Տիգրան Սարաֆեան
Ծնած է | ոչ վաղ քան 1885 եւ ոչ ուշ քան 1890 |
---|---|
Ծննդավայր | Մարաշ, Մարաշի Սանճաք |
Մահացած է | 1915 |
Մահուան վայր | Ուռհա, Թուրքիա |
Մահուան պատճառ | Հայոց ցեղասպանութիւն |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Տիգրան Սարաֆեան (մօտաւորապէս 1885-1890, Մարաշ, Մարաշի Սանճաք - 1915, Ուրֆա), հայ բժիշկ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է մօտաւորապէս 1885-1890-ական թուականներուն, Մարաշի Սանճաքի կեդրոն՝ Մարաշ քաղաքին մէջ։ Բարձրագոյն բժշկական կրթութիւնը ստացած է Շուէտի մէջ։ Ուսանելու ընթացքին ծանօթացած եւ սիրահարուած է շուէտուհիի մը։ Ուսումը աւարտելէ ետք վերադարձած է Մարաշ եւ աշխատած՝ որպէս բժիշկ, յետագային դառնալով այդ տարիներու Կեդրոնական Թուրքիոյ ամենայայտնի բժիշկը։ Մօտաւորապէս 1913 թուականին շուէտուհին եկած է Մարաշ եւ ամուսնացած բժշկին հետ։
1915 թուականին՝ Մարաշի հայ բնակչութեան տեղահանութեան ժամանակ, ընտանիքով աքսորուած է դէպի Ուրֆա։ Գաղթականներու կարաւանն ուղեկցող գերմանացի հրամանատար Շապէնը՝ Ուրֆայի մէջ, առեւանգած է բժշկի գեղեցկուհի կնոջը, իսկ բժշկին՝ անոր հրամանով, գնդակահարած են։ Յետագային Շապէնըտիկին Սարաֆեանին, իր հետ տարած է Հալէպ։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յօշոտուած Հայաստան, Արշալոյս (Աւրորա) Մարտիկանեանի յուշերը, Լոս Անճելըս, 1995, 212 էջ։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։