Jump to content

Վրթանէս Ա. Քհնյ. Թօնդեան

Վրթանէս Ա. Քհնյ. Թօնդեան
Ծնած է 1912
Ծննդավայր Աշոտ կամ Աշոտիկ գիւղաքաղաքը
Մահացած է 1992
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ազդած է Հայ ժողովուրդը
Մասնագիտութիւն Կրոնաւոր, քահանայ
Ծնողներ Բենիամին եւ Մարիամ
Երեխաներ Բենօ եւ Մարօ։

Վրթանէս Ա. Քհնյ. Թօնդեան (ծնած է 1912-ին, Աշոտ կամ Աշոտիկ գիւղաքաղաքը):

Աւազանի անունով՝ Մանուկ, որդի Բենիամինի եւ Մարիամի, ծնած է Աշոտ կամ Աշոտիկ գիւղաքաղաքը 1912-ին։ Աշոտ կամ Աշոտիկ Արեւմտահայաստանի մէջ գիւղաքաղաք մըն է, որ կապուած էր Սեբաստիոյ Վիլայէթին։ Առաջին անգամ յիշատակուած է Այնթապի եկեղեցւոյ մէջ պահպանուած 1619-ի ձեռագիր յիշատակարանին մէջ։ Մեծ Եղեռնի նախօրեակին ունեցած է 1650 հայ բնակիչ (650 տուն), որոնք կր զբաղէին երկրագործութեամբ, արհեստներով ու առեւտուրով։ Բարեկարգ ճանապարհով կապուած էր Աեբաստիոյ։ Ունէր եկեղեցի, վանք եւ ուսումնարան։ Շրջակայքը պահպանուած էին միջնադարեան բերդի աւերակներ եւ հին գերեզմանոց։ Մեծ Եղեռնի ժամանակ տեղւոյն հայերը դարձան ջարդերու զոհ։ Մանուկ երկու տարեկանին կորսնցուցած է հայրը։ 1915-ի Մեծ Եղեռնին, ան իր մօր եւ մեծ մօր հետ տարագրուած է Հալէպ։ Քանի մր տարի ետք, երբ կորսնցուցած է նաեւ մայրը, որբ Մանուկ յանձնուած է մեծ մօր խնամքին։ Կարճ ժամանակ ետք, երբ մեծ մայրն ալ մահացած է, ազգայիններու միջոցով, 1920-ին պատսպարուած է Նիր-Իսր-Որյիֆի որբանոցին մէջ, ուր խնամուած է մինչեւ 1924 թուական, որմէ ետք, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ ու նուիրեալ եկեղեցականներէն Տ. Յարութիւն Ա. քհնյ. Եսայեանի ջանքերով, ան յաճախած է Հալէպի Ազգ. Հայկազեան Վարժարանը, զոր աւարտած է 1926-1927 ուսումնական տարեշրջանին։

Պատանի հասակին մտած է ազատ ասպարէզ, արհեստ սորվելու եւ իր ապրուստը ապահովելու համար։ Տարիներու աշխատանքին վաստակով ան պատրաստուած է ընտանիք կազմելու։ Մանուկ ընտրած է իր կեանքի ընկերը՝ օրդ. Երանուհի Եավէրեանը, որուն հետ պսակուած է 1944-ին եւ ունեցած երկու զաւակներ՝ Բենօ եւ Մարօ։ Մանուկ կեանքի դժուարութիւններուն ու առօրեայ մտահոգութիւններուն մէջ չէ մոռցած կրօնական ու ազգային պարտաւորութիւնները։ Փոքր տարիքին վարժ եղած է եկեղեցի յաճախելու։ Երկար տարիներ իբրեւ դպիր ծառայած է Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիին ու հետագային եղած է ուրարակիր ու ապա՝ արժանացած է սարկաւագութեան աստիճանին։ Իր անուշ ձայնով պայծառացուցած ու ծաղկեցուցած է դպրաց դասն ու եկեղեցին։ Տարիներու իր ծառայութիւնն ու փորձառութիւնը նկատի առնելով, Մանուկ կոչուած է դպրապետութեան պաշտօնին Հին Սրիան արուարձանի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Իր եկեղեցանուէր կեանքով մեծապէս օգտակար դարձած է ոչ միայն եկեղեցւոյ, այլեւ շրջանի հայութեան։ Իր անշահախնդիր նկարագիրն ու պարկեշտ գործունէութիւնը գնահատելով, ազգը զինք ընտրած է նոյն եկեղեցւոյ թաղական։ Իսկ իր կինը՝ տիկ. երանուհին իր եռանդուն աշխատանքով, եկեղեցւոյ տիկնանցին անդամակցելով, օգտակար ծառայութիւններ մատուցած է եկեղեցւոյ եւ շրջանի Ս.Օ.Խաչին։ Եկեղեցւոյ տարիներու ծառայութենէն ծնունդ առնող սէրը, օր ըստ օրէ աճելով զինք առաջնորդած է եկեղեցական կոչման։ 1955-ին, իր քահանայական թեկնածութիւնը նամակով մը տեղեկացուցած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին ու կրօնական Ժողովին։ Սիրով ընդունուած է թեկնածութիւնը եւ որոշուած ձեռնադրութեան թուականը։ Քահանայական ձեոնադրութիւնը տեղի ունեցած է ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Զարեհ Եպս. Փայասլեանի, 31 Յուլիս 1955-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, վերակոչուելով Տէր Վրթանէս։ Քահանայական պատրաստութեան քառասնօրեայ շրջանը լրանալէ ետք, նորընծայ Տէր Վրթանէս անդրանիկ պատարագը մատուցած է իր շատ սիրելի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, իր ազդու ձայնով վերացնելով հաւատացեալները։

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին ու Կրօնական Ժողովին տնօրինութեամբ՝ Տէր Վրթանէս հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Քեսապի Ա. Աստուածածին Եկեգեցւոյ։ Իբրեւ փորձառու դպրապետ, ան առաջին անգամ կազմակերպած է եկեղեցւոյ դպրաց դասը, որպէսզի պատարագի գեղեցիկ երգեցողութիւնը ներգրաւէ հաւատացեալները։ Իր երկրորդ գլխաւոր աշխատանքը եղած է կազմակերպել համայնքին վարչական–ժողովական կեանքը եւ անոնցմէ գործակիցներ ընտրել ապագայի ծրագիրները միասնաբար իրագործելու համար։ Իրմով սկսած է վերաշխուժանալ եկեղեցին ու ժողովուրդը։ Համայնքին ու եկեղեցիին ներքին կեանքը կանոնաւորելէ ետք, անցած է երկրորդ հանգրուան, թաղականութեան հետ համագործակցաբար ծրագրած է շինարարական աշխատանքի ձեռնարկել։ Ճիշդ է որ պատրաստ գումար չկար, եկեղեցւոյ սնտուկը աղքատ էր։ Բայց մեծագոյն գանձը ժողովուրդն էր։ Տէր Հայր ու թաղականութիւն ձեռք-ձեռքի տուած սկսած են հանգանակութեան արշաւի։ Ժողովուրդը մեծ ու փոքր մասնակցած է հանգանակութեան ու շինարարական աշխատանքին։ Եկեղեցին նիւթական կառոյցով կերպարանափոխուած է ու այս ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուած։ Այս յաջողութենէն խանդավառ, քահանան ու թաղականութիւնը ձեռնարկած են այլ շինարարական աշխատանքի մը։ Եկեղեցւոյ յարակից ազգապատկան հողին վրայ բարձրացուցած են բազմաթիւ խանութներ, որպէսզի անոնց հասոյթով եկեղեցին ինքնաբաւ դառնայ։ Շինարարական այս մթնոլորտը խթան հանդիսացած է Գարատուրանի ժողովուրդին, որպէսզի իրենց գիւղին մէջ եկեղեցի մը կառուցեն։ Տէր Հայր, Ազգ. Իշխանութիւն ու ժողովուրդ, համատեղ ճիգերով, դժուարութիւնները յաղթահարելով յաջողած են 1960–1961 տարիներուն, կառուցել Գարատուրան գիւղին համար նոր եկեղեցի մը, զայն մկրտելով Ա. Աստուածածին անունով։ Այս բոլոր յաջողութիւնները բարձրացուցած են տէր հօր վարկը եւ զօրացուցած՝ անոր հեղինակութիւնը ու ժողովուրդը կապած են եկեղեցւոյ։ Միւս կողմէ, անուրանալի եղած է իր տարած աշխատանքը Քեսապի Ս.Օ.Խաչի մասնաճիւղին մէջ։ Իր յարատեւ ջանքերով վերաշխուժացուցած է խաչուհիներուն գործունէութիւնը, զանոնք առաջնորդելով ղէպի եկեղեցի ու եկեղեցւոյ պայծառացման համար կազմակերպուած ձեռնարկներու։ Քեսապի ու Գարատուրանի եկեղեցիներու թաղականութեանց փափաքով Առաջնորդէն նամակով խնդրուած է լանջախաչով պարգեւատրել իրենց հոգեւոր հովիւը, առ ի գնահատանք իր բարւոք ծառայութեան։ Հովուական աոաքելութիւնը այդ շրջանին մէջ աւարտած նկատելով, Տէր Հայրը աշխատանքի նոր հորիզոններ փնտռած է։ Ի վերջոյ, իր ջանքերով յաջողած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին հաւանութիւնը առնել եւ 1963-ին տեղափոխուիլ Պէյրութ։ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին տնօրինութեամբ, ան հոգեւոր հովիւ նշանակուած է էշրէֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ։ 4-5 տարի տեղւոյն փոքրաթիւ ծխական ժոդովուրդին ծառայելէ ետք, դարձեալ Առաջնորդին տնօրինութեամբ՝ նշանակուած է հոգեւոր հովիւ Պէյրութի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ։ Նոյն եռանդով ու նուիրումով ծառայած է եկեղեցւոյ եւ մեծ սիրով կապուած՝ իր նոր ծխական ժոդովուրդին։ Իր հովուական գործունէութեան ընդմէջէն ի յայտ եկած են իր ազնիւ հոգին ու բարի նկարագիրը։ Իր պարկեշտ ու անշահախնդիր ընթացքով սիրուած է իր եկեղեցիէն, ազգային շրջանակներէն: Ան վայելած է բոլորին յարգանքը եւ վստահութիւնը։ Իր փորձառութիւնը նկատի առնելով, Առաջնորդն ու Ազգ. Իշխանութիւնը զինք կոչած են վարչական-ժողովական կեանքի։ Ան ընտրուած է կրօնական եւ ապա՝ Գաւառական Ժողովի անդամ։ Ժողովականի գիտակցութիւն ու հասունութիւն ցուցաբերած է ժողովական կեանքի ընթացքին։ Աւելի ուշ, ան արժանացած է Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդի պաշտօնին, զոր երկար տարիներ վարած է ձեռնհասօրէն։

Լիբանանի տասնեօթ տարիներու (19751992) քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, իր կեանքը վտանգելու գնով, տէր հայրը շարունակած է կապուած մնալ իր եկեղեցիին ու կատարել հովուական պարտականութիւնները։ Սակայն, ի տես իր ժողովուրդին դժուարութիւններուն ու դժբախտութիւններուն, ընկճուած՝ տակաւ առ տակաւ քայքայուած է իր առողջութիւնը։ Ու ժամանակ մը ետք՝ գրեթէ կորսնցուցած է տեսողութիւնը։ Հակառակ վատառողջ վիճակին, յարատեւած է իր եկեղեցին ու մինչեւ իսկ պատարագած է։ Տարիներու ծառայութեան քաղցր լուծին տակ, Տէր Վրթանէս հրաժեշտ տուած է աշխարհին 19 Յունուար 1992-ին։ Մեծ ու բացառիկ շուքով կատարուած է թաղումը։ Վերջին օծումը տեղի ունեցած է 22 Յունուարին, Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Արամ Արք. Քէշիշեանի եւ ներկայութեամբ քահանայից դասուն ու հոծ բազմութեան։

Մարմինը ամփոփուած է Պէյրութի Ազգ. Գերեղմանատան քահանայից դամբարանին մէջ։

Առ ի գնահատանք տարիներու իր բարւոք ծառայութեան, ան նախ կը ստանայ Ծաղկեայ սեւ փիլոն կրելու իրաւունք եւ ապա Աւագութեան պատիւ ու տիտղոս[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 415-419։