Jump to content

Տգեղ Արուեստի Թանգարան

Տգեղ արուեստի թանգարանի Տետհեմի մասնաճիւղը

Տգեղ արուեստի թանգարան (անգլերէն՝ Museum of Bad Art, MOBA), ամերիկեան յատուկ թանգարան մը, որուն նպատակն է «ցուցադրել այն գեղանկարիչներուն գործերը, որոնք չեն գնահատուած որեւէ թանգարանի մէջ»[1]։ Ունի երեք մասնաճիւղ. մէկը կը գտնուի Մասաչուսեթսի Տետհեմ քաղաքին մէջ (անգլերէն՝ Dedham, արուարձան՝ Պոսթընի հիւսիս-արեւմուտքը), միւսը՝ հարեւան Սոմըրվիլի մէջ (անգլերէն՝ Somerville, արուարձան՝ Պոսթընի հիւսիսը), իսկ երրորդը՝ Մասաչուսեթսի Պրուքլին քաղաքին մէջ (անգլերէն՝ Brookline)[2]։ Թանգարանին մշտական հաւաքածոն կը ներառէ շուրջ 500 արուեստի գործեր: Տեղի սահմանափակութեան պատճառով, մէկ սրահի մէջ միաժամանակ կը ցուցադրուին 30 - 40 գործեր։ Տեղի կ'ունենան նաեւ արտաքին ցուցահանդէսներ[3]։

Թանգարանը հիմնուած է 1993-ին, երբ հնահաւաք Սքոթ Ուիլսըն քանի մը բարեկամներու ցոյց կու տայ հնոտիներու կոյտէ մը յայտնաբերուած գեղանկարներ։ Բարեկամները կ'առաջարկեն հաւաքածոյ մը կազմել։ Շուտով թանգարանը կը ճոխանայ եւ Սքոթի բնակարանէն կը տեղափոխուի Տետհեմի թատերասրահին նկուղը։

Թանգարանին հիմնադիրներէն` Ճէրի Ռայլի 1995-ին կառոյցին նպատակը բացատրելով կ'ըսէ․ «Մինչ աշխարհի բոլոր քաղաքներուն մէջ կը գտնուի արուեստի լաւագոյն ստեղծագործութիւններուն նուիրուած առնուազն մէկ թանգարան, MOBA-ն միակ թանգարանն է, որ նուիրուած է ամէնէն տգեղ գործերուն մէկտեղումին եւ ցուցադրութեան»[4]։

Տգեղ արուեստի թանգարանի հաւաքածոյին մաս կազմելու համար` արուեստի գործ մը պէտք է ունենայ իւրայատուկ բնոյթ եւ ստեղծուած ըլլայ լուրջ նպատակներով (ոչ թէ` զաւեշտի կամ պարզապէս թանգարանին ցուցադրութիւններուն մէջ ներառուելու միտումով), ինչպէս նաեւ պէտք չէ ունենայ խոցելի թերութիւններ եւ պէտք չէ ձանձրացնէ:

Տգեղ արուեստի թանգարանը կը յիշատակուի Պոսթընի զբօսաշրջութեան ուղեցոյցներու գլխաւոր տասը հետաքրքրական վայրերու ցանկերուն մէջ։ Անիկա աշխարհի տարածքին նմանատիպ շարք մը հաւաքածոներ կազմելու ներշնչման աղբիւր դարձած է։ Նիւ Եորք Թայմզ թերթին մէջ Տեպորա Սողոմոն կը նշէ, թէ Տգեղ արուեստի թանգարանին նկատմամբ ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան իբրեւ արդիւնք` հետզհետէ աւելի լայն տարածում կը գտնէ թանգարաններու մէջ «լաւագոյն վատ արուեստ» ցուցադրելու միտումը[5]։ Սակայն թանգարանը նաեւ քննադատուած է իբրեւ հակարուեստի ցուցադրութեան վայր։ հիմնադիրներ կը մերժեն ընդունիլ այս կարծիքը։ Անոնք տգեղ արուեստի ցուցադրութիւնը կը նկատեն յարգանքի տուրք այն գեղանկարիչներուն, որոնք անզիջող են կատարեալին հասնելու իրենց ձգտումներուն մէջ, թէեւ իբրեւ արդիւնք կը ստանանք սարսափելի վատ գեղանկարներ։ Տգեղ արուեստի թանգարանի հիմնադիրներէն Մէրի Ճէքսըն կը հաստատէ. «Մենք այս ծրագիրին ձեռնարկած ենք, որպէսզի արժեւորենք գեղանկարիչին չյաջողելու իրաւունքը»[6]։

հիմնադրութեան պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տգեղ արուեստի թանգարանը հիմնուած է 1993-ին, հնահաւաք Սքոթ Ուիլսընի կողմէ, որ Պոսթընի աղբի մէկ տակառէն դուրս ցցուած «Լիւսին` ծաղիկներով դաշտին մէջ» գեղանկարը տեսնելով` կ'որոշէ նմանօրինակ գործեր հաւաքել եւ պահպանել։ Ուիլսըն գեղանկարը կը զետեղէ իր բարեկամին՝ Ճէրի Ռէյլիի բնակարանին մէջ։ Այնուհետեւ իր բարեկամներուն կոչ կ'ուղղէ փնտռել «տգեղ արուեստի» այլ գործեր եւ տեղեակ պահել իրեն[7]։ Երբ Ուիլսըն կը գտնէ այլ «գլուխ-գործոց» մը եւ ցոյց կու տայ Ռէյլիի, անոնք կ'որոշեն կազմել հաւաքածոյ մը։ Շուտով (Մարտ, 1994-ին[8]) Ռէյլի եւ իր կինը՝ Մարիա Ճէքսըն իրենց տան մէջ կը կազմակերպեն ընդունելութիւն մը, զոր կատակով կը կոչեն «Տգեղ արուեստի թանգարանի բացում»[9]։

Կարճ ժամանակ ետք Ուիլսընի, Ռէյլիի եւ Ճէքսընի հաւաքած գործերուն ցուցադրութեան տարողութիւնը կը սկսի գերազանցել Ճէքսընի փոքր բնակարանին ընձեռած կարելիութիւնները (Արեւմտեան Ռոքսպերի, Մասաչուսեթս), որովհետեւ ցուցահանդէսները կը ներգրաւէին հարիւրաւոր այցելուներ[10]։ Սահմանափակ տարածքի հարցը լուծելու նպատակով` անոնք կը փորձեն ստեղծել «Տգեղ արուեստի թանգարան մը»` ցուցադրելով 95 գեղանկարիչներու գործեր CD-ROM[11]։

Սոմըրվիլի թանգարանին շէնքը, բացուած՝ երկրորդ պատկերասրահը
Թանգարանին մէջ գեղանկարները կախուած են բաղնիքին քով

1995-ին տգեղ արուեստի ցուցադրութեան վայրը կը տեղափոխուի Տետհեմի սիրողական թատրոնին նկուղը, եւ ինչպէս The Boston Globe թերթը կը նշէ` «արուեստի գործերու հաւաքածոն կը տեղադրուի առական սեռի բաղնիքէն ոչ հեռու»[12], ուր շրջապատին յատուկ ձայներն ու հոտերը իբրեւ թէ «կը նպաստէին խոնաւութիւնը հաւասարակշռելու»։

Տգեղ արուեստի թանգարանին առաջին քանի մը ցուցահանդէսները արտասովոր բնոյթ կը կրէին: Այսպէս՝ «Արուեստ պատուհանէն դուրս. պատկերասրահ` անտառին մէջ» ցուցահանդէսին գեղանկարները կախուած էին Քէյփ-Քոտի անտառին ծառերէն (անգլերէն՝ Art Goes Out the Window - The Gallery in the Woods), "Թաթախուած` տգեղ արուեստի մէջ» (անգլերէն՝ Awash in Bad Art) խորագիրով ցուցահանդէսին մաս կազմող արուեստի 18 գործերը ծածկուած էին ջերմութեան դէմ պաշտպանող անջրաթափանց ժապաւէններով:

2001-ին տեղի կ'ունենայ "Ամբողջութեամբ մերկ. միայն մերկեր"(անգլերէն՝ Buck Naked — Nothing But Nudes) խորագիրով ցուցահանդէսը, ուր կը ներկայացուին թանգարանին հաւաքածոյին նոր ոճի բոլոր գեղանկարները։ 2006-ին տեղի կ'ունենայ «Մաշած դիմանկարներ» (անգլերէն՝ Portraits banals) խորագիրով ցուցահանդէսը՝ նուիրուած Պոսթընի գեղարուեստի թանգարանին մէջ Տէյվիտ Հոկնիի գործերուն ցուցադրութեան աւարտին[13]։

2008-ին, Տէյվիս հրապարակին վրայ, Սոմըրվիլ թատերասրահին մէջ (Սոմըրվիլ, Մասաչուսեթսի նահանգ) կը բացուի տգեղ արուեստի թանգարանին երկրորդ պատկերասրահը, որուն հաւաքածոն նոյնպէս տեղադրուած էր բաղնիքին կողքին[14]։ Թէեւ թանգարանին առաջին պատկերասրահը անվճար էր եւ բաց` հանրութեան դիմաց, սակայն երկրորդ պատկերասրահը կարելի էր այցելել միայն թատրոնէն գնուած տոմսերով։ «Վառ գոյներ. մութ զգացումներ» (անգլերէն՝ Bright Colors / Dark Emotions) եւ «Գիտէ՞ք, թէ ինչն է հաճելին. պաստառին յանձնեցէք ձեր զգացումները» (անգլերէն՝ Know What You Like / Paint How You Feel) խորագիրով ցուցահանդէսներ տեղի կ'ունենան Մասաչուսեթս նահանգի Պեւըրլի արուեստի քոլէճին ակադեմական պատկերասրահներուն մէջ։ Տգեղ արուեստի թանգարանին գործերը կը ցուցադրուին նաեւ Վերժինիայի, Օթաուայի եւ Նիւ Եորքի թանգարաններուն մէջ[15]։

2009-ի Փետրուարին Տգեղ արուեստի թանգարանը դրամահաւաք կը կազմակերպէ Պրէնտէյսի համալսարանին Ռոուզի թանգարանին համար, որ 2008-2011 տարիներու Համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին պատճառով լրջօրէն կը քննարկէր կառոյցին գլուխ-գործոցներուն մէկ մասը վաճառելու ստիպողութիւնը։ Տգեղ արուեստի թանգարանին այժմու հոգաբարձու երաժիշտ Մայքլ Ֆրանք Իպէյ այդ օրերուն աճուրդի կը դնէ «Մարսողութեան հետազօտութիւն» (անգլերէն՝ Studies in Digestion) գեղանկարը, որ չորս վահանակներու վրայ կը պատկերէր մարդկային մարսողական համակարգին չորս փուլերը։ Գեղանկարը կը վաճառուի 152,53 տոլարի (նախատեսուած արժէքը 24,99 տոլար էր)։ Այս փոքր շահը կը տրամադրուի Ռոուզի թանգարանին, ինչ որ միաժամանակ հռչակ կ'ապահավէ Տգեղ արուեստի թանգարանին[16]։

Գողութիւններ թանգարանէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ապահովութեան կեղծ տեսախցիկներ թանգարանին մասնաճիւղին մէջ (Տետհեմ)

Թանգարանէն երկու ցուցանմուշներու գողութիւնը իր վրայ կը հրաւիրէ զանգուածային լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը եւ կը բարձրացնէ թանգարանին հռչակը[6][17]։ 1996-ին Ռ․ Անճելոյի (անգլերէն՝ R. Angelo Le) «Էյլին» գեղանկարը կ'անհետանայ Տգեղ արուեստի թանգարանէն։ Թանգարանը գեղանկարին վերատիրանալու համար կ'առաջարկէ 6,50 տոլար արժողութեամբ գումար մը, որ հետագային կը հասնի 36,73 տոլարի, սակայն բազմաթիւ տարիներ գեղանկարը կը մնայ անյայտ[18]։

Գեղակարներուն գողութենէն ետք թանգարանին պաշտօնեաները կը տեղադրեն կեղծ տեսախցիկներ՝ հետեւեալ գրութեամբ՝․ «Ուշադրութի'ւն, այս թանգարանը պաշտպանուած է կեղծ տեսախցիկներով» (անգլերէն՝ WARNING: These premises are protected by a fake security camera)[19]։ Հակառակ այս արգելքին՝ 2004-ին թանգարանէն կը գողցուի Ռեպեքա Հարրիսի ինքնանկարը։ Դիմանկարը վար առնուած էր պատէն եւ տեղը դրուած էր գրութիւն մը, որ 10 տոլար կը պահանջէր զայն վերադարձնելու համար։ Թէեւ գողը մոռցած էր աւելցնելու իր անձնական տուեալները, սակայն, շատ չանցած` գեղանկարը կը վերադարձուի 10 տոլարի փոխարժէքով[1]։ Ապահովութեան պատասխանատու Մայքլ Ֆրանքի համաձայն, գողին համար դժուար եղած է պահել դիմանկարը, մանաւանդ որովհետեւ «հեղինակաւոր հաստատութիւններ կը մերժեն բանակցիլ յանցագործներու հետ»։

Հաւաքածոյին մաս կազմելու չափանիշներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Մէրի Ճէքսընի՝ ներկայացուած տասը գործերէն ինն չեն ընտրուիր, որովհետեւ բաւարար չափով վատ չեն նկատուիր։ Նոյնիսկ երբ գեղանկարիչը վատ նկատէ իր գործը, միշտ չէ, որ իր գործին "մակարդակը" կը համապատասխանէ թանգարանին չափանիշներուն[20]։ Գեղանկարչական վարպետութեան բացակայութիւնը հաւաքածոյին մէջ ներառուելու ամէնէն անհրաժեշտ յատկանիշը չէ։ Սքոթ Ուիլսըն կը նշէ, թէ արուեստագէտի մը համար «խանդավառութեան տօն» է, երբ Տգեղ արուեստի թանգարանը կ'ընդունի իր մէկ գործըref name="goldberg"/>։

Լուիզ Ռէյլի Սաքքօ այս առիթով կ'ըսէ․ «Ինչ որ կ'ընենք, ուրախութեամբ կ'ընենք. Թանգարանը մեր աշխատակազմին վաստակն է, եւ ոչ` գեղանկարիչին։ Կերտած ենք իսկական թանգարան մը, որ ունի 10 տարուան կեանք, 6000 անուն` առաքման ցուցակին մէջ եւ ճանաչում` ամբողջ աշխարհի տարածքին»[21]։

Տգեղ արուեստի թանգարանը կ'ընդունի անհաճոյ գործեր, եթէ անոնք կը համապատասխանեն իր չափանիշներուն։ Գեղանկար մը կամ քանդակ մը պէտք չէ ձանձրացնէ. ասիկա կարեւոր չափանիշ մըն է։ Անոնք կրնան ըլլալ արտայայտիչ, բայց ձախող գործեր, նոյնիսկ` հմուտ գեղանկարիչի մը գործը, որ ձախող աւարտ ունեցած է։ Մասաչուսեթսի Արուեստի քոլէճի փրոֆեսէօր (եւ Տգեղ արուեստի թանգարանի ցուցանմուշներու ընտրութեան գործադիր տնօրէն) Տին Նիմըր զուգահեռներ կը գծէ Տգեղ արուեստի թանգարանին եւ արուեստի այլ հաստատութիւններու միջեւ․ «Անոնք (Տգեղ արուեստի թանգարանի պատասխանատուները) կ'ընտրեն գեղանկարչական օրինակ մը եւ կը կիրառեն վատ գործեր ընդունելու համապատասխան չափանիշներ… անոնց նախապայմանները շատ նման են այն պատկերասրահներուն կամ թանգարաններուն պահանջներուն, որոնք կ'ըսեն, թէ իրենց կառոյցներուն "տարածքը, ըստ էութեան նախատեսուած է իրապաշտ ոճի գեղանկարներու կամ ժամանակակից վերացապաշտ գործերու համար»[15]։

Տգեղ արուեստի թանգարանը չի հաւաքեր մանուկներու կողմէ ստեղծուած, ճարտարարուեստի կամ զբօսաշրջութեան մարզին յատուկ արուեստի գործեր։ Պատասխանատուներուն չեն հետաքրքրեր տնային յարդարանքի արտադրութիւնները։ Անոնք նման գործերու ամէնէն յարմար տեղը կը նկատեն «Կասկածելի ճաշակի թանգարանը, Մշակոյթի միջազգային հաւաքածոն կամ Տնային յարդարանքի ազգային ենթադրեալ գանձարանը»[22]։

Հաւաքածոյին համալիրին մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տգեղ արուեստի թանգարանի հաւաքածոյին գործեր նուիրած են բազմաթիւ գեղանկարիչներ։ Այլ գործեր գնուած են աճուրդներու ընթացքին եւ բարեսիրական վաճառքներէ: Քէմպրիճի Թափօններու հաւաքածոներու միութիւնը կը սատարէ գեղանկարները կորուստէ փրկելու գործին։ Երբեմն գեղանկարները կը գնուին ուղղակի արուեստագէտէն: ժամանակին Տգեղ արուեստի թանգարանին քաղաքականութիւնը կ'արտօնէր մէկ ցուցանմուշի համար վճարել առաւելագոյնը 6,50 տոլար[6], բայց վերջերս «արտակարգ գործերու» համար կարելի է վճարել կրկնապատիկ կամ եռապատիկ գումար։

Հաւաքածոյին յատուկ ցուցանմուշներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իւրաքանչիւր ցուցանմուշի կցուած է կարճ նկարագրութիւն մը, որ կը նշէ օգտագործուած նիւթերը, չափը, արուեստագէտին անունը, ինչպէս նաեւ՝ գործին տիրանալու պատմութիւնը։

«Լիւսին` ծաղիկներով դաշտին մէջ»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տգեղ արուեստի թանգարանին հաւաքածոյէն բազմաթիւ գործեր բուռն վիճարկումներ կը ստեղծեն այցելուներու միջեւ։ «Լիւսին` ծաղիկներով դաշտին մէջ» (պաստառի վրայ իրագործուած իւղանկար, գեղանկարիչը` անյայտ), գեղանկարը, որ յայտնաբերուած է Պոսթընի մէջ, աղբի մը տակառէն, կը շարունակէ մնալ սիրելի եւ կը գրաւէ մեկենասներու ուշադրութիւնը։ Իբրեւ թանգարանին համար ձեռք բերուած առաջին գործ՝ «Լիւսին» կը սահմանէ հաւաքածոյին մաս կազմելու չափանիշները եւ թանգարանին հիմնադիրները պահ մը կը դնէ հետեւեալ հարցին դիմաց․ Սքոթ Ուիլսը՞ն գտաւ «Լիւսին», թէ՞ վերջինս Սքոթը[23]։

Մոնթրէալի «The Gazette» թերթի յօդուածագիր Քէյթ Սվոճըր «Լիւսին» կ'որակէ «հիանալի սխալ» մը՝ զայն նկարագրելով իբրեւ գարնանային փարթամ դաշտի մը մէջ պարող տարեց կին մը, որուն կախ կուրծքերը կը շարժին ազատ. ան անբացատրելի երեւոյթով մէկ ձեռքով յենած է իր նստած կարմիր աթոռին, իսկ միւս ձեռքով բռնած է երիցուկներու փունջ մը[19]։

Իրական «Լիւսի»֊ին թոռնուհին՝ հիւանդապահ Սիւզան Լոլոր, որ կ'ապրէր Պոսթընի մէջ, թերթին մէջ իր մեծ մօր` Աննա Լալլի Կինիի (1890-1968) դիմանկարը տեսնելով` դարձած է Տգեղ արուեստի թանգարանին երկրպագուն։ Երբ ան թերթին մէջ առաջին անգամ տեսած է "Լիւսի"֊ն, զարմանքէն այնքա'ն ծիծաղած է, որ քիթէն դուրս թափած է իր խմած Քոքա-քոլան[23]։ Սիւզանի մայրը պատուիրած էր գեղանկարը, որ բազմաթիւ տարիներ կախուած կը մնար մօրաքրոջը բնակարանին մէջ, հակառակ որ ընտանիքի անդամները կը սարսափէին անկէ։ «Դէմքը ճշգրիտ պատկերուած է, սակայն այլ մասեր սարսափելի են,- ըսած է Լոլոր։ Կը Թուի, թէ ան (Լիւսի) միայն մէկ կուրծք ունի, եւ անհասկնալի է, թէ ինչ պատահած է անոր ձեռքերուն ու ոտքերուն։ Չեմ գիտեր, թէ ուրկէ յայտնուած են պատկերուած ծաղիկները եւ դեղին երկինքը…»[24]։

«Խոտէ կիսաշրջազգեստով աճպարար շունը»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Խոտէ կիսաշրջազգեստով աճպարար շունը» կը պատկանի Մինիապոլիսէն գեղանկարչուհի Մէրի Նիւմանի, որ կը պատմէ, թէ ինչպէս ստեղծած է գեղանկարը։ Ան գնած է գործածուած պաստառ մը, երբ արուեստի քոլէճի աղքատ ուսանողուհի էր եւ գիտէր, թէ ինչպէ'ս կարելի էր օգտագործել տուեալ չափի պաստառ մը։ Շան մը ծաղրանկարէն ներշնչուած՝ ան կ'որոշէ, որ շունը պէտք է կեդրոնական տեղ ունենայ իր գեղանկարին մէջ։ Սակայն իր ստեղծած նկարին «ներքին ուժը» եւ առթած տպաւորութիւնը չեն բաւարարեր զինք, որովհետեւ կ'անդրադառնայ, թէ չէ պատկերած խոտերով այն կիսաշրջազգեստը, զոր տեսած էր ամսագիրի մը մէջ, ոչ ալ գծած էր շան յատուկ գունաւոր ոսկորները, զոր տեսած էր անասուններու վաճառատան մը մէջ։ Նիւմա թանգարանին պատասխանատուներուն գրած է՝ ըսելով․ «Ինծի համար աղբ էր գեղանկարը, մինչեւ որ լսեցի Տգեղ արուեստի թանգարանին մասին»[22]։

«Կիրակի, Ճորճը գիշերանօթի վրայ»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Կիրակի, Ճորճը գիշերանօթի վրայ» գեղանկարը (պաստառի վրայ իրագործուած աքրիլիք, գեղանկարիչը` անյայտ, նուիրած է Ճիմ Շուլման) «The Boston Globe» թերթի լրագրող՝ Պելլա Ինկլիշի կողմէ (անգլերէն՝ Bella English) որակուած է իբրեւ «յատկանշական» գործ մը, որ «100 առ հարիւր համեմատութեամբ մեզ կը մղէ ծիծաղելու»[9]։ Սքոթ Ուիլսըն «Ճորճ»ը կը ներկայացնէ իբրեւ լաւ արուեստի գործ մը[24]։

Տգեղ արուեստի թանգարանը շրջող բազմաթիւ այցելուներ կը հիանան այս գեղանկարին վրայ, որ կը պատկերէ գիշերանօթի մը վրայ ներքնազգեստով նստած յաղթանդամ մարդու կերպար մը։

Դրդապատճառներ եւ մեկնաբանութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քէշ Փեթըրս իր գիրքին մէջ կ'առանձնացնէ Տգեղ արուեստի թանգարանին հաւաքածոյին մեծ մասին բնորոշ վեց երեւոյթներ․

  1. Գեղակարիչներ չեն կրցած ճիշդ ձեւով գծել ձեռք կամ ոտք, զանոնք քողարկած են հագուստի երկար թեւերու ետին, իսկ կօշիկները տեղադրած են բացայայտօրէն անյարմար դիրքով։
  2. Գեղակարիչներ մեծ դժուարութիւն ունեցած են քիթը ճիշդ ձեւով պատկերելու. Փեթըրս կը գրէ, թէ քիթ գծելու փորձերը այնքա'ն կրկնուած են, որ երբեմն պաստառը եռապատիկ հաստցած է` կիրարկուած ներկի խաւերուն պատճառով։
  3. Վատ գեղանկարիչներ տարբեր միջոցներու կը դիմեն. երբ իրենց գործին որակը կասկածի առարկայ կը դառնայ` զայն կը զարդարեն փետուրներով կամ մազի թելերով։
  4. Փեթըրս կ'ենթադրէ, թէ գեղանկարիչներ կը գիտակցին վատորակ ստեղծագործութեան, սակայն կը թուի, թէ կարծեն, որ պաստառին վրայ անասուններ աւելցնելով կրնան փրկել զայն[25]։

Թանգարանին համբաւը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տգեղ արուեստի թանգարանը յիշատակուած է ամբողջ աշխարհի հարիւրաւոր հրատարակութիւններու մէջ: Տգեղ արուեստի թանգարանը բազմաթիւ մարդիկ ոգեշնչած է նման ցուցադրութիւններ կազմակերպելու Օհայոյի[26] եւ Աւստրալիոյ մէջ[27]։ Մինիապոլիսի տեղական թատերախումբը այնքան ոգեւորուած է Տգեղ արուեստի թանգարանին առաքելութեամբ, որ անոր դերասանները մէկ արարով գործ մը գրած են թանգարանին՝ իրենց նախընտրած «գլուխ-գործոցի»ն հետ կապուած, զայն քանի մը անգամ փոխելով։

Թանգարանին հայեցակարգը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տգեղ արուեստի թանգարանին մէջ ցուցադրուող գործերը յաճախ կը նկարագրուին իբրեւ «ակամայ ծիծաղաշարժ»[28]։ Այցելուներ, նոյնիսկ` Տգեղ արուեստի թանգարանին պաշտօնեաները յաճախ բարձրաձայն կը ծիծաղին:

2006-ին Լուիզա Սաքքօ Ռէյլի մասնակցած է «Գեղեցկութեան եւ այլանդակութեան ներգործութիւնը արուեստի մէջ» նիւթով բանավէճի մը, որ հրատարակուած է «Պոսթընի ճարտարապետութիւն» ամսագիրին մէջ։ Ան նշած է, որ գեղանկարչական դպրոցներու ուսուցիչներ աշակերտները կը տանին նախ Տգեղ արուեստի թանգարան, ապա՝ գեղեցիկ արուեստներու թանգարան, եւ կը շեշտեն, թէ Տգեղ արուեստի թանգարանը մանուկներուն «կը շնորհէ ազատութիւն»՝ ծիծաղելու արուեստի ստեղծագործութիւններու վրայ, ինչպէս նաեւ կ'ընձեռէ յենարան մը, որպէսզի անոնք կազմեն իրենց անձնական կարծիքը եւ մասնակցին բանավէճերու։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Michael Frank, "Art Theft Hits Home in Dedham", letter to the editor, The Boston Globe, February 11, 2006. 10
  2. Piepenburg, Erik (September 22, 2010)։ «Loving the Lowbrow (It Has Its Own Hall of Fame)»։ Նիւ Եորք Թայմզ 
  3. ««Необычные музеи мира»»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-01-27-ին։ արտագրուած է՝ 2016-08-24 
  4. Art From the Bottom of the Heap: A «Museum» Devoted to Bad Painting
  5. «In Praise of Bad Art»
  6. 6,0 6,1 6,2 "The Gallery of the Garish Masterpieces of Bad Art Archived 2012-10-13 at the Wayback Machine.". The Irish Times, September 18, 1999. 9
  7. Gaines, Judith. "Exhibiting Works of Trial and Error: Museum Finds Landscapes Gone Awry" Archived 2012-10-25 at the Wayback Machine.. The Boston Globe, May 4, 2003. 9
  8. «"мова"»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-07-28-ին։ արտագրուած է՝ 2016-08-24 
  9. 9,0 9,1 English, Bella. "High Standards for Low Art". The Boston Globe, April 29, 2007. Reg7
  10. Frauenfelder, Mark (July 1995)։ «Canvas Catastrophes»։ Wired Magazine 
  11. MOBS CD-ROM
  12. Bella English. Doing a good deed with bad art
  13. Johnson, Carolyn. "So Bad It's Good: Dedham Museum Is Proud Home to Unforgettable Art That's Anything But Fine". The Boston Globe, June 25, 2006. 1
  14. Smykus, Ed. "Museum of Bad Art Will Open Second Branch at the Somerville Theater" Archived 2012-09-17 at Archive.is. Wicked Local, May 5, 2008
  15. 15,0 15,1 Goldberg, Carey. "Arts In America: Art So Bad a Museum in Boston Relishes It". The New York Times, October 14, 1998. E2
  16. Bolton, Morgan Michele. "'Bad' Art Sells for Good Cause". The Boston Globe, February 15, 2009
  17. Wulff, Julie "All Things Bad and Beautiful". The Boston Globe, December 13, 2006. SID2
  18. «The gallery of the garish masterpieces of bad art»։ The Irish Times (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2021-01-19 
  19. 19,0 19,1 Swoger, Kate. "Art Only a Mother Could Love: No Picture is Too Imperfect for Massachusetts Museum". The Gazette, Montreal, Quebec, February 13, 2000. H6
  20. Swoger, Kate. "Bad Art Finds a Good Home at This Anti-Museum". Ottawa Citizen, February 26, 2000. K6
  21. Cobb, Nathan. "In Dedham, This Museum is Exhibiting 'Bad" Taste". The Boston Globe, February 28, 2004. C1
  22. 22,0 22,1 Frank Michael J, Sacco Louise Reilly (2008)։ Museum of Bad Art: masterworks (English)։ Berkeley: Ten Speed Press։ ISBN 978-1-58008-911-1։ OCLC 182621558 
  23. 23,0 23,1 Stankowicz Tom, Jackson Marie (1996)։ The Museum of Bad Art: art too bad to be ignored (English)։ Kansas City, Mo.: Andrews and McMeel։ ISBN 978-0-8362-2185-5։ OCLC 34640796 
  24. 24,0 24,1 Caro, Mark, "Not a Pretty Picture—Boston-Area Museum a Monument to the Absolute Worst in Art". Chicago Tribune, May 20, 1997. 1
  25. Peters Cash (2003)։ Gullible's travels: the adventures of a bad taste tourist (English)։ Guilford, CT: Globe Pequot Press։ ISBN 978-0-7627-2714-8։ OCLC 51534983 
  26. MOBA Newsletter Archived 2009-04-04 at the Wayback Machine.. Museum of Bad Art, December 1, 1999. Retrieved on March 4, 2009.
  27. Museum of Particularly Bad Art Archived 2016-01-31 at the Wayback Machine.. Museum of Particularly Bad Art, 2009. Retrieved on March 3, 2009.
  28. "Exhibit Preview: The Museum of Bad Art". Fast Forward Weekly, September 17, 1998

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]