Վարակիչ Կակղամորթախտ
Վարակիչ Կակղամորթախտ Molluscum contagiosum | |
---|---|
| |
ՀՄԴ-9 | 078.0 |
ՀՄԴ-10 | B08.1 |
MedlinePlus | 000826 |
eMedicine | 270 |
MeSHID | D008976 |
Disease Ontology | 8337 |
Վարակիչ կակղամորթախտը (Molluscum contagiousum) մորթային վարակիչ հիւանդութիւն մըն է։ Անոր յարուցիչը (causative agent) յատուկ ժահր մըն է, որ ունի չորս տարբեր խմբաւորումներ։ Այս ժահրը կը հարուածէ միայն մարդ արարածը եւ անիկա կ'ապրի առաւելաբար խոնաւ, տաք եղանակներուն եւ խճողուած վայրերու մէջ։ Ժահրը կը հարուածէ միայն մորթի մակերեսը, անիկա մարմինին մէջ չի տարածուիր[1]:
Յաւելեալ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարակիչ կակղամորթախտը շատ տեսնուած մորթային հիւանդութիւն մըն է։ Անիկա կը պատահի անխտիր բոլոր երկիրներուն մէջ եւ որեւէ մէկ տարիքի՝ առանց սեռի խտրութեան, բայց առաւելաբար մանուկներու՝ 1-10 տարիքներուն միջեւ[2], տկար վարակամերժողականութիւն ունեցողներու, ձեռքբերովի վարակամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշ (AIDS), մարդկային վարակամերժութեան անբաւարարութեան ժահրով (HIV) տառապողներու եւ քաղցկեղի դարմանումի մէջ գտնուող հիւանդներուն։
Վարակիչ կակղամորթախտը կը յատկանշուի մորթի մակերեսի մէկ կամ մէկէ աւելի վէրքերով՝ թարախափշտիկներով (pustules), որոնք ցաւ չեն պատճառեր, սակայն կրնան յառաջացնել տեղային քերուըտուք։ Քերելով այս վէրքերը կը յառաջանայ երկրորդական բորբոքում, որ պատճառ կը դառնայ մորթի սպիացումին։
Վէրքերը կրնան յայտնուիլ մարմինի որեւէ մէկ բաժինին վրայ, մանաւանդ՝ իրանին (trunk), բազուկներուն, աճուկին (groin) եւ սրունքներուն վրայ։ Շատ հազուագիւտ պարագաներու, անոնք կրնան յայտնուիլ աչքին շուրջը, կոպերուն վրայ եւ բերանի ու քիթի խլնաթաղաթանթին (mucous membrane) վրայ։ Յաճախ այս վէրքերը ջրակոծիծ (water warts) կը կոչուին։ Վէրքերը կ'ըլլան գմբէթաւոր, մորթի գոյն, մարգարիտանման կամ բաց վարդագոյն։ Անոնք կը պարունակեն ճերմակ ճարպաթարախ, ուր կ'ապրին յարուցիչ ժահրերը։ Վէրքերը վարակիչ են մինչեւ որ անհետանան։ Իրաքանչիւր վէրքի մակերեսը կ'ունենայ փոսիկ մը։ Վէրքերուն մեծութիւնը կը տարուբերի գնդասեղի մը գլխու չափէն մինչեւ 5 մմ..[3]:
Վարակիչ կակղամորթախտը կը փոխանցուի անձէ անձ ուղղակիօրէն։ Փոխանցումը կ'ըլլայ դպնալով ախտահարուած անհատի վէրքերուն։ Անիկա կը փոխանցուի սեռային յարաբերութեամբ, եթէ վէրքը գտնուի տղամարդոց առնանդամին եւ կիներուն ու աղջիկներուն իգափողին-հեշտոցին (vagina), ամօթոյքին (vulva) վրայ։
Յաճախ վարակուած անհատը քերուըտուքի պատճառով կը քերէ մորթային վէրքերը եւ կը վիրաւորէ զանոնք ու պատճառ կը դառնայ վէրքերուն ժահրերով հարուստ հեղուկի արտահոսումին։ Այս պարագային տեղի կ'ունենայ ինքնավարակում (auto-inoculation), այսինքն նոր վէրքեր կը յայտնուին մարմինի այլ բաժիններուն վրայ։ Այս մէկը կը յառաջանայ դպնալով այդ հեղուկին եւ փոխադրելով թարախոտ հեղուկն ու ժահրերը մատներու միջոցաւ։ Այս թարախոտ հեղուկը կրնայ կեդրոնանալ կամ փոխադրուիլ անհատի սպասներուն կամ մանուկին խաղալիքներուն, ինչպէս նաեւ անոնց բաղնիքը, աւազանը եւ լոգարանը։ Ուստի, առողջ անձ մը՝ դպնալով այս վարակուած սպասներուն, խաղալիքներուն կամ նոյն բաղնիքը կամ աւազանը գործածելով, կրնայ շատ դիւրաւ վարակուիլ այս հիւանդութեամբ[4][5]:
Վարակիչ կակղամորթախտը, բացի մորթի մակերեսային անցաւ վէրքերէն, հիւանդագին այլ հարցեր չի յառաջացներ։ Վէրքերը ինքնաբերաբար, ժամանակի ընթացքին կ'անհետանան, առանց որեւէ մէկ դեղի գործածութեան։
Վարակիչ կակղամորթախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի պարզապէս տեսնելով բացայայտ եւ յատկանշական մորթային վէրքերը։ Անոր յարուցիչ ժահրը կարելի չէ մշակել։ Սակայն կարելի է վէրքէն կտոր մը վերցնել-կենսահերձում կատարել (biopsy) եւ տեսնել ժահրը։
Վարակիչ կակղամորթախտը յատուկ դեղադարման չունի։ Անոր դէմ պատուաստ ալ չկայ։ Սակայն կան այլ դարմանամիջոցներ, որոնք երբեմն կը կիրարկուին։
Յանձնարարելի է ծածկել վէրքերը, որպէսզի վարակուած անհատը սխալմամբ չդպնայ իր վէրքերուն եւ չվիրաւորէ զանոնք։
Վարակուած մանուկը կրնայ դպրոց երթալ կամ մանկամսուր, պայմանաւ որ վէրքը ծածկուած ըլլայ կապօգնականով (band aid):
Այս հիւանդութեամբ վարակուած անհատը ախտամերժութիւն չ'ունենար։ Ան կրնայ երկրորդ անգամ ախտահարուիլ այս հիւանդութեամբ, եթէ ուղղակի հպում ունենայ վարակուած անհատի մը հետ։
Այս հիւանդութեամբ վարակուած անհատը ինքնաբերաբար պէտք է հետեւի կարգ մը կանխազգուշական միջոցներու, ինչպէս՝ ձեռքերը յաճախ լուալ, վէրքերը մաքուր պահել եւ վէրքերը կապօգնականով ծածկել։
Իսկ առողջ մարդիկ, որպէսզի չվարակուին այս հիւանդութեամբ, նմանապէս պէտք է առնեն որոշ կանխազգուշական միջոցներ, ինչպէս՝ վարակուած անհատին հետ հպում եւ սեռային յարաբերութիւն չունենալ, անոր սպասները, անկողինը հագուստները եւ լոգարանը կամ աւազանը չգործածել։
Տե'ս Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Փայծաղ
- Ականջային Արիւնահոսութիւն
- Գլխապտոյտ
- Մանկական Անդամալուծութիւն
- Ողնայարի Կողմնածռութիւն
- Ջղային Անախորժակութիւն
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Likness LP (June 2011)։ «Common dermatologic infections in athletes and return-to-play guidelines.»։ The Journal of the American Osteopathic Association 111 (6): 373–379։ PMID 21771922
- ↑ «Frequently Asked Questions: For Everyone. CDC Molluscum Contagiosum»։ United States Centers for Disease Control and Prevention։ արտագրուած է՝ 2008-06-29
- ↑ «Molluscum (Molluscum Contagiosum) FAQ»։ Centers for Disease Control and Prevention։ արտագրուած է՝ 26 December 2013
- ↑ Weller R, O'Callaghan CJ, MacSween RM, White MI (1999)։ «Scarring in molluscum contagiosum: comparison of physical expression and phenol ablation»։ BMJ 319 (7224): 1540։ PMC 28297։ PMID 10591712։ doi:10.1136/bmj.319.7224.1540
- ↑ Tyring SK (2003)։ «Molluscum contagiosum: the importance of early diagnosis and treatment»։ Am. J. Obstet. Gynecol. 189 (3 Suppl): S12–6։ PMID 14532898։ doi:10.1067/S0002-9378(03)00793-2