Տոնաթ կամ Փքաբլիթ
Տոնաթ կամ Փքաբլիթ, շրջանաձեւ կամ երկարաւուն, բուսաիւղի մեջ տապկուած, սովորաբար քաղցր կարկանդակիկ:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1917-ին, Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, «Սալվէյշըն Արմի»էն խումբ մը կին կամաւորներ կը ճամբորդեն Ֆրանսա` խնամելու համար վիրաւոր զինուորները: Իրենց տուներէն հեռու այս խումբերուն տրամադրութիւնները փոխելու համար կամաւորները կ'որոշեն իրենց տրամադրութեան տակ ունեցած սահմանափակ նիւթերը` ալիւր, շաքար եւ ձէթ, գործածել տոնաթ պատրաստելու համար:
Այս կամաւորները շատ խանդավառ էին, առանց խոհանոցի յատուկ գործիքներու եւ եփելու տապակներու` անոնք իրենց ձեռքերով տոնաթներուն ձեւ կու տան եւ զանոնք կը տապկեն զինուորներուն սաղաւարտներուն մէջ: Ամբողջ գիշերը աշխատելով` անոնք կը յաջողին առաջին օրը 150 տոնաթ պատրաստել, իսկ յաջորդ օրը` 300: Անոնց ճիգերը ի զուր չեն անցնիր, որովհետեւ այդ անուշեղէններուն հոտը զինուորներուն տրամադրութիւնը ամբողջովին կը փոխէ:
Խանդավառ կամաւորները կը շարունակեն իրենց աշխատանքները` հասնելով օրական 9000 տոնաթի արտադրութեան: Ժամանակի ընթացքին, տոնաթները միշտ ներկայ կ'ըլլան Միացեալ Նահանգներու պատմութեան կարեւոր եւ դժուար օրերուն, ինչպէս` Համաշխարհային Բ. պատերազմին, կամ նոյնիսկ Վիեթնամի պատերազմին, իսկ 1938-ական թուականներուն, երբ երկիրը մեծ թշուառութիւն կ'ապրէր, տոնաթներու վաճառքէն հաւաքուած գումարները կը բաժնուին ամէնէն կարիքաւոր անձերուն: Ասիկա այնքան մեծ յաջողութիւն կը գտնէ, որ կը ստեղծուի Տոնաթի ազգային օրը: