Jump to content

Վարդան Քհնյ. Պոյաճեան

Վարդան Քհնյ. Պոյաճեան
Ծնած է 1905
Ծննդավայր խարբերդ
Մահացած է 1980ական
Կրօնք քրիստոնեայ

Վարդան Քհնյ. Պոյաճեան - Աւազանի անունով Յովհաննէս ծնած է Խարբերդ 1905-ին։

Նախնական կրթութիւնը աւարտելէ ետք, կը մեկնի երուսաղէմի Սրրոց Յակորեանց դպրեվանքի, ուր ժաոանգաւորաց ուսումը աւարտելէ ետք, կը հաստատուի Պէյրութ։

Իրրեւ կեանքի ասպարէզ կ'որդեգրէ ուսուցչութիւնը եւ դպրապետութիւնր։ Պէյրութի կարգ մը եկեղեցիներուն մէջ կը վարէ դպրապետութեան պաշտօն, իսկ Ազգ. վարժարանի մէջ կը նշանակուի կրօնԻ, երաճշտութեան եւ այլ նիւթերու դասատու։

Կամուսնանայ ու կ'ունենայ մէկ մանչ եւ երկու աղջիկ։

Երբ Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ռազմավաստակ հոգեւոր Հովիւ խարբերդցի Տ. Նշան Ա. քհնյ. Մարգարեան կր մահուան , Հալէպի խարբերցինէրու ու բալուցիներու հայրենակցական Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներ Պէյրութի մէջ մասնաւոր Հանղիպում կ'ունենան դպրապետ ՅովՀաննէս Պոյաճեանի հետ եւ կ'աոաջարկեն որ իրենց Հայրենակիցներուն համար քահանայ ձերնադրուի։

Երր ան կ'ընդունի Հայրենակիցներուն աոաջարկը, անոնք իր թեկնածութիւնը կր ներկայացնեն բերիոյ Հայոց Թեմի Աոաջնորդ՝ Տ. Զարեհ եպս. Փայասլեանին ու կրօնական Ժողովին։ Երր Սրբազան հայրը իր բարեհաճ Հաւանութիւնը կու տայ, ան ընտանեօք կը տեղափոխուի Հայէպ ու կը պատրաստուի ձեռնադրութեան։

Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ՚ունենան ձեոամը բերիոյ հայոց Թեմի Աոաջնորդ՝ Տ. Զարեհ եպս. Փայասլեանի (Ապա կաթողիկոս մեծի Տանն կիլիկիոյ), 28 Փետրուար 1954-ին, Վարդանանց Տօնին վերակոչուելով Տէր Վարդան եւ օծակից ունենալով Տէր Վահան, Տ. Հմայեակ, Տ, Ղեւոնդ եւ Տ. Ատոմ։

Իր քառասնօրեայ քահանայութեան պատրաստութեան շրջանը աւարտելէ ետք, առաջնորդ Սրբազան հօր տնօրինութեամբ նորընծայ Տէր Վարեան կը նշանակուի հոգեւոր հովիւ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։

Հակառակ ժաոանգաւորաց ուսում ունենալուն եւ ձայնագրութեան գիտելիքներով օժտուած ու մեր եկեղեգւոյ շարականագիտութեան հմտացած ըլլալուն, հովուական կեանքին մէջ կր ձախողի՝ ժողովուրդին հանդէպ ունեցած ոչ եկեղեցականի վայել իր վերաբերմունքին համար։ Դժբախտաբար, հայրենակիցներուն յոյսերը իդերեւ կ'ելլեն այնքան, որ անոնք չեն կրնար նոյնիսկ զինք պաշտպանել։

Աոաջնորդ Սրբազան հայրր զինք կը տեղափոխէ Տաւուտիէի Ս. Վարդան եկեղեցին, այն յոյսով, որ ան ինքզինք կը սրբագրէ։ բայց ափսո՜ս, հոն ալ կը ձախողի իր քահանայագործութեան մէջ։

Այն ու հետեւ, Առաջնորդ Սրբազան հօր որոշումով ան կը դադրի Բերիոյ Հայոց Թեմին մէջ քահանայագործելէ։

Կը տեղափոխուի Պէյրութ, բայց կը մերժուի Հոն քահանայագործելու։ Ապա կր հաստատուի Թեհրանի Թեմին մէջ, ուր կարճ ժամանակամիջոց մը քահայանագործելէ ետք։ Կը ձախողի եւ ծանօթներու միջամտութեամբ կը հաստատուի եգիպտոս, բայց բարի Վարուց Վկայագիր չունենալուն համար չի կրնար քահայանագործել։ Այսպէս, ժամանակ մր անդաստական շրջելէ ետք, ան ի վերջոյ կր մեկնի Գանատա եւ հոն ալ կը մահուան 1980ական թուականներուն եւ կր թաղուի տեղւոյն գերեզմանատան մէջ։