Սերիոժա Սուքիաս Յարութիւնեան
Սերիոժա Սուքիաս Յարութիւնեան | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | հայ.՝ Սերիոժա Սուքիաս Յարութիւնեան |
Ծնած է | 9 Յունիս 1940 |
Ծննդավայր | Երեւան |
Մահացած է | 3 Մայիս 1994 |
Մահուան վայր | Մարտակերտի շրջան, Արցախի Հանրապետութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Հայաստան Հայաստան |
Ազգութիւն | Հայ |
Սերիոժա Սուքիաս Յարութիւնեան (9 Յունիս 1940, Երեւան - 3 Մայիս 1994, Մարտակերտ, Թաղուած է Եռաբլուր (Երեւան), Արցախեան պատերազմի հերոս, ֆետայի:
Մանկութիւն եւ Պատանեկութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Երեւան, 1940-ին: Հայրը՝ Սուքիաս, մասնակցած է ֆիննական պատերազմին ու անհետ կորսուած: Մայրը՝ Քաթիան, չդիմանալով պատերազմական տարիներու դժուարութիւններուն, կ'անհանգստանայ եւ անկարող կը դառնայ ստանձնելու իր որդւոյն՝ Սերիոժայի հոգատարութիւնը: Երեք տարեկան Սերիոժան դրացիները կը յանձնեն Լենինականի մանկատուն, ուր կը մնայ եօթը տարի: Կը վերադառնայ հօրենական տունը, կը գտնէ մայրը ու կը սկսի աշխատանքի փնտռտուքի, ապահովելու իր եւ մօր ապրուստը: Տասնամեայ տղան կը հանդիպի Գուրգէն Պաղտասարեան անունով մարդու մը, որ իր կնոջ՝ Կարինէի հետ կը խնամեն Սերիոժան: Ան սկզբնական շրջանին կ՝աշխատի ոսկերչական գործարանի մը մէջ, ապա Երեւանի թիւ 1 դպրոցը կը յաճախէ, որու տասնամեայ ընթացքը աւարտելէ ետք, կը մեկնի Փոթի, ուրկէ Վրաստանի ովկիանոսային ձկնորսական վարչութեան իբրեւ ծովագնաց աշխատող՝ կը վերադառնայ հայրենիքի զինուոր՝ «թանկիստ»ի մասնագիտութեամբ:
Ընտանեկան Կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կ՝ամուսնանայ Գոհար անունով աղջկայ մը հետ, որմէ կ՝ունենայ երկու զաւակ՝ Եդուարդ եւ Գայեանէ, զորս կը սնուցանէ հայրենասիրական գաղափարներով:
Գաղափարի մարդը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յաճախ իր շուրջինները կը խրախուսէր ըսելով.«Հայոց պատմութիւն սորվէ՛, Տէր–Զօր յիշէ՛, Զէյթունի, Վանի հերոսամարտերը կարդա՛ եւ սորվէ՛...»: 1988-ին, Ազատութեան հրապարակին մէջ, առաջին յայտնուողներէն էր Սերիոժան, ուր կը տեսնէր իր երազներու իրականացման առաջին ծիլերը: Իրեն համար, անկախ ու միացեալ Հայաստանի երազը...: Բայց իր մեծագոյն ցանկութիւնը Մեծ Հայք հասնիլն էր...:
«Մեծ Հայք» ջոկատն ու Սերիոժան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1989-ին, կամաւորներէն բաղկացած « Մեծ Հայք» ջոկատի անդամագրուելով, իր ամբողջ կարողութիւններն ու գիտելիքները կը տրամադրէ մարտական գործողութիւններու իրականացման գործին: Ան իր գիտելիքներու պաշարը ամբարած էր ծովային նաւարկութիւններու եւ բանակային ծառայութեան ընթացքին S-54 թնդանօթը վարելու հմտութիւններ ձեռք բերելու ատեն: Յանուն բռնագրաւեալ հողերու ազատագրութեան, 1992-ին,«Մեծ Հայք» ջոկատը կը մարտնչի Արաբկիրի կամաւորական գումարտակի կազմին մէջ, կը մասնակցի Երասխի, Գորիսի, Սիսիանի սահմաններու պաշտպանական եւ Արցախի Քարագլուխ, Սարդարաշէն, Մեծշէն, Մաղավուզ, Յակոբ Կամարի, Մատաղիս գիւղերու ինքնապաշտպանական ու ազատագրական մարտերուն: Հայկական զօրքերուն յաղթարշաւը անկասելի էր, որովհետեւ անոնք կը կռուէին ո՛չ թէ նուաճելու, այլ ազատագրելու համար:
Նահատակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ազատագրուած Թալիշ գիւղը թշնամիին շարունակական յարձակումներէն պաշտպանող մեր մարտիկները դիրքերը փոխարինողներուն յանձնելով՝ Երեւան պիտի վերադառնային 24 Ապրիլի ենթադրեալ յարձակումները կասեցնելէ ետք: Այդ օրը թշնամին յարձակումներու կը դիմէ, որ կ՝աւարտի հայ մարտիկներու հակագրոհով, բայց «Մեծ Հայք» ջոկատի վեց քաջարի մարտիկներ, որոնց թիւին մէջ էր նաեւ՝ Ալաշկերտցի Սերիոժա Յարութիւնեան, ականի մը ուժեղ պայթիւնէն ետք, կը մնան մարտադաշտին վրայ:
Յետ մահու
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր կինը՝ Գոհար, հետեւելով իրեն յայտնուած երազին, Նուռնուսի մէջ, իր հոգնատանջ ձեռքերով եւ ճակտի քրտինքով կը կառուցէ եկեղեցի մը, յանուն Արցախի մէջ նահատակուած մարտիկներու եւ իր ամուսնոյն հոգիներուն անմահացման:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Ապրելու Բանաձեւ»,Դ. Գիրք, Մարտիկեան Գոհար,Եր: Ոսկան Երեւանցի, 2009, էջ 264: