Տոքթ. Մարդինզ Կօշիկներ

(Վերայղուած է Տոքթ. Մարդինզ կօշիկներ-էն)

Տոքթ. Մարդինզ (անգլ.՝ Dr. Martens), անգլիական կօշիկներու շինութեան ընկերութիւն մը։

Ընկերութեան նշանը

Սկիզբը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քլաոս Մարդինզ Բ. համաշխարհային պատերազմի ընթացքին գերմանական բժիշկ էր: 1946-ին, դահոյկով վիրաւորուելէ ետք կը ստեղծէ ուղղամարմնական կօշիկ մը իր ճարտարագէտ ընկերոջ՝ Հերպըրդ Ֆունքի օգնութեամբ: Այդպիսով կը ծնի առաջին կօշիկը, որուն ներբանը օդով լեցուած էր։

Անիկա նախ կը վաճառուի Գերմանիոյ մէջ եւ ընդունելութիւն կը գտնէ տարեցներու մօտ, որոնք ոտքի հարցեր ունէին, բայց անիկա շուտով կը տարածուի, այնպէս որ Քլաոս Մարդինզ կ'որոշէ արտադրութեան իրաւունք ստանալ եւ օրինականացնել անոր վաճառքը: Երկու տարուան ընթացքին Տոքթ. Մարդինզ կօշիկները կը տարածուին ամբողջ Եւրոպայի տարածքին։

1959-ին Պիլ Կրիկզ անունով անգլիացի կօշիկ արտադրող մը կը գնէ կօշիկը արտադրելու իրաւունքները։

Նկարագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քանի մը մանրամասնութեամբ կը տարբերի ներբանը կարելու ձեւը, ետեւի սեւ ու դեղին պիտակը, ներբանին թափանցիկ քաուչուկը, դեղին կարերը եւ այլն:

Մեծ նորութիւնը օդով լեցուած ներբանն է, որ շատ հանգստաւէտութիւն կ'ապահովէ: Բոլոր նիւթերը անջրանցիկ են, այնպէս որ ո՛չ իւղը, ոչ ալ խոնաւութիւնը կրնան վնասել կօշիկը[1]։

Առաջին զոյգը

1960՝ Համաշխարհային Յաջողութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1 Ապրիլ 1960-ին, կ'արտադրուի առաջին Տոքթ. Մարդինզ զոյգը (նշանաւոր կարճ կրկնակօշիկը), ութ ծակերով ու գոց կարմիր կաշիով, Wallstone գործարանին մէջ։

Սկիզբնական շրջանին, կօշիկը գործարաններու մէջ աշխատող բանուորները կը հագուին, բայց 1970 եւ 1980 թուականներու ընթացքին կը դառնայ Փանք եւ Սքինհետ (punk and skinhead movement) հակամշակութային շարժումներուն խորհրդանիշը: Կրկնակօշիկը իսկական խորհրդանիշ կը դառնայ բազմաթիւ երգչախումբերու համար, ինչպէս The Clash, The Cure, Red Hot Chili Peppers, եւ այլն:

Կօշիկը տեղ կը գտնէ նաեւ նորաձեւութեան մէջ. 1990-ական տարիներուն, գնորդները ընդհանրապէս կիներ էին։ Ներկայիս կօշիկը մատչելի է տարբեր գոյներով եւ ձեւերով, այնպէս որ միշտ այժմէական եղած է ու կը մնայ[2] ։

Արտադրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակին, բոլոր կօշիկները Անգլիա կ'արտադրուէին, Wallstone-ի գործարաններուն մէջ, բայց 2003-ին շինութեան մեծամասնութիւնը Չինաստան կը տեղափոխուի: Մէկ շաբթուան ընթացքին միայն 1000 զոյգ Անգլիա կը շինուի, որոնց վրայ փորագրուած է «Made In England»։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Տոքթ. Մարդինզ կօշիկները
  2. England and Wales High Court (Chancery Division) Decisions։ «R. Griggs Group Ltd v. Evans [2003] EWHC 2914 (Ch)»։ British and Irish Legal Information Institute։ էջ 1։ արտագրուած է՝ 4 March 2020  Տոքթ.