Jump to content

Կիլիկեան Ճեմարան

Կիլիկեան ճեմարանի մուտքը Հալէպ

Կիլիկեան Ճեմարանը (Կիլիկեան Կրթական Հաստատութիւն) հիմնած է Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ կը հովանաւորուի Կիլիկեան Մշակութային Միութեան կողմէ, որ անառարկելի տէրն է Կիլիկեան Կրթ. Հաստատութեան, անոր շարժուն եւ անշարժ բոլոր ստացուածքներուն: Կիլիկեան Ճեմարանը՝ երկրորդականի, նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի բաժիններով, տեղադրուած է երեք անջատ շէնքերու մէջ, որ կը գտնուի Հալէպի Ժիտէյտիէ շրջանի «Հարթ ալ-Սիսի» (Սսեցիին թաղը) կոչուող նեղլիկ փողոցին մէջ, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցիէն ոչ շատ հեռու, դէպի հիւսիս: Նախապէս շրջանը քրիստոնէաբնակ եղած է: Կիլիկեան Ճեմարանի շէնքը միջակ մեծութեամբ արաբական բակ մը ըլլալով ունի սահմանաբակ թիւով սենեակներ, որոնք հազիւ կ’ընդգրկեն միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու վեց դասարանները, վարչական սենեակներով ու գիտաշխատանոցով [1]:

Հալէպի մէջ հիմնուած է 1921 թուականին, որպէս Կիլիկեան Գաղթականաց Վարժարան՝ Կիլիկեանի Նպաստից Միութեան կողմէ: 1930 թուականին վերանուանուած է Կիլիկեան Երկսեռ Վարժարան:

Զոյգ նախակրթարանները եւ մանկապարտէզը կը շարունակեն իրինց բարեյաջող ընթացքը:

  • 1960-1961 ուսումնական տարեշրջանի նախօրեակին, Կիլիկեան շրջանակի Խնամակալութիւնը կ’առնէ նախակրթարանները երկսեռ Ճեմարանի մակարդակին բարձրացնելու պատմական որոշումը: Համապատասխան պետական արտօնագրի ձեռք ձգելէն ետք 1960 թուականի Հոկտեմբերին, յատուկ հանդիսութեամբ կը կատարուի Կիլիկեան ճեմարանի Ա. դասարանի բացումը: Իսկ զոյգ նախակրթարանները կը դառնան երկսեռ ու կ'ամփոփուին աղջկանց բաժնի ընդարձակ շէնքին մէջ:
  • 1962-1963 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին կու տայ միջնակարգ բաժնի առաջին շրջանաւարտները (պրովէ), իսկ 1965-1966 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին՝ երկրորդական բաժնի երկսեռ շրջանաւարտները, օժտուած սուրիական երկրորդական ուսման համապատասխան վկայականով (պաքալորիա):
  • Ունեցած է շատ հարուստ սարքաւորումներով «Պերճուհի Չէմպերճեան» գիտաշխատանոց-տարրալուծարանը:
  • 1984 թուականին, Կիլիկեան ճեմարանը իր Պրովէի եւ Պաքալորիայի պետական քնութեանց մէջ ձեռք բերած գերազանց արդիւնքներուն համար, Սուրիոյ մասշտապով, արժանացաւ Սուրիոյ Կրթական նախարարութեան գնահատանքին, ստանալով պետական բարձր Պատուոյ գիր:
  • 1986-ին, Մանկապարտէզի երկսեռ աշակերտներն ալ կը փոխադրուին նոյն թաղին մէջ գտնուող երկրորդ շէնք մը, որ ամերիկաբնակ հանգուցեալ տիար Մայք Նազարէթեանի կտակով գնուած ըլլալուն համար կը կոչուի «Մայք Նազարէթեան Տիպար մանկապարտէզ»[2]:

Սուրիոյ պատերազմի պատճառով, Կիլիկեան Ճեմարանի երեք շէնքերն ալ տուժած են բախումներէն եւ ռմբակոծումներու պատճառով ծանրօրէն վնասուած:

Հետեւաբար, Կիլիկեան վարժարանի երկու բաժիններու՝ նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտները կը յաճախեն Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան շէնքը՝ Ազիզիէ թաղամաս: Իսկ Մայք Նազարէթեան Մանկապարտէզը 2012-2013 եւ 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանին կը տեղափոխուի նախ Ուրֆայի Վերածնունդ Մշակությին Միութեան կեդրոնը՝ Սիւլէյմանիէ, ապա՝ Ազգային Մշակութային Միութեան կեդրոնը՝ Վիլլաներ, ուր դասաւանդութիւնները տեղի կ'ունենան:

Կիլիկեան ճեմարանի ամառնային դպրոցը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

3 Օգոստոս 2013-ին, Կիլիկեան ճեմարանը ամառնային դպրոց բացած էր արձակուրդներուն իրենց տուները վերադառնալու միջոց չունեցող սուրիահայ երեխաներուն համար: Քաղաքացիական պատերազմի պատճառով ճեմարանի շատ ուսանողներ չկրցան միանալ իրենց ընտանիքներուն կարճատեւ արձակուրդի ժամանակ, ուստի ճեմարանի տնօրէնութիւնը ամառնային դպրոցի նոր ծրագիր մշակած էր: Յուլիս 1-էն մինչեւ 28 Սեպտեմբեր ընթացող երկու ուսումնական կիսամեակներու ժամանակ ուսանողները կը յաճախեն Հին եւ Նոր Կտակարաններու ուսումնասիրութեան, Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան, գրաբարի, արեւմտահայերէնի, արաբերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, գեղանկարչութեան, երգի եւ դաշնամուրի դասերու[1]:

Կիլիկեան Ճեմարանի վերաբացումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

22 Յունուար 2018-ին, վերաբացուած է Կիլիկեան ճեմարանը։ Հանդիսաւոր արարողութիւնը կայացած է առաւօտեան, ժամը 11-ին, ճեմարանի երկրորդական բաժնի շրջափակէն ներս, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Տէր Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի հովանաւորութեամբ։ Մատաղի արարողութենէն ետք կայացած է ճեմարանի բացումը։ Կիլիկեան կրթական հաստատութեան հոգաբարձութեան խօսքը արաբերէնով արտասանած է Վարուժան Սիւլահեանը, իսկ տնօրէնութեան խօսքը, ճեմարանի այժմեան տնօրէն Աբրահամ Զուպրիկեանը:

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեանը, հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը, Հալէպի կրթական տնօրէնութեան փոխ տնօրէնը:

Կիլիկեան ճեմարանը 5 տարի հրթիռակոծումներու թիրախ դարձած էր եւ զգալիօրէն վնասուած։ Այժմ անիկա իր դռները բացած է վերանորոգումէն ետք։ Ճեմարանի վերանորոգման աշխատանքները սկիզբ առած էին Օգոստոս 2017-ին: Աշխատանքները կեդրոնացած էին յատկապէս վարժարանի երկրորդական բաժնի մասնաշէնքին վրայ[3]:

Կիլիկեան Ճեմարանի հրատարակութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1930-1937 թուականներուն, Կիլիկեան Ուսանողական Միութեան կողմէ հրատարակուած է «Կիլիկեան» շաբաթաթերթը:
  • 1931-1937 թուականերուն լոյս տեսած է «Յոյս» պարբերաթերթը (խմբագիր՝ Երուանդ Պապայեան):
  • 1948-1960 թուականներուն՝ «Հայրենասէր պատանի» պարբերաթերթը (Խմբագիր՝ Ռուբէն Տիրարեան) Կիլիկեան Վարժարաններու (մանչերու եւ աղջկանց բաժիններ) աշակերտական հրատարակութիւն է, տարեկան մէկ թիւ:
  • 1965-1975 թուականին՝ «Կայծեր» պարբերաթերթ, սկզբնական շրջանին հայերէն, յետագային կ'անուանափոխուի եւ կը կոչուի «Sparks» (արաբ.՝ Էլ-Շարար), որ հարազատ թարգմանութիւնն է «Կայծեր» բառին: Պարբերաթերթը կը դառնայ եռալեզու (խմբագիր՝ Գէորգ Աթոգեան): «Sparks»ի առաջին թիւը լոյս տեսած է 1968 թուականին:
  • «Լուսաթեւիկ» պարբերաթերթը Կիլիկեան Ճեմարանի ուսանողութեան հայերէն օրկանը եղած է, լոյս տեսած է Ա. թիւը միայն, 1994-1995 ուսումնական տարեշրջանին:
  • Միւս կողմէ, Կիլիկեան Կրթական Հաստատութիւնը ունեցած է իր «Պատի օրացոյց»ը, օրաթերթի կամ ամսաթերթի դրութեամբ:

Կիլիկեան Ճեմարանի հիմնադրութեան 75-ամեակը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

28 Նոյեմբեր 1997 թուականին, հանդիսաւորապէս նշուած է Կիլիկեան Ճեմարանի հիմնադրութեան 75-ամեակը: Այս առիթով լոյս տեսած է Վարժարանի Յուշամատեանը (գլխաւոր խմբագիր՝ Ռուբէն Տիրարեան):

Կիլիկեան Ճեմարանը ունեցած է «Աւետիս Իսահակեան» գրադարանը, բաղկացած զանազան լեզուներով գիրքերէ :

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]