Սիմոն Քիւփէլեան
Ծնած է | 1885 |
---|---|
Ծննդավայր | Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահուան վայր | Պաղտատ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահուան պատճառ | Հայոց ցեղասպանութիւն |
Կրթութիւն | |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Կոչում | Սպայ |
Ծնողներ | Սերոբ Քիւփէլեան |
Սիմոն Քիւփէլեան Սերոբի (1885, Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բժիշկ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1885 թուականին Հալէպի նահանգի, Մարաշի գաւառի կեդրոն՝ Մարաշ քաղաքին մէջ, վարպետ դերձակ Սերոբ Քիւփէլեանի ընտանիքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրէն ներս, այնուհետեւ ուսանած է ամերիկացի միսիոներներու Այնթէպի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճին մէջ։ 1906 թուականին աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու Տարսոնի Սէյնթ Փօլ գոլէճը, 1910 թուականին՝ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը եւ ստացած՝ բժիշկի վկայական։ 1910-1915 թուականներուն Մարաշի մէջ որպէս բժիշկ աշխատած է։
1915 թուականի ամրան՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, ի թիւս բազմաթիւ հայ բժիշկներու, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած՝ սպայի աստիճանով։ 1915 թուականին հազարաւոր հայ ընտանիքներու կարգին, անոր ընտանիքը եւս աքսորուած է Տէր Զօրի անապատը։ Բժիշկը, ըլլալով թուրքական բանակի սպայ, մեծ դժուարութեամբ կարողացած է ընտանիքը փրկել ողջակիզուելէ։ Ծառայութեան բերումով ուղարկուած է Պաղտատի ռազմաճակատ եւ իր բախտակից հայ բժիշկներուն նման թուրքերու կողմէն գնդակահարուած է։
1918 թուականին ընտանիքը վերադարձած է հայրենի «Քահրաման Մարաշ» եւ իրենց տունը գտած է աւերուած։ Անկէ ետք ընտանիքը որոշած է տեղափոխուիլ ԱՄՆ։ Ամուսնացած է՝ ազգութեամբ յոյն, Մարիին հետ։ Որդին՝ Նեսիպ Սիմոնի Քիւփէլեան (1886, Մարաշ - անյայտ, ԱՄՆ), եղած է բժիշկ եւ բնակած ԱՄՆ։ Միւս որդին՝ Վահէ Սիմոնի Քիւփէլեան (1912, Մարաշ - 1988, Ուաշինկթըն), եղած է ամերիկեան ռազմական խորհրդատու եւ ղեկավարած է ինքնաթիռներու ու բաղիստրական հրթիռներու ստեղծումը։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ, Նիւ Եորք, 1934։
- Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
- Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Նիւ Եորք, 1988։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։