Jump to content

Տիգրան Գասարճեան

Տիգրան Գասարճեան
Ծնած է 1866
Ծննդավայր Սիս
Մահացած է 1932
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Վաճառական

Տիգրան Ս. Գասարճեան (1866, Սիս-1932, Ամերիկա), Լիբանանի առաջին վաճառականներէն եղաւ, որ Մանչեսթրի հետ յարաբերութիւն մշակեց։

Տիգրան Ս. Գասարճեան բնիկ Սիսեցի։ Ծնած է 1866-ին։ 1894-ին Պէյրութ կը հաստատուի Սուք Այաս շուկային մէջ կը զբաղի առեւտուրով։ Կը հիմնէ վաճառատուն մը Տիգրան Գասարճեան եւ Եղբք. անունով։ Իսկ ծննդավայրին՝ Սիսի, Սահակ Գասարճեան եւ Որդիք վաճառատունը հանրածանօթ էր բոլոր Կիլիկիոյ մէջ առեւտրական կարեւոր յարաբերութիւններ ունենալով Պոլսոյ եւ Իզմիրի ծանօթ վաճառականներուն հետ։

Տիգրան Լիբանանի առաջին հայ վաճառականներէն եղաւ, որ Մանչեսթրի հետ յարաբերութիւն մշակեց։ Տիգրան եղած է ոչ միայն կարող ու հմուտ վաճառական մը, այլ նաեւ աւանդապահ, հայրենասէր եւ ուսումնատենչ հայ մը։ Քաջ գիտէր հայերէն եւ թրքերէն ի իսկ, ինքնաշխատութեամբ տիրացած էր անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն։

1894-97 տարիներուն, Գայըքճեան վարդապետի առաջնորդութեան օրով, Ս. Նշան եկեղեցին ունէր մանկապարտէզ-դպրոց մը շատ սահմանափակ աշակերտութեամբ, որ կը կառավարուէր Պոլսեցի սարկաւագի մը կողմէ։ Երբ հայոց թիւը բազմանալ սկսաւ, Տիգրան Գասարճեանն էր, որ դպրոցը կանոնաւոր հիմերու վրայ դնելու համար նախաձեռնեց հոգեբարձութեան մը կազմութեան եւ պատրաստեց ներքին կանոնագրութիւն մը։ Իսկ իննիսունական թուականներուն, չգոհանալով տեղական ուժերով կառավարել դպրոցը՝ Պոլսէն երկու հատ մասնաւոր հմուտ մանկավարժներ բերել տուաւ։ Ցարդ կը շարունակուի այս դպրոցը։

Իր գաղաափարակից եւ գործակից ընկերները եղան՝ Պարսում աղա Պետրոսեան, Լեւոն Էֆ. Քեհեաեան, Աբրահամ Էֆ.Զամուրեան, Պետրոս Աղա Աղաճանեան եւ Նազարէթ Էֆ. Պատասարեան:

Տիգրան 1909-ին կը գաղթէ Հիւսիսային Ամերիկա, ուր առեւտրական փայլուն դիրքի կը տիրանայ եւ 1932-ին կը մեռնի[1]:

Ծանօթագրություններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 401։