Ս. Կղեմէս Հռոմայեցի
Ս. Կղեմէս Հռոմայեցի լատ.՝ Clemens PP. I Romanus | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1-ին դար |
Ծննդավայր | Հռոմ, Հռոմէական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 99[1] |
Մահուան վայր | Խերսոնես Տավրիկյան, Bosporan Kingdom |
Քաղաքացիութիւն | Հին Հռոմ |
Կրօնք | Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցի[2] |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | First Epistle of Clement? |
Մասնագիտութիւն | աստուածաբան, Կաթոլիկ քահանայ |
Վարած պաշտօններ | Հռոմի Պապ[3] |
Ծնողներ | հայր՝ Titus Flavius Sabinus?, մայր՝ Arrecina? |
Այս յօդուածը չի համապատասխանիր Ուիքիփետիայի հանրագիտական ոճի չափանիշներուն: Ցուցմունքներու համար կրնաք այցելել քննարկման էջը: Տե՛ս Ուիքիի ոճական ուղեցոյցը յօդուածը բարելաւելու ցուցմունքներու համար: |
ՍՈՒՐԲ ԿՂԵՄԷՍ ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՍՏԵՂԾԱԾ ԳՐՈՒԹԻՒՆԸ Մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի տասներկու աշակերտներուն յաջորդները եղան անոնց աշակերտները, որոնք ճանչուած են Առաքելական Հայրեր յորջորջումով: Անոնք իրենց գրական վաստակը սկսան տասներորդ դարուն մօտաւորապէս 92-101 թուականներուն: Անոնք էին, որ պահեցին Քրիստոսի ճշմարիտ եկեղեցին չարին արձակած բոլոր նետերուն դիմաց: Մեր փափաքն է, որ յառաջիկայ փոքր աշխատանքներուն, Առաքելական Հայրերէն անձեր առնենք ու ուսումնասիրենք, սակայն մենք մեր այս փոքր ուսումնասիրութեամբ պիտի ներկայացնենք անոնցմէ մէկը, որն է՝ Ս. Կղեմէս Հռոմայեցի Հայրապետը:
Կեանքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ս. Կղեմէս Հռոմայեցի եպիսկոպոսը կը համարուի Ս. Պետրոսէն ետք Հռոմի երրորդ Եպիսկոպոսը: Ս. Իրենէոսի վկայութեան համաձայն, Ս. Կղեմէս Հռոմայեցի անձամբ ծանօթ եղած է թէ՛ Պետրոս եւ թէ՛ Պօղոս Առաքեալներուն: Շատ տեղեկութիւններ չկան Ս. Կղեմէսի գործունէութեան մասին, սակայն ոմանք Կղեմէսի իշխանութեան տարիները տուած են 92-101 թուականները: Ըստ Եւսեբիոս Կեսարացիի վկայութեան, Ս. Կղեմէս իր իշխանութեան գլուխը անցած է 81-96 թուականներուն, Դոմետիանոս կայսրին գահակալութեան շրջանին: Սուրբը նահատակուած է ԺԱ. դարուն, Տրայանոս Կայսրին իշխած երրրորդ տարին:
Գրական Վաստակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ս. Կղեմէս Հռոմայեցիէն մեզի հասած աշխատանքը կը կոչուի, «Թուղթ առ Կորնթացիս: Յայսմաւուրքին համաձայն, ան առաւելապէս ծանօթ եղած է Հելլենական Դպրութեան: Ս. Կղեմէսի սոյն թուղթը կը համարուի յետառաքելական շրջանի ամենակարեւոր փաստաթուղթը եւ քրիստոնէական գրականութեան հնագոյն մէկ մասունքը: Առաքելական Հայրերուն գրական Վաստակը կը յատկանշուի, գրական պարզութեամբ, կրօնական անկեղծ համոզմունքներով, մտածումի եւ արտայայտութեան անկախութեամբ: Առաքելական Հայրերուն գրական վաստակը մուտք չէ գործած Նոր Կտակարանի կանոնին մէջ: Անոնք իրենց կեանքի ընթացքին ստեղծագործեցին առաջին դարու վերջերը ու երկրորդ դարու կէսերը: Անոնց գրածները առնչութիւն ունեցած են Նոր Կտակարանի գրութիւններուն, ինչպէս նաեւ առաքելական ու աւետարանական ուսուցման եւ պատգամներուն հետ: Ս. Կղեմէս եպիսկոպոսը, իբրեւ Առաքելական Հայր, գործեց, գրեց, ջատագովեց ու պաշպանեց եկեղեցին ամէն հարցերուն դիմաց, ինչպէս նաեւ պետական հալածանքներու ամենածանր շրջանին: Ս. Կղեմէս եղաւ եկեղեցւոյ մեծ պաշտպանը, որովհետեւ իր ապրած կեանքի ընթացքին մանաւանդ առաջին եւ երկրորդ դարերուն եկեղեցին բուռն պայքար մղեց օրինակ՝ սուտ աղանդներու դիմաց: Ինչպէս տեսանք, որ եկեղեցին դժուարութիւններու դիմաց կը կանքնի եւ ի վերջոյ նամակ մը կ'ուղարկուի Տրայանոս Կայսրին՝ ուր կը յաջողին այդ նամակով բարենորոգումներ կատարել Փոքր Ասիոյ մէջ: Ա. եւ Բ. Դարերու պատահած հարցերուն մասին մեզի հաւանաբար ոչինչ կը հասնէր, եթէ չըլլար Ս. Կղեմէս: Ան այդ ծանր պայմաններիուն մէջ, ապրեցաւ ու իր գործով՝ «Թուղթ առ Կորնթացիս» թուղթով, մեզի հանցնեց զանոնք:
Ս. ԿՂԵՄԷՍԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ
Պատմութիւնը կ'ըսէ, թէ Պողօս Առաքեալ Կորնթոսի եկեղեցին հիմնեց՝ յաղթահարելով բազում դժուարութիւններ: Եկեղեցին հաստատուելէն ետք, դրուեցան կարգեր ու կանոններ, որուն կը հնազանդէր ժողովուրդը: Սակայն, ժամանակ մը ետք, Պողօս կը հեռանայ Կորնթոսէն՝ ու կ'անցնի իր առաքելութեան: Իր հեռանալէն ետք, դարձեալ ի յայտ կու գան սուտ քարոզողներ, որոնք կը սկսին եկեղեցին բորբոքել: Այս միջոցին Հռոմի եկեղեցին նամակ կը գրէ, եւ գրողը կ'ըլլայ Ս. Կղեմէս Հռոմայեցի Եպիսկոպոսը, որ կը շեշտէ եկեղեցւոյ իսկական ծագումը ու սուտ առաքելութիւններ քարոզողներուն ու աղանդներուն սխալը ի յայտ կը բերէ:
Ս. Կղեմէսի Գրութեան Բնոյթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ս. Կղեմէսի գրած թուղթը եղբայրական կոչի, քրիստոնէական սիրոյ, համերաշխութեան ու բարութեան բնոյթը ունի: Ս. Կղեմէսի թուղթը կ'ընթերցուէր ըստ Եւսեբիոսի վկայութեան, Կորնթոսի եկեղեցւոյ մէջ, պաշտամունքի ժամանակ, մինչեւ 170 թուական:
- Ս Կղեմէս իբր կարգապահութեան օրինակ, կորնթացիներուն կը յիշեցնէ, Հռոմէական բանակի կարգապահութիւնը, ինչպէս նաեւ կարգն ու կանոնը:
- Ս. Կղեմէսի թուղթը կը համարուի, նաեւ Ա. դարու եկեղեցական պատմութեան, դաւանաբանութեան, եկեղեցական իրաւունքի ծիսապաշտութեան, թանկագին եւ կարեւոր փաստաթուղթը:
- Ս. Կղեմէսի կը վերգրուին բազմաթիւ գործեր, սակայն ըստ իրականութեան, այն է՝ որ Ս. Կղեմէս գրած է միայն Կորնթացիս թուղթը:
- Ս. Կղեմէսի գրած թուղթը, Հայերէն լեզուի թարգմանուած, ոչ մէկ նմուշ կայ: Այնուհանդերձ, Երեւանի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի անուան ցուցակին մէջ Ս. Կղեմէսի գործերէն ոչ Հայերէն լեզուին թարգմանուած, կը պատկանին հետեւեալները, Կղեմէսը «Վասն Հերձուածողաց», «Ճառք», «Քարոզք», «Վարք Կղեմայ», եւ «Վկայութիւն Վասն Քրիստոսի»:
Օգտագործուած Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հատիտյան Արթիւն, Առաքելական Հայրեր, Էջմիածին, 1979 2. ترجمة : سليم اسكندر، مايكل رأفت، تاريخ الفكر المسيحي، مكتبة دار الكلمة2012 3. المطران كيرلس سليم بشترس، الأب حنا الفاخوري، الأب جوذيف البولسي، تاريخ العفكر المسيحي عند أباء الكنيسة، منشورات المكتبة البولسية، 2001
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ autori vari (unspecified title) — 2000.
- ↑ Catholic-Hierarchy.org — USA: 1990.
- ↑ BeWeB