Թալիշ
Բնակավայր | |
---|---|
Թալիշ | |
ազրպ.՝ Talış | |
Երկիր | Արցախ |
Շրջան | Մարտակերտ |
Բնակչութիւն | 581[1] մարդ (2005) |
Ազգային կազմ | Հայեր |
Կրօնական կազմ | Հայ Առաքելական եկեղեցի |
Ժամային գօտի | UTC+4։00 |
Փոստային ցուցանիշ | AZ5900 |
Շրջագայութեան պետ-համարագիր | 59 |
Թալիշ, գիւղ Արցախի Մարտակերտի շրջանին մէջ` կեդրոնէն 28 քմ հիւսիս` 600 մեթր բարձրութեան վրայ, Մռաւ լերան արեւելեան մասին հարաւային լանջին, Թարթառ գետի ձախ կողմը, անտառապատ սարալանջին վրայ, հին Հոռեկ գիւղին աւերակներուն քով[2]:
Արցախի հնագոյն գիւղերէն է, եղած է Գիւլիստանի (Թալիշի) մելիքութեան իշխանանիստը։ Տարածքը՝ 6400 հեկտար։ Կը զբաղին այգեգործութեամբ, անասնապահութեամբ եւ երկրագործութեամբ։ Ունի միջնակարգ դպրոց եւ բուժմանկաբարձական կեդրոն։
Գիւղին մէջ կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցին (Ժթ. դար), շրջակայքը՝ Շիրախան գիւղատեղին, Թալիշի կամ Գիւլիստանի մելիքներու տոհմական գերեզմանատունը, պալատներու, Հոռեկայ վանքին (Ե. դար) եւ Հոռեկ գիւղին աւերակաները։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիմնադրուած է ք.ա. 401-ին Ուտիք գաւառի Նիժ գիւղի Եալոյլաբլուր ամրոցին Թարիջ իշխանին կողմէ։ Թալիշ, որ Հիւսիսային Արցախի ամենամեծ գիւղերէն մէկն է, իր պատմութեան ընթացքին չորս անգամ փոխած է իր անունը։ Թարիջ իշխան իր հպատակներուն հետ կու գայ ու կանգ կ'առնէ ներկայի Հոռեկայ վանքին տարածքին մէջ գտնուող սառնորակ աղբիւրի մը մօտ, որ հին ատեն Պարտաւի թագաւորներուն ամառանոցն էր։ Գաղթին երրորդ տարին, Թարիջ իշխանին հրամանով, իրենց փրկութեան օրը տօն կը յայտարարուի եւ կ'որոշուի ամէն տարի Հոռի ամսուան օրը նշել այդ օրը։ Հոռի ամսուան տօնակատարութիւնները թարիջեցիները կատարած են ամէն տարի։ Հոռի ամսուան անունէն ալ այդ աղբիւրը կը կոչուի Հոռի աղբիւր ու այդ անունը կը պահպանուի առ այսօր։ Կ'ըսուի, թէ գիւղը իր երկրորդ անունը ստացած է 1279-ին, բայց ամենայն հաւանականութեամբ Հոռեկաւան կամ Հոռեկայ գիւղ անուանուած է Ե. դարէն։ Անիկա կը փաստէ Մովսէս Կաղակատուացիի «Պատմութենէն», ուր Է. դարու պատմիչը կը յիշատակէ Հոռեկայ (Ուռեկան) աւանին մասին։ 1279-ին անուանափոխուած է վերակառուցուած Գլխոյ վանքը եւ գիւղին անունով ալ կոչուած է Հոռեկայ վանք։ Հոռեկաւան անունը պահպանուած է մինչեւ 1809։ Բոլնիսէն վերադարձած թալիշցիները աւերուած գիւղը կը վերականգնեն այսօրուան Թալիշին տեղը եւ կ'անուանեն Թբլեցիք։ 1822-ին Մելիք Ֆրիտոնի 4-րդ որդի եւ գիւղի կալուածատէր Թալիշ բէկի անունով ալ կը կոչեն բնակավայրը, որ մինչեւ այսօր կը կրէ Թալիշ անունը։
Թալիշը Արցախեան ազատամարտին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1988-93-ին Թալիշի մէջ կազմաւորուած են աշխարհազօրային խումբեր, որոնք կը գործէին գիւղին ղեկավարութեան ներքոյ։ Հետագային, երբ գիւղի տղաներէն եւ հայաստանաբնակ թալիշցիներէն կը կազմաւորուին մարտական խումբեր՝ կը ստեղծուի Ինքնապաշտպանական ջոկատ մը (հրամանատար՝ Արարատ Սարգսեան) եւ ռազմական զօրքերու ղեկավարման մարմին մը (պետ՝ Վոլոդիա Սիմոնեան)։ Զօրքերուն ղեկավարման մարմինին ենթակայ էին աշխարհազօրը (հրամանատար՝ Ա. Խալափեան, եւ մարտական երկու ջոկատները (հրամանատար՝ Վանիկ Վլադիմիրի Օհանեան)։ Բնակավայրին անկումէն ետք Թալիշի ազատամարտիկները կը շարունակեն պայքարը՝ ներառուելով Մահապարտներու ջոկատին մէջ՝ «Արծիւ-1» գումարտակ, 3-րդ դասակ՝ (հրամանատար՝ Վանիկ Օհանեան)։ Շահումեանի պարտիզանական ջոկատին մէջ՝ Թալիշի վաշտ (հրամանատար Սլաւիկ Իսկանտարեան, տեղակալ Անդրանիկ Սարգսեան)։ ՀՀ ՊՆ «Թալիշ» կամաւորական վաշտին մէջ (հրամանատար Վանիկ Օհանեան)։ Ջոկատները առանձին կամ ՊԲ-ի ստորաբաժանումներու կազմին մէջ մասնակցած են Մարտակերտի, Ասկերանի, Քելբաջարի (Օմարի լեռնանցք) շրջաններու ինքնապաշտպանական եւ ազատագրման մարտերուն։ Արցախեան պատերազմին Թալիշէն զոհուած է 44 հոգի, 3-ը աշխատավայրին մէջ՝ ռումբէն եւ թշնամիին գնդակէն, 2-ը զինծառայութեան ատեն՝ թշնամիին դիպուկահարէն, 39 ազատամարտիկ՝ պատերազմի դաշտին վրայ[3]։
2016-ի Արցախա-ազրպէյճանական ռազմական գործողութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2 Ապրիլ 2016-ին Քառօրեայ պատերազմի օրերուն ամենամեծ աւերը կը կրէ Թալիշը: Ազերիներու յատուկ ջոկատայիններ ներթափանցած են հայկական ուժերու թիկունքէն ներս, յաջողած են գիւղ մտնել, ուր այդ պահուն մնացած էին քանի մը խաղաղ բնակիչներ։ Ազերիները գնդակահարած են Վալերա Խալափեանը եւ անոր կինը՝ Ռազմելան եւ կտրած անոնց ականջները։ Անոնք գնդակահարած են նաեւ 1924-ին ծնած Մարուսիա Խալափեանը[4]։ Իսկ ռմբակոծութեան հետեւանքով աւերած են գիւղին բոլոր տուները[5]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Population of Nagorno-Karabakh Republic (2005)
- ↑ Թալիշ
- ↑ Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմ.1988-1994, Ե., ՀՀՀ, 2004, էջ 206-207։
- ↑ Վայրագութիւններ՝ Թալիշի մէջ
- ↑ Թալիշը՝ քառօրեայ պատերազմին