Jump to content

Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան

Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան
Ծնած է 9 Սեպտեմբեր 1945
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Մխիթարեան վարժարան
Կարողութիւն գրաբառագէտ,քննադատ, գրող
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայութիւն՝ Հռոմի Հիսուսեան Միաբանութեան Գրիգորեան Միջազգային Համալսարան
Աշխատավայր խմբագիր, գրաբառագէտ, մտաւորական, Վարիչ տնօրէն Լոս Անճըլըսի Մխիթարեան Հայագիտական Դասընթացքներու, Հիմնադիր վարիչ Լոս Անճըլըսի Մխիթարեան Կրթական Հիմնարկի

Հոգեշնորհ Տէր Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանը (ծն.՝ 9 Սեպտեմբեր 1945, Պէյրութ, Լիբանան) ինքնատիպ գրող, բազմատաղանդ գրող, քննադատ, գրաբառագէտ, նորարար բանաստեղծ եւ սփիւռքահայ մտաւորականութեան փայլուն ներկայացուցիչներէն է:

Նախնական կրթութիւնը ստացեր է ծննդավայրին մէջ, ապա Վենետիկի Մխիթարեան Մայրավանքին մէջ՝ աւարտելով 1964 թ.:Շարունակած է ուսումը Հռոմի Հիսուսեան Միաբանութեան Գրիգորեան Միջազգային Համալսարանին մէջ, 1964-1972 թթ աւարտելով փիլիսոփայութեան եօթնամեայ դասընթացքը:

Սարկաւագային ձեռնադրութեան կ'արժանանայ 1970թ: Ապա 1971 թ կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ: 1991 թ կ'արժանանայ ծայրագոյն վարդապետի աստիճանին Վենետիկի Մխիթարեան Մայրավանքէն: Քահանայագործութեան վայրերը եղած են՝ Վենետիկ, Պէյրութ եւ Լոս Անճըլըս:

Պարտականութիւններ եւ պաշտօններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1973-5 թթ Խմբագիր «Հայ Ընտանիք» Ամսաթերթի Վենետիկ:

1981-6 թթ Փոխ-տնօրէն Լոս Անճըլըսի Մխիթարեան Դպրոցին:

1988-2004 թթ Հիմնադիր վարիչ Լոս Անճըլըսի Մխիթարեան Կրթական Հիմնարկի:

1991-2000 թթ Վարիչ տնօրէն Լոս Անճըլըսի Մխիթարեան Հայագիտական Դասընթացքներու:

1993-2000 թթ Խմբագիր Վենետիկի Մխիթարեան Հայագիտական Պաշտօնաթերթ «Բազմավէպ» Հանդեսի:

2004 Փետրուարին դարձեր է Սուրբ Էջմիածնի միաբան:

2004 թուականէն մինչեւ այսօր ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ է:

Հոգեշնորհ Տէր Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի զուտ գեղարուեստական գործերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Դռնակ թիւ մէկ», «Թամբան», «Սահմանագիծ», «Հողը», «Մայթը» եւ «Հաղորդութիւն»ը

Գալով «Հաղորդութիւն» գործին, որ 2003 թուականի Նոյեմբեր 2էն Դեկտեմբեր 25ի միջեւ աղօթքի ու խոստովանութեան «ֆորմաթ»ին տակ գրուած է, գիրքը կազմող 31 գլուխները, ըստ հեղինակին, սպասման սրտայոյզ, մտամոլոր այն օրերուն զուգադիպած էին, երբ հայր սուրբը վերջնական պատասխան կը սպասէր Ամենայն հայոց կաթողիկոսէն, Սուրբ Էջմիածնայ մականին տակ ծառայելու բարեպաշտ հայ ժողովուրդին։ Պահը շատ կարեւոր է ախտորոշելու համար հոգեկան այն խոր տագնապը, այն տառապանքն ու անստուգութեան զգացումը, որ կ՛արտացոլայ Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի իւրաքանչիւր բառէն ու տողէն։ Գրքոյկին նախաբանը կամ սրտի խօսքը գրած է Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ պատկերաւոր բացատրութեամբ «աղօթող վարդապետը» կը կոչէ հեղինակը. «Եւ որքան հաղորդուիս անոնց խորհուրդով եւ հոգիով, այնքան իւրաքանչիւր աղօթք թարգմանը պիտի հանդիսանայ ներաշխարհիդ մէջ խմորուող զգացումներուդ եւ ապրումներուդ», կը խորհրդածէ Յովնան սրբազան:[1]

Աշխատություններ հրատարակուած առանձին հատորներով

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցայժմ հեղինակած է 36 աշխատութիւններ հրատարակուած առանձին հատորներով. եկեղեցական, ազգային, հասարակական, ուսումնակրթական, գրական, գիտական, ընդհանուր մշակութային, հրատարակչական, կրոնական, բարոյական, ընկերային բնանիւթերով եւ բովանդակութեամբ:[2]

«Հայերէն Լեզուի Ժամանակակից Բառարան». Հեղինակ՝ Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2018 թուականին, Լոս Անճելեսի մէջ, հրատարակուեցաւ իր լայնածաւալ աշխատասիրութիւն մը՝ «Հայերէն Լեզուի Ժամանակակից Բառարան» վերնագիրով, ինչը նոյնիսկ թերթատելով կարելի է գաղափար կազմել այն արգասաբեր պատրաստուածութեան մասին, որ ունի Վենետիկի «Բազմավէպ» պաշտօնաթերթի ժամանակի խմբագիր, բազմաթիւ եկեղեցական, կրօնական, աստուածաբանական եւ մշակութային ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանը:

այս գործի հետազօտական աշխատանքները սկսած էին տարիներ առաջ, տակաւին 1965 թուականէն: Հաշուի առնելով եկեղեցական պաշտօնավարութեան պարտաւորութիւնները եւ զբաղուածութինը, աշխատանքները ընթացեր են պարբերաբար, ընդմիջումներով: Ներկայ բառարանը ոչ միայն մասնագիտական պրպտումներու համար է, այլ նաեւ կարող է ընդհանուր զարգացման միջոց հանդիսանալ:
- Տէր Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան


Բառարանին մէջ ընդգրկուած եւ բացատրուած են 50էն աւելի մետաղատեսակներ, շուրջ 100 թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարեր, 750-800 բուսական անուններ, 700 կենդանական անուն, շուրջ 500 բժշկագիտական անուններ: Բառերու կողքին տրուած են անոնց համապատասխան լատիներէն եւ անգլերէն բառերը, երբեմն նաեւ անոնց արաբերէն կամ թրքերէն անունները: Այսպիսով, տուեալ բառարանը օգտագործելով՝ ընթերցողը կամ օգտատէրը հնարաւորութիւն կ'ունենայ աւելի լայն բացատրութիւններ ստանալու իր իմացած բառերու մասին, կամ ալ՝ սորվելու մինչ այդ դեռ չպարզաբանած բառեր:[3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]