Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ Դուք կրնաք օգնել ծրագիրին՝ տեղադրուած տեղեկութիւններուն հաւաստիութիւնը գտնելով վստահելի աղբիւրներու մէջ եւ այդ աղբիւրները յղումներու տեսքով աւելցնելով յօդուածին մէջ։ Չհիմնաւորուած աղբիւրները ենթակայ են հեռացման։
Ծնած է Արաբկիր, Սեբաստիոյ մօտ։ Ինք դեռ մանուկ՝ ընտանիքը փոխադրուած է Ռուսիա, ապա՝ Երեւան (1932)։ Աւարտած է Երեւանի համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինը։ Դեռ ուսանող՝ հրատարակած է քերթուածներու առաջին ժողովածուն։ Վահագն Դաւթեանի ստեղծագործութիւնները սկսած են տպագրուիլ 1935 թուականէն։ «Առաջին սէր» (1947), «Աշխարհի Առաւօտը» (1950) բանաստեղծութիւններու հաւաքածուներուն մէջ արտայայտուած են, հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցողի, հայրենասիրական զգացմուները, սէրը հարազատ հողի ու բնութեան նկատմամբ։ 1948-էն գործած է մամուլի մէջ («Աւանգարդ» եւ «Գրական Թերթ»)։ Եղած է ասոնցմէ երկրորդի, ապա սփիւռքի հետ մշակոյթի կապի Կոմիտէի թերթերու՝ խմբագիր, նաեւ կոմիտէի վարիչ։ Հրատարակած է քերթուածներու ժողովածուներ, երկ-պոէմներ, թատերգութիւն, ուղեգրական-յուշագրական երկեր։ Ունի թարգմանական մեծ վաստակ՝ ժամանակի խորհրդային գրականութենէն (ռուս եւ այլ)։ Իր գործերէն ոմանք եւս թարգմանուած են այլ լեզուներու։ Մահացած է Երեւան։