Jump to content

Վարդան Աշգարեան

Հայր Վարդան Աշգարեան (26 Նոյեմբեր 1937, Հարպիէ (Անտիոք) - Վիեննա, 28 Յուլիս 2012), Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ։

Ծնած է 1937-ին Անտիոքի Հարպիէի արուարձանը, մուսալեռցի ծնողներէ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Դամասկոսի Մէզզէի ֆրանսական վարժարանին եւ Այնճարի հայ քոյրերու դպրոցին մէջ։ Այնուհետեւ, 25 Յունիս 1950-ին անցնելով Վիեննայի Մխիթարեան ընծայարանը, կը բոլորէ իր երկրորդական ուսումը։ 13 Մարտ 1954-ին կ՚անդամակցի Մխիթարեան միաբանութեան[1]:

Իմաստասիրական եւ աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումը աւարտելէ ետք, արեւելեան լեզուներու եւ գրականութեան ճիւղերուն հետեւած է Վիեննայի պետական համալսարանին մէջ։ Մասնագիտացած է արդի գրականութեան մէջ։

Քահանայ օծուած է 22 Յունուար 1961-ին եւ մինչեւ 1964 վարած է Գահիրէի Հելիոպոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի փոխտնօրէնի պաշտօնը։

1964-1987 եղած է Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնը եւ դասաւանդած՝ գրականութիւն եւ բարոյագիտութիւն բարձրագոյն դասարաններուն։ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի արեւելեան լեզուներու բաժնին մէջ դասախօս եղած է 1965-1975-ին։ 1982-ին եղած է Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Պատրիարք-Կաթողիկոսի օգնական եպիսկոպոսը, իսկ 1999-էն՝ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոսի օգնականը[2]:

2000-էն նախագահն էր հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններուն, ինչպէս նաեւ գլխաւոր պատասխանատուն՝ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դպրոցներուն։

Աշխատակցած է սփիւռքահայ բազմաթիւ թերթերու եւ գրած՝ կրօնա-բարոյական, գրական եւ բանաստեղծական տասնեակ գիրքեր։

20 Դեկտեմբեր 2011-ին, հայ կաթողիկէ միութեան «Արարատեան» սրահին մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն կազմակերպուած է՝ նուիրուած Վարդան եպս. Աշգարեանի[3]:

2011-ին հանգստեան կոչուելէ ետք, 2012 Յունուարին ան մեկնած է Վիեննա՝ Մխիթարեան միաբանութեան ուխտին մէջ շարունակելու իր ներանձնական կեանքը։

Մահացած է նոյն տարին ու թաղուած, ըստ կտակին, իր մօր շիրիմի կողքին՝ Այնճարի գերեզմանատան մէջ։

Հրատարակած գիրքեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրչանունը Վարդան Զօրենց եղած է, իսկ հրատարակած գիրքերն են՝

  • «Քնար մայրական»
  • «Հայրենաշունչ»
  • «Բուռ մը բանաստեղծ մտաւորականներ»
  • «Կեանքը երգ»
  • «Միայն մէկ ժամ»
  • «Հինը որ նոր պիտի ըլլայ»
  • «Կինը»
  • «Որովհետեւ տեղ չկար»
  • «Բռունցքի նման»
  • «Պահանջելու պէս խնդրանք իբրեւ»
  • Ստացած է Սաիտ Աքըլի մրցանակը՝ իր գիրքին արաբերէն թարգմանութեան առիթով։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]