Տ . Գարեգին քհնյ. Քիրազեան
Տ. Գարեգին քհնյ. Քիրազեան (աւազանի անունով՝ Նազարէթ Քիրազեան, ծնած է 1923, Հալէպ ), այնթապցի քահանայ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զաւակն էր այնթապցի ծանօթ լուսարար աւագ սարկաւագ Նազար Քիրազեանի եւ այնթապցի Երանուհի Քիրազեանի, որ քոյրն է
Լոնտոնաբնակ փրօֆ. Սարգիս Չ. Թօփալեանի:
Ծնած է Հալէպ ,1923 –ին: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Կիլիկեան եւ ապա Այնթապի Կրթասիրաց Վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ կը դառնայ 1938-ին:
Նկատի ունենալով որ Աւագ Սարկաւագի զաւակ էր եւ տան մթնոլորտը միշտ կրօնական էր, փոքր տարիքէն անոր մէջ սէր կ'արթննայ եկեղեցւոյ նկատմամբ:
Քահանայական Կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախակրթարանը աւարտելէ ետք, ան կը մեկնի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ուսանելու, սակայն երկու տարի վերջ արկածի մը հետեւանքով, կը հիւանդանայ եւ մահուընէ ազատելով, բժիշկներու հրահանգով կը ձգէ Դպրեվանքը: Այս միջոցին եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սէրը վառ կը մնայ իր մէջ, որուն իբր հետեւանք ինը տարիներ Հալէպի եւ Թրիփօլիի մէջ կ'աշխատի որպէս ուսուցիչ- դպրապետ: Նաեւ, որպէս շրջանաւարտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներէն, երկար տարիներ կը ծառայէ իբրեւ ուսուցիչ եւ դպրապետ:
1949 -ին ժողովուրդը գնահատելով եկեղեցւոյ հանդէպ իր ունեցած սէրը եւ ծառայութիւնները, կը փափաքի որ ան եկեղեցւոյ պաշտօնեայ դառնայ:
3 Յուլիս 1949-ին, Գերշ . Տ . Զարեհ Ս . Եպիսկոպոսի ձեռամբ քահանայ կը ձեռնադրուի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, կոչուելով Տէր Գարեգին: Ան ճիգ կը թափէ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն հոգեւոր արթնութեան համար:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց», Բ. հատոր, Լոս Անճէլըս, Քալիֆոռնիա, 1953։