Jump to content

Յանգ

Յանգ եւ տուն, գրական՝ չափածոյ ստեղծագործութեան, հնչիւնային ձեւաւորման հիմնական կողմերէն մին։

Յանգը, այսինքն՝ տողէ տող կրկնուող տողավերջի վանկը, իր կարգին կարեւոր գործօն է չափածոյի կշռոյթին եւ երաժշտականութեան համար։

Իր ձեւով, անիկա կը շեշտէ տողավերջի դադարը, որ կարեւոր է կշռոյթի համար․ նաեւ կը շեշտէ, կը խտացնէ բառիմաստները (մանաւանդ զի՛նք պարունակող բառին իմաստը)։

Ասով Մէկտեղ, յանգը անհրաժեշտ տարր չէ չափածոյին համար։ Քնարական երկերու պատմութեան մէջ, անիկա գործածութեան մտած է բաւական ուշ՝ միջնադարէն ասդին։ Երբեմն, նոր ժամանակներու մէջ եւս, բանաստեղծներ նախընտրած են անտեսել զայն, կամ յարգած եւ կիրարկած են՝ զայն նկատելով հանդերձ «արուեստին բռնաւորը, (բանաստեղծի) հոգիին ետմղիչը»։

Բայց աւելի՝ անոնք, երբեմն նոյնիսկ ամենայեղափոխականներէն համոզուած են, որ առանց յանգի՝ բանաստեղծութիւնը կը փլի։ «Յանգը,–ըսուած է,- կը վերադարձնէ նախորդ տողին․ կը ստիպէ յիշել զայն․ միտք մը ձեւակերպող բոլոր տողերը կը հարկադրէ միատեղ ըլլալու»։

Յանգերը կրնան ըլլալ հարուստ կամ աղգատ, համաձայն կրկնուղ։