Տիգրան Թահթա

Տիգրան Թահթա
Ծնած է 7 Օգոստոս 1928(1928-08-07)
Ծննդավայր Մանչեսթեր, Մեծ Մանչեսթեր, Միացեալ Թագաւորութիւն
Մահացած է 2 Դեկտեմբեր 2006(2006-12-02) (78 տարեկանին)
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն
Ուսումնավայր Քրայսթ Չյորչ?
Rossall School?
Մասնագիտութիւն թուաբանագէտ, գրագէտ
Աշխատավայր Էքստերի համալսարան?

Տիգրան Թահթա (7 Օգոստոս 1928(1928-08-07), Մանչեսթեր, Մեծ Մանչեսթեր, Միացեալ Թագաւորութիւն - 2 Դեկտեմբեր 2006(2006-12-02)), ազգութեամբ հայ բրիտանացի մաթեմատիկոս[1], դասախօս եւ հեղինակ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 7 Օգոստոս 1928-ին: Ան անցեալ դարասկիզբի դէպքերէն ետք Մեծն Բրիտանիոյ Մանչեսթըր քաղաքը հաստատուած հայ ընտանիքի մը զաւակն է, որ մանկուց ստացած է հայեցի դաստիարակութիւն: Տիգրան Թահթա մկրտուած է Դուրեան եպիսկոպոսի կողմէ Մանչեսթըրի հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւ իր Տիգրան անունն ալ կրճատուած եւ դարձած է Տիք: Այսուհանդերձ, ան երբեւէ չէ մոռցած կամ ուրացած իր հայկական ինքնութիւնը եւ մինչեւ իր կեանքին վերջը հաւատարիմ եղած է իր արմատներուն: Այդ ամէնը արտայայտուած է մանաւանդ իր կեանքի վերջին տարիներուն գրած գիրքերէն մէկուն՝ «Արարատ զուգորդութիւններ» (Ararat Associations) գիրքին մէջ։ Այդ գիրքին մէջ բրիտանահայ նշանաւոր ուսողագէտը կը գրէ, թէ ինչպէս իր ծնողքը կը փափաքէին իրենց զաւակներուն տալ անգլիական կրթութիւն՝ միաժամանակ համոզուած ըլլալով, որ անոնք տան մէջ պիտի խօսին հայերէն։ «Արարատ զուգորդութիւններ» գիրքին մէջ կան նաեւ հայկական հնագոյն բնակավայրեր կատարած իր ճամբորդական նոթերը, եւ առհասարակ, Տիգրան Թահթայի այս գիրքը գրուած է Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» շարժանկարէն ներշնչուած:

1946-ին Տիգրան Թահթա Ֆլիթուուտի Ռոսալի դպրոցին մէջ ստացած է կրթանպաստ՝ Օքսֆորտի երդիքին տակ ուսանելու համար։ Ուսումնասիրութեան գլխաւոր առարկան ուսողութիւնն էր, միաժամանակ ուսանած է իմաստասիրութիւն, պատմութիւն, ծանօթացած է անգլիական գրականութեան։

Տիգրան Թահթա նաեւ դասաւանդած է համալսարաններու մէջ եւ պատրաստած է ուսողութեան դասաւանդման գիրքեր եւ աշխատութիւններ: Ան, բացի «Արարատ զուգորդութիւններ» գիրքէն, հեղինակ է հինգ այլ հատորներու եւ գիտական ամսագրերու մէջ հրատարակուած բազմաթիւ օգտաշատ յօդուածներու: Մինչեւ իր ուսման աւարտը, Տիգրան Թահթա կազմած է Ինճեան եպիսկոպոսի գրադարանի պատկերագիրքը։

Ան նաեւ կարճ լրագրական փորձառութիւն մը ունեցած է Թագաւորական Ռազմաօդային Ուժերու (RAF) շարքերէն ներս՝ 1950-1952 թուականներուն, աշխատակցելով իբրեւ թղթակից: Տիգրան Թահթա 1954-ին վերադարձած է Ռոսալի դպրոց, ուր դասաւանդած է անգլերէն եւ պատմութիւն, սակայն վերջնականապէս նուիրուած է ուսողութեան: 1955-ին ուսողութիւն դասաւանդելու նպատակով ան տեղափոխուած է Սենթ Ալպենսի դպրոցը, ուր իր աշակերտներուն մէջ եղած է նաեւ Սթիւըն Հաուքինկ։ Ատկէ վեց տարի ետք միայն Տիգրան Թահթա դասախօսի կարգավիճակ ստացած է Սենթ Ղուկաս Քոէլճին մէջ։ 1974-ին աշխատած է նաեւ Էքսետէրի համալսարանը։

Սթիւըն Հոքինկ նշած է, որ դեռ մանուկ հասակէն իր վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայ ուսուցիչը՝[2] Տիգրան Թահթա, որու շնորհիւ նշանաւոր բնագէտ գիտնականը սէր ունեցած է գիտութեան նկատմամբ[3]: Ան՝ իր հայ ուսուցչին մասին ըսած է.

Անոր դասերը անմիջական էին եւ գրաւիչ: Ամէն բան կրնար քննարկման առարկայ դառնալ: Մենք միասին ստեղծեցինք իմ առաջին համակարգիչս: Շնորհիւ պարոն Թահթայի, ես դարձայ Քէմպրիճի մէջ ուսողութեան ամպիոնի դասախօս: Ատիկա այն ամպիոնն է, որ ժամանակին գլխաւորած է Իսահակ Նիւթըն: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին կը փորձեմ բացայայտել անջրպետի գաղտնիքները: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կը կարծէ, թէ կարեւոր իրագործումի մը կրնայ հասնիլ իր կեանքին ընթացքին, իսկ անոր մենք կրնանք հասնիլ մեր ուսուցիչներուն շնորհիւ:
- Սթիւըն Հաուքինկ


The Guardian թերթը, անդրադառնալով հայազգի դասախօս-գիտնական Տիգրան Թահթային՝ նկարագրած է զինք որպէս «իր սերունդի ականաւոր ուսողութեան ուսուցիչ», որ հանդիսացած է նաեւ Սթիւըն Հաուքինկի ներշնչման աղբիւրը[4]:

Զինք հրաշագործի կը նմանեցնէին, որ իր աշակերտներուն եւ ուսանողներուն կը ստիպէր գործօն մասնակցութիւն բերել եւ բանավիճիլ դասի ընթացքին: 1960-ականներէն սկսեալ ան գիտական ամսագիրներու մէջ բազմաթիւ յօդուածներ հրապարակագրած է` բացի ուսողութենէն, անդրադառնալով նաեւ Վերածննդեան դարաշրջանին, եկեղեցւոյ պատմութեան, բանաստեղծութեան եւ լեզուաբանութեան:

Տիգրան Թահթա մահացած է 2 Դեկտեմբեր 2006-ին։

Գիրքեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • A Boolean anthology: Selected writings of Mary Boole—on mathematical education, 1972 (Compiled by D.G. Tahta).
  • Tahta, D. and Brookes, W. (1966) "The Genesis of Mathematical Activity", in W. Brookes (Ed.) The Development of Mathematical Activity in Children: the place of the problem in this development
  • Images of Infinity, with Ray Hemmings
  • Ararat Associations, Black Apollo Press, ISBN է 1-900355-50-7
  • The Fifteen Schoolgirls, Black Apollo Press, ISBN է 1-900355-48-5

Ծանօթագրութիններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Dikran Tahta, British-Armenian mathematician Manchester»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-11-17 (անգլերէն)
  2. Hoare, Geoffrey; Love, Eric (5 January 2007)(անգլերէն)
  3. «Stephen Hawking remembers best teacher» (անգլերէն)
  4. «A maths teacher with gusto, he inspired the schoolboy Hawking» (անգլերէն)

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]