Jump to content

Սուրբ Ոսկեանք Քահանաներ

Սուրբ Ոսկեանք (նահ. Ք.Ե. 100 կամ 107, Եփրատի վտակ Արածանիի ակունքներուն մօտ), Ա. դարու տօնելի վկաներ, ճգնաւորներ (5 հոգի, հռոմէացիներ), Թադէոս առաքեալին աշակերտները: Հայոց Տօնացոյցին մէջ կը յիշատակուին Քահանայք անունով:

Ըստ հայոց վկայաբանութեան (գրի առնուած է Ե. դարուն, Է.- Ը. դարերուն թարգմանուած է վրացերէնի), հռոմի կայսրը զիրենք, իբրեւ արքունի պատգամաւորներ, ուղարկած է Հայոց Սանատրուկ թագաւորին քով, բայց Ոսկեանք, Հայաստանի մէջ հանդիպելով Թադէոս առաքեալին, մկրտուած են անոր ձեռքով, հրաժարած իրենց աշխարհիկ առաքելութենէն ու հաստատուած քրիստոնէական հաւատքի եւ քարոզչութեան մէջ: Թադէոս առաքեալ անոնց գլխաւորը, որ կոչուած է Խրյուսոս (հայերէն՝ Ոսկի), ձեռնադրած է քահանայ: Անոր անունով ալ խումբը կոչուած է Ոսկեանք[1]:

Թադէոս առաքեալին նահատակութենէն ետք, անոնք հաստատուած են Եփրատ գետի հարաւ-արեւելեան ակունքներուն մօտ, Ծաղկոտն գաւառի Ծաղկաւէտ կամ Ծաղկոտն լեռներուն մէջ: Աւելի քան 40 տարի, ինչպէս կը պատմէ վկայաբանութիւնը «հրեշտակային վարքով» ճգնելէ ետք, աստուածային ազդումով, իջած է լեռներէն եւ գացած Արտաշատ՝ Հայոց արքունիք՝ Աւետարանը քարոզելու Հայոց Արտաշէս թագաւորին, Սաթենիկ թագուհիին եւ ողջ պալատին: Անոնց քարոզչութեամբ քրիստոնեայ դարձած են թագուհիին ազգականները՝ ալանաց իշխաններ Սուքիասեանները (Սուքիասեանք): Հայոց արքայորդիները, գտնելով արքունիքը լքած Սուքիասեանքը եւ չկարենալով զանոնք համոզել՝ վերադառնալու արքունական կեանքին, իրենց զայրոյթը թափած են Ոսկեանց վրայ, իբրեւ իրենց մօր ազգականները մոլորեցնողներ, եւ սպաննած զանոնք:

Հայաստանեայց եկեղեցին Ս. Ոսկեանց յիշատակը կը նշէ Առաջաւորաց պահքին յաջորդող Հինգշաբթի կամ Տեառնընդառաջի նախընթաց երեքշաբթի օրը՝ Ս. Սուքիասեանց յիշատակին հետ: Ս. Ոսկեանց ձօնուած է «Որք արժանաւորեցաք կոչիլ յաշակերտութիւն առաքելոյն Թադէոսի, Եւ աստուածային հրով մաքրութեան Ոսկի փորձեալ գըտայք ի բնակարանս հրեշտակաց» շարականը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Սոփերք հայկականք», հ. 19, 1854, էջ 59-66, Աւգերեան Մ., «Լիակատար վարք եւ վկայաբանութիւն…», հ.2, 1811, էջ 127):