Jump to content

Օթաուա

Քաղաք
Օթաուա
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր Քանատա
Ենթարկում Մայրաքաղաք
mayor of Ottawa? Mark Sutcliffe?
Օրէնսդրական մարմին Ottawa City Council?
Հիմնադրուած է՝ 1850
Տարածութիւն 2790,22 քմ²
ԲԾՄ 70±1 մեթր
Պաշտօնական լեզու անգլերէն[1] եւ Ֆրանսերէն[1]
Խօսուող լեզուներ անգլերէն, ֆրանսերէն
Բնակչութիւն 883 391 մարդ
Կը գտնուի ափին Օտավա գետ?, Rideau Canal? եւ Ռիդո?
Ժամային գօտի Հիւսիս-ամերիկեան ժամային գօտի
Հեռախօսային ցուցանիշ 613 եւ 343
Փոստային ցուցանիշ K0A եւ K1A-K4C
Անուանուած է Odawa?
Պաշտօնական կայքէջ ottawa.ca

Օթաուա, Քանատայի մայրաքաղաքը։

Կը գտնուի Օնթարիօ նահանգի արեւելեան հատուածին մէջ, Օթաուա գետի ափին։

Օթաուա երկիրին չորրորդ մեծ քաղաքն է եւ Օնթարիոյի երկրորդ մեծ քաղաքը։

Օթաուայի բնակչութիւնը կը կազմէ 934 հազար հոգի։

Քաղաքը կը ղեկավարէ քաղաքային խորհուրդը, որ կը գլխաւորէ քաղաքապետը։ Վերջինս կը գտնուի կեդրոնական կառավարութեան անմիջական հսկողութեան տակ։

Քաղաքը հիմնադրուած է 1820-ական թուականներուն, իբրեւ զինուորներու եւ արհեստաւորներու ճամբար, որոնք կը կառուցէին Ռիտօ ջրանցքը։

1850-ին Օթաուա ստացած է անտառահատներու եւ փայտեղէնի լաստառաքողներու քաղաքի պաշտօնական կարգավիճակ։

Մինչեւ 1855 քաղաքը կը կրէ Պայթաուն անուանումը՝ ի պատիւ փոխգնդապետ Ճոն Պայի, որ կը գլխաւորէր Ռիտօ ջրանցքի կառուցումը։

31 Դեկտեմբեր 1857-էն Օթաուա Քանատայի միաւորուած նահանգի մայրաքաղաքն է, իսկ 1867-էն՝ Քանատական համադաշնութեան մայրաքաղաքը։

Հետագային քաղաքը կը զարգանայ իբրեւ փոխադրամիջոցի եւ արդիւնաբերական կեդրոն, իսկ Ի. դարու երկրորդ կէսին կ'ենթարկուի զանգուածային վերակառուցման, որ կը միտէր քաղաքային բնապահպանման բարելաւման։

Օթաուայի մէջ կը գտնուին դաշնային իշխանութեան մարմինները եւ մշակութային մեծ կեդրոնները, ներառեալ՝ Քանատայի յառաջատար թանգարանները եւ ազգային պատկերասրահը[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]