ ինքնափակ տղու մը ներքին ձայնը»․ Հիկաշիտային կողմէ 2015-ին գրուած է եւ «Ցատկելուս պատճառը» գիրքին շարունակութիւնն է։

[5], [6], [7], [8], [9], [10], [11]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]