Ալիւր

Ալիւր

Ալիւր, հացազգի, լոպազգի եւ այլ ընդեղէններու հատիկներն ու սերմերն աղալէն ստացուող մթերք։ Հացաբոյսերու ալիւրը, կ'օգտագործուի հաց, մագարոնեղէն եւ հրուշակեղէն պատրաստելու, իսկ հատիկակերային ալիւրը՝ համակցուած կեր ստանալու համար։

Ալիւրը կ'ըլլայ՝

  • ցորենի
  • աշորայի (տարեկան)
  • եգիպտացորենի
  • գարիի
  • վարսակի
  • հնդկացորենի
  • սոյայի

Որպէս սննդամթերք առաւել տարածուած է ցորենի եւ աշորայի ալիւրը։ Ըստ նշանակութեան, ալիւրը կը ստորաբաժնուի առանձին տեսակներու։ Անոր տեսակը կը բնութագրուի հատիկի՝ աղալէն ետք ալիւրի մէջ անցած արտաքին մասերու (թաղանթի ու սաղմի) եւ ալրային միջուկի (էնդոսպերմի) յարաբերակցութեամբ։ Հացազգիներէն ալիւրը կը ստացուի միանուագ, թեփախառը եւ տեսակաւոր աղացման միջոցով։ Առաջին դէպքին պարագային, ալիւրը կը պարունակէ հատիկի պտղաթաղանթի եւ սաղմի խառնուրդ։ Երկրորդ դէպքին մէջ, հատիկը կ'աղեն անոնցմէ պտղաթաղանթն ու սաղմը մասնակիօրէն հեռացնելէն ետք։ Տեսակաւոր ալիւրը հիմնականին մէջ, բաղկացած է ալրային միջուկէն։ Ալիւրի տարբեր տեսակներու որակի որոշման համար կարեւորագոյն ցուցանիշներն են՝ խոնաւութիւնը, մոխրայնութիւնը, մասնիկներու խոշորութեանը, օրգանոլեպտիկ յատկութիւնները (համը, հոտը, գոյնը)։

Ալիւրը կ'արտադրուի ալրաղացներուն մէջ, կը պահվուի չոր, հով պահեստներուն մէջ։ Սկսած է կիրառուիլ ալիւրի՝ առանց տարայի պահեստաւորման եւ տեղափոխման եղանակը։ Երկար (մինչեւ 2 տարի) կը պահուի 15 %-էն ոչ աւելի խոնաւութեան ալիւր։ Նախկին ՍՍՀՄ-ի մէջ, ցորենէն կը մշակեն հացաթխման (շարմաղ, բարձր, առաջին եւ երկրորդ տեսակներու, թեփախառը) եւ մակարոնեղէնի ալիւր (մեծ եւ կիսամեծ)։ Աշորայէն կը պատրաստեն շարմաղ, թեփահանած եւ թեփախառը ալիւր, եգիպտացորենէն՝ երեք, միւս կուլտուրաներէն՝ մէկ տեսակի։ 1972 թ.-ին ՀՍՍՀ-ի մէջ, արտադրուած ալիւրի 8,9 % եղած է բարձր, 41,6 %՝ առաջին, 47,7 %՝ երկրորդ տեսակի եւ 1,9 %՝ թեփախառը։

Բառի Ծագումնաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալիւր բառի հայերէն հնագոյն ձեւն է ալիւր։ Բնիկ հայերէն բառ, առաջացած է հնդեւրոպական նախալեզուի al աղալ արմատէն։ Ամենամօտ ձեւն է յունարէն՝ ἄλευρον ալիւր բառը։ Դեռեւս հարց է հայերէն ալիւր բառը փոխառութի՞ւն է յունարէնէնէն, թէ անոր հետ միասին կը պատկանի հնդեւրոպական նախալեզուի al արմատին։

Որոշ հեղինակներ կը կարծեն, թէ հայերէն բառը փոխառութիւն է, որովհետեւ հին հայերը չեն գիտեր ինչ է ալիւրը. անոնք կը գործածէին կորկոտ կամ ձաւար, այսինքն ցորենը ուղղակի սանդի մէջ կը ծեծէին եւ այդպէս մեծ եփելով կ'ուտուի։ Ալիւրը առաջին անգամ յոյներէն անցաւ Հայաստան՝ Պոնտոսի վրայով։

Ընդհակառակը Պիկտետն եւ Հիւբշը չեն ընդունիր, որ այդպիսի հասարակ ու սովորական բան մը կրնայ փոխառութիւն ըլլալ։ Այս կարծիքին ի նպաստ կարելի է յիշել բնիկ հայերէն աղալ, աղորիք, երկան եւ այլ բառերը, որոնք ցոյց կու տան, որ ջաղացպանութեան արուեստը ծանօթ էր հայերուն սկզբէն[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]