Jump to content

Տիգրան Ձիթողցեան

Տիգրան Ձիթողցեան
Ծնած է 12 Հոկտեմբեր 1976(1976-10-12) (48 տարեկան)
Ծննդավայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Ուսումնավայր Հայաստանի Գեղարուեստի Պետական Ակադեմիա
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ
Կայքէջ ttigran.com(անգլերէն)

Տիգրան Ձիթողցեան (12 Հոկտեմբեր 1976(1976-10-12), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), աշխարհահռչակ հայ արուեստագէտ։

Ծնած է ծնած է Երեւան: Նկարել սկսած է հինգ տարեկանին։ Տասը տարեկանին, արուեստաբան Հենրիկ Իգիթեանի առաջարկով, բացած է առաջին անհատական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուցած է շուրջ 102 իւղաներկ նկարներ, որոնք ցուցադրուած են նաեւ Սպանիոյ, Ռուսաստանի, Ճափոնի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։

1993-1999 թուականներուն ուսանած է Երեւանի Պետական գեղարուեստի ակադեմիոյ մէջ, այնուհետեւ կրթութիւնը շարունակած է Զուիցերիոյ «Ecole Cantonale d՚Art du Valais»ի երդիքին տակ։

2002 թուականին ստացած է լիսանսի աստիճան, իսկ 2005 թուականին՝ Հանրային բնագաւառի արուեստի մագիստրոսի աստիճան (MAPS)։

2009 թուականին հաստատուած է Նիւ Եորք[1]:

Երբ Նիւ Եորքի մէջ տասը տարի կը բնակիս եւ առաջ կ՚երթաս, այլեւս աշխարհի մէջ ոչ մէկ բանէ կը վախնաս։
- կը խոստովանի Ձիթողցեան


Անոր գլխաւոր մուսան կինն է՝ բնորդուհի Նատիա Քազաքովան, ունին որդի մը՝ Ալէնը։ Կինը իր գործերուն գլխաւոր հերոսն է, զայն նկարելով սկսած է այս մեծադիր նկարներու արուեստը: Այսօր ուրիշ դէմքեր տեղ կը գտնեն նկարներուն մէջ, բայց հակուած չէ անծանօթ մարդ նկարելու, պէտք է ճանչնայ մարդը, որ կարողանայ անոր հոգին եւ մարմինը միաժամանակ ի ցոյց դնել:[2]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]