Jump to content

Տուն (ոտանաւոր)

Տուն, տողերու խմբում։ Յաճախ, կը համապատասխանէ իմաստային ամբողջութեան մը, ինքն իր մէջ կ՛ըլլայ իմաստով լրիւ։ Բայց ասիկա միշտ չի պատահիր. երբեմն տունէ տուն կ՛ունենանք երկարաձգում՝ իմաստի, եւ նոյնիսկ պարզ նախադասութեան։

Երբեմն կը հանդիպինք երկտող ու եռատող տուներու։ Բայց շատ աւելի ընթացիկ է քառատող տունը՝ քառեակը։

Կանոնաւոր քառեակին չորս տողերը կ՛ունենան հաւասար վանկեր։ Իսկ ոչ-կանոնաւոր քառեակի ընթացիկ ձեւ մըն է «խաչաձեւ» տողերու հաւասարութեամբ կազմուածը։

Օրինակ մը՝ Դ. Վարուժանէն. «Նըշմարելուդ պէս զիս ժըպտիլ սկսար, //Բայց այդ ժըպիտը բարի, // Այդ սուտ ժըպիտն էր նունուֆա՛ր մը ծաղկած՝ // Լըճի մը վրայ արտօսրի»։ - Քառեակին տողերը ունին 11-7-11-7 վանկեր։

Քառեակի մէջ յանգերու դասաւորումը կու տայ զանազան կարելիութիւններ. յանգերը նշելով ա եւ բ տառերով, կրնանք նկատել, որ Դուրեանի «Լճակ»ը կը հետեւի աաբբ ձեւին. Թէքէեանի «Կ՛անձրեւէ, Տղաս»ը՝ աբաբ ձեւին, մինչ Մեծարենցի «Ձմրան Պարզ Գիշեր»ը՝ աբբա ձեւին։

Երբեմն չորս յանգերէն երկուքը կը համապատասխանեն իրարու, մինչ միւս երկուքը կ՛ըլլան ձգուած «ազատ»։ Այս է պարագան, օրինակ, Մ. Նալբանդեանի «Մանկութեան Օրեր» գործին։ Վարուժանէն վերը տրուած օրինակը եւս յանգերու նոյն կարգը ունի։

Կան տակաւին հնգատող, վեցատող, ութատող եւ աւելի տողերով տուներ։

Կան տողերու-տուներու թիւի եւ դասաւորման իմաստով կայուն ձեւեր. անոնց ամենէն ծանօթն է հնչեակը։

Տաղաչափական բաւական կայուն ձեւի կը հետեւին նաեւ գեղօնն ու ներբողը կամ ձօնը, որ կը տեսնենք քնարական տեսականերուն մէջ։