Վէզիւվ Լերան Պայթում (79)
Պոմպէյ Հռոմէական հազուագիւտ քաղաք մըն է, որ կը գտնուի Նափոլիի մօտ։ Վէզիւվ՝ հրաբուխի սոսկալի պայթումով մօտաւորապէս 1700 տարի կորսուած քաղաքը դարձեալ յայտնաբերուեցաւ։ Վէզիւվ Ն.Ք. 79 թուականին շարժման անցնելով 6-8 մեթր խորասուզուեցաւ, ամէն ինչ դարձաւ քար, բնաջնջուեցաւ քաղաքը։ Մօտաւորապէս 250․000 հոգի մահացաւ լաւաներու պատճառով։ Անոնք, որոնք կ'ուզեն տեսնել քար դարձած մարդիկը, նոյնիսկ երեխաները, կրնան այցելել, երեւակայել ու ապրիլ զարհուրելի պահերը։
Ներկայիս UNESCO-ի համաշխարհային ցանկին մէջ ըլլալով, եղած է ժողովրդական, զբօսաշրջական կեդրոն։ Ամէնամեծ եկամուտի աղբիւրներն են գինիի եւ իւղի առեւտուրը։ Տեղումներու շնորհիւ երեւան ելած տաճարները, ամփիթատրոնները, աշխատանոցները, բաղնիքները, գինետուները, փուռերը, բազմագործատեղիներն ու խաղարանները ցոյց կու տան, թէ ժողովուրդը որքան հաճոյասէր է[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաքին Յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Քարացած մարդոց քաղաքը․ Պոմպէյ
- Պոմպէյ Archived 2008-03-17 at the Wayback Machine.
- Մոխիրներու տակեն ելած քաղաք․ Պոմպէյ (առօրեայ պտոյտ) Archived 2015-09-04 at the Wayback Machine.