Վիգէն Կիւլվարդեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Տոքթ. Վիգէն Կիւլվարդեան, ծնած Յունիս 1956-ին, Պէյրութ, Լիբանան, Ասատուր եւ Սոնիա Կիւլվարդեաններու զաւակն էր, ծնած Հաճընցի տան մէջ: Փոքր տարիքէն ան իր յախուռն ներկայութիւնը կը ցուցաբերէ Էշրէֆիէի Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն ներս, ապա երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Քոլէճին մէջ, զոր կ'աւարտէ 1975-ին՝ Լիբանանի պատերազմի սկզբնական օրերուն: Ան քաղաքի Հայ Սքուլին մէջ կ'աշակերտէ ուսումնական եւ ազգային դաստիարակութեան տիտաններ Զաւէն Մսրլեանին, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին, Ասպետ Տօնապետեանին եւ այլոց, անձիք՝ որոնց հանդէպ իր ակնածանքն ու խոր յարգանքը պահեց Վիգէն մինչեւ իր մահը:
Ապա մէկ տարի Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը յաճախելէ ետք, իր ծնողքին թելադրանքով, քրոջ՝ Մանիայի հետ կը տեղափոխուի Ֆիլատելֆիա, ԱՄՆ, հօր անմիջական պարագաներուն մօտ: Մէկ տարի Community College յաճախելէ ետք, ան կ'ընդունուի Ֆիլտաելֆիոյ PCPS համալսարանը, զոր Pharm D տիտղոսով կ'աւարտէ 1982-ին: Վիգէնի համար դեղագործութեան դասընթացքներու կողքին, կարեւոր էր նաեւ ստանալ ազգային ու հոգեկան սնունդ: PCPS-ի զուգահեռ, ան կ'արձանագրուի Thomas Jefferson University, Վահէ Օշականի հայագիտականի դասընթացքներուն: Բան մը, որ Վիգէնը առաջնորդեց մինչեւ վերջ մեծ երկիւղածութեամբ յիշելու հայ գրականութեան սփիւռքեան աստղ Վահէ Օշականը:
Լիբանանի պատերազմի այդ տաք օրերուն՝ 1982-ին, Վիգէնի ծնողքը կը փոխադրուի Լոս Անճելըս: Վիգէն վկայեալ հօրն իսկ ունեցած դեղագործի վկայականով կը միանայ ծնողքին Քալիֆորնիոյ մէջ, ուր երեք տարիներ Rite Aid հաստատութեան մէջ ծառայելէ ետք, կը հիմնէ Ideal Pharmacy-ն Հոլիվուտի մէջ, 1985-ին, իբրեւ գործակից ունենալով իր հայրը՝ Ասատուր: Գործի մարզ մը, զոր ապա Վիգէն ընդլայնեց դեղարանի մը յաւելումովը Կլենտէյլի մէջ:
Վիգէն շաղուածքով եւ համոզումով ընկերվարական էր: Բան մը, որ զինք առաջնորդեց ծառայելու հօր պատկանած ազգային կուսակցութեան:
Ապա Վիգէն, տոքթ. Բերկրուհի Նաճարեանի թելադրանքով կը նուիրուի ՀԲԸՄի Մարի Մանուկեան վարժարանի հոգաբարձութեան աշխատանքին՝ բան մը, զոր ան կը կատարէ համակ 20 տարիներու ընթացքին, նախաձեռնելով ամառնային փառատօնը, իր դրոշմը դնելով անոր վրայ, եւ գործակցելով աշակերտներու, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներու հետ: Փառատօնը կ'ունենայ աննախընթաց յաջողութիւն եւ կը դրոշմուի հազարաւորներու միտքերուն մէջ իբրեւ դպրոցական իւրայատուկ կերպով բարգաւաճ նախաձեռնութիւն:
Այս աշխատանքներուն կողքին, Վիգէն զարկ կու տայ յօդուածագրութեան, զարգացնելով իր ինքուրոյն One Man's Opinion վերնագրուած սիւնակը, «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին մէջ: Տեսակէտներու արտայայտութեան իր այս ձեւը մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ եւ լաւապէս կը գնահատուի գաղութէս ներս:
Վիգէն Սեպտեմբեր 1989-ին կ'ամուսնանայ լիբանանահայ Լիւսի Սարգիսեանի հետ: Անոնք կը բախտաւորուին Նարով եւ Լարով:
Ան իր աչքերը փակեց 10 Փետրուար, 2016-ի վաղ առաւօտուն, իր տան խաղաղութեան մէջ, յետ անակնկալ սիրտի կաթուածի: