Jump to content

Ճրագալոյց

Ճրագալոյց, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ 5 տաղաւար տօներէն երկուքին՝ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Զատկուան նախորդող օրը։ «Ճրագալոյց» անունը յառաջացած է «ճրագ լուցանել» արտայայտութենէն, որ կը նշանակէ ճրագ վառել, մոմ վառել: Ըստ հազարամեայ աւանդոյթի, տաճարէն տուն տարուած լոյսը կը լուսաւորէր ամբողջ տարուան ընթացքին՝ ցոյց տալով արդարութեան, յաջողութեան ու յաղթանակներու ճանապարհը:

Ճրագալոյցի Ս. Պատարագին ընթացքին, եկեղեցին կ'աւետէ բարի լուրերը՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» եւ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»[1][2]։

Աւանդութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակին ժա­մեր­գութեան կ'երթային միայն տղա­մար­դիկ, իսկ եթէ որե­ւէ ըն­տա­նիքի մէջ եկե­ղեցի յա­ճախե­լու տա­րիք ու­նե­ցող տղամարդ չըլլար, կա­նայք դու­ռը բաց կը սպա­սէին ժա­մեր­գութենէն վե­րադար­ձողնե­րը, որե­ւէ տղա­մար­դէ Աւե­տիս կը լսէին եւ պա­սը բա­նալու թոյլտու­ութիւն կը խնդրէին։ Եկե­ղեցիէն կը բե­րէին տան ան­դամնե­րու թի­ւին հա­ւասար մո­մեր եւ կ'ընթրէին մո­մի լոյ­սին տակ։ Ամա­նորի առա­ջին օրէն տա­ն մէջ վառ կը մնար օճա­խին կրա­կը։ Նաեւ կը զար­դա­րէին որե­ւէ մէկ մշտա­դալար ծա­ռի ճիւղ մը, որմէ հե­տագա­յին յառա­ջացած է տօ­նածա­ռի գա­ղափա­րը։ Ըստ առաս­պե­լի մա­նուկ Յի­սու­սը տես­նե­լու կու գան աշ­խարհի տար­բեր ծայ­րե­րէն ամէն մարդ ու անասուն, սա­կայն սար­դին չեն արտօներ մուտք գոր­ծել քա­րայր՝ զայն զազ­րե­լի արա­րած մը հա­մարե­լով։ Յի­սու­ս, այդ իմա­նալով, սար­դին ծա­ծուկ թոյլ կու տայ մտնել քա­րայր։ Երբ առա­ւօտեան բոլորը կ'արթն­նան, կը տես­նեն՝ ամ­բողջ ան­ձա­ւին ան­կիւններն ու պա­տերը պա­տուած են սար­դոստայ­նով։ Կը բար­կա­նան եւ կ'ու­զեն դուրս վռնտել սար­դը, սա­կայն Յի­սուս հրաշք կը գործէ, եւ բո­լոր սար­դոստայննե­րը կը սկսին շող­շո­ղալ նուրբ լոյ­սերով։ Այ­նուհետեւ տօ­նածառ­ե­րը նոյնպէս կը զար­դա­րեն շող­շո­ղուն փայ­լե­րով։ Սովորաբար,խթման ընթրիքին հայ տան սեղանին վրայ պատրաստ կ'ըլլան ձուկ, բանջարեղէն, շոմին, հաւկիթ, գինի, իբրեւ հիմնական աւանդական ուտելիքներ, ինչպէս,նաեւ զանազան այլ ուտելիքներ:

Ս. Ծննդեան Ճրագալոյց

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ եկեղեցին Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան օրը անփոփոխ կը նշէ 6 Յունուարին։ Ս. Ծննդեան նախապատրաստութիւնը կը սկսի 29 Դեկտեմբերէն` Ս. Ծննդեան պահքի Բարեկենդանով, իսկ յաջորդ օրը կը սկսի Ս. Ծննդեան շաբաթապահքը` ընդգրկելով Ամանորը։ Պահքէն դուրս կու գան 5 Յունուարին, եւ այդ օրը երեկոյեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի ճրագալոյցի սուրբ պատարագ։

5 Յունուարին աստուածայայտնութեան ճրագալոյցի գիշերային ժամուն քահանաները զգեստաւորուած ատեան կու գան։ Ատեանը կը խնկարկեն եւ «Ուրախացիր սրբուհի» շարականի երգեցողութեամբ կը սկսին օրհնաբանել Աստուածամայր Կոյսին՝ յայտնելով Յիսուսի գալուստը։ Նոյն խորհուրդով կ'ընթերցեն նաեւ Յիսուսի ծնունդը աւետող դրուագը Ղուկասի ավետարանէն[3]։

Առաւօտեան ժամը 9:00-ին բոլորը կը հաւաքուին եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ բեմը նախապէս վարագոյրով ծածկուած կ'ըլլայ։ Ապա պատարագիչը կը բարձրանայ խորան եւ կը զգեստաւորուի։ Այս ընթացքին ատեանը կ'ընթերցեն Յիսուս Քրիստոսի գալուստը վկայող մարգարէութիւնները։ Ապա կ'ընթերցեն Դանիէլի մարգարէութենէն հատուածներ, կը բացուի սուրբ խորանի վարագոյրը։ Կը սկսի սուրբ պատարագի արարողութիւնը։ Պատարագէն ետք քահանայական թափօրը սեղանատուն կ'երթայ՝ նախատօնակը հոն կատարելու։ Աւարտին կը կատարուի յաջորդ օրուան տօնին նախատօնակը, որմով սկիզբը կը դրուի Ս. Ծննդեան տօնին յիշատակը։ Անիկա Ս. Ծննդեան տօնին նախապատրաստութիւնն է։

«Այսօր նախօրէն ու նախատօնակն է վաղուան մեծ լոյսի ծագման։ Եւ ինչպէս թագաւորին գալստեան աւետիսը լսելով՝ Զինք սիրողները կ'ուրախանան ու պատրաստութիւն կը տեսնեն կամ ջահերով ընդառաջ կ'երթան Անոր, նոյնպէս ալ մենք»։
- Ս. Գրիգոր Աստուածաբան


Ճրագալոյցի երեկոն կը կոչուի նաեւ Խթում. անիկա ուտիքի նախատօնակն է։

Ս. Զատկուան Ճրագալոյց

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ս. Զատկուան ճրագալոյցի պատարագի աւարտին պատարագիչ քահանան սուրբ սեղանը սպասաւորող սարկաւագներու եւ դպիրներու ուղեկցութեամբ՝ մոմերով, բուրվառով, յարութեան պատկեր խաչվառով, քշոցներով ու ծնծղաներով հանդիսաւոր թափօր կազմած կ'իջնեն խորանէն եւ ատեանը կը կատարուի նախատօնակի արարողութիւն։ Աւետարանի ընթերցումէն ետք հանդիսապետ հոգեւորականը շարականներու, տաղերու երգեցողութեամբ բուրվառով կը խնկարկեն եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած հաւատացեալները եւ կը հնչեցնեն կեանք պարգեւող աւետիսը՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]