Սեդրակ Մարմարեան

Սեդրակ Մարմարեան
Ծնած է 1880
Ծննդավայր Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1951
Մահուան վայր Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս
Ազգութիւն Հայ
Կրթութիւն Փատուայի համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ, ռազմական բժիշկ

Սեդրակ Մարմարեան (մօտ 1880, Տրապիզոն, Տրապիզոնի նահանգ- 1951, Ալեքսանդրիա), հայ բժիշկ, ազգային եւ հասարակական գործիչ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է մօտ 1880 թուականին, Տրապիզոնի նահանգի կեդրոն Տրապիզոն քաղաքին մէջ՝ տեղի համբաւաւոր կաթոլիկ Մարմարեաններու գերդաստանին մէջ, որ շատ մտաւորականներ ու կղերական գործիչներ տուած է։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Տրապիզոն, միջնակարգը՝ Իտալիա։ 1907 թուականին աւարտած է Իտալիոյ Բատովա քաղաքի համալսարանի բժշկական բաժինը։

1907 թուականին վերադարձած է Տրապիզոն եւ զբաղած՝ բժշկութեամբ։ Եղած է նաեւ ճանչուած ազգային եւ հասարակական գործիչ։

Մեկնած է Եգիպտոսի Ալեքսանդրիա քաղաքը, ուր կը բնակէին հարազատները, եւ բժշկութեամբ զբաղելու արտօնագիր հանած էին։ Սակայն Առաջին համաշխարհային պատերազմի պատճառով, վերադարձած է Տրապիզոն, զօրակոչուած Օսմանեան բանակ եւ զինուորական հիւանդանոցին մէջ, որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած է։ 1915 թուականին՝ զինուորական ծառայութեան ընթացքին, տարագրուած է Մելիտինէ, ուր հրաշքով ազատած է սպանդէն եւ տեղի հիւանդանոցին մէջ բժիշկի պաշտօն՝ ստանձնած։ 1918 թուականին՝ պատերազմի աւարտէն ետք, վերադարձած է Տրապիզոն։

1918 թուականի վերջաւորութեան, Տրապիզոնի մէջ հիմնած է Պուլկարահայ Կարմիր խաչի հիւանդանոց։ 1926 թուականին, տեղափոխուած է Եգիպտոս, հաստատուած՝ Ալեքսանդրիա, ուր բացած է սեփական դարմանատուն եւ զբաղած է բժշկութեամբ։ Եղած է ներքին եւ մանկական հիւանդութիւններու հանրայայտ մասնագէտ եւ սիրուած ու յարգուած քաղաքացի։

Կեանքի վերջին տարիներուն Ալեքսանդրիոյ հայ դարմանատան մէջ աշխատած է։ Ունեցած է 7 երեխայ, որոնցմէ երկուքը մահացած են՝ մեծ վիշտ պատճառելով բժիշկին։

Մահացած է 1951 թուականին Ալեքսանդրիոյ մէջ՝ մօտ 71 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Յովակիմեան (Արշակունի) Յովակիմ, Պատմութիւն Հայկական Պոնտոսի, Պէյրութ, 1967։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։