Jump to content

Սարգիս Սերոբեան

Սարգիս Սերոբեան
Ծնած է 1935
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Մահացած է 28 Մարտ 2015(2015-03-28)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Մասնագիտութիւն բանասէր, պատմաբան

Սարգիս Սերոբեան (Սարգիս աղբարիկը, Պարոնը, 1935, Պոլիս, Թուրքիա - 28 Մարտ 2015(2015-03-28), Պոլիս, Թուրքիա), յօդուածագիր, ժողովրդական պատմաբան, բանասէր, հետազոտիչ գրագէտ։ Պոլսոյ հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթին հիմնադիրներէն մէկն ու հայերէն բաժնի խմբագիր։

Կեանքն ու գործունէութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սարգիս Սերոբեան, փոքր տարիքէն, այսօրուան Քուրթուլուշ՝ յունական Պոլսոյ Թաթաւլա շրջանը մեծցած է. Յաճախած է հայկական Արթի կրթարանը, որ այլեւս փակուած է։ Երկու տարեկանին որբ կը մնայ հայրէն։

Ըստ իր վկայութիւններուն, մօրը մայրը հարուստ ընտանիքէ մըն էր, եւ անոր հայրը գաղութին բարերարը եղած էր։ Ջարդի ժամանակ իր մեծ հայրը կը նահատակի, իսկ մեծ մայրիկը աքսորէն ետք կը վերադառնայ Պոլիս, ծառայ կ'ըլլայ հարուստ տուներու մէջ եւ այս ձեւով կ'ապրեցնէ իր ընտանիքը:[1]

15 տարեկանին, իր մեծ հայրիկին մահէն ետք, ընտանիքը կը տեղափոխուի Փերայի շրջանը, ուր մայրը, մեծ մայրն եւ ինք փոքր սենեակի մը մէջ սիրով կ՛ապրին: Ստիպուած Միջնակարգի ուսումէն վերջ կը պարտաւորուի իր դպրոցական կրթութեան վերջ տալ եւ աշխատանքի կեանքի անցնիլ։ Հայերէնը կը կատարելագործէ ինքնաշխատութեամբ։

Կեանքն ու Գործունէութիւնը "Ակօս"էն առաջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Որոշած էր լքել Թուրքիան եւ Հայաստան տեղափոխուիլ, ուր մօրեղբայրը կ'ապրէր, բայց դիմումը Սովետական կառավարութենէն կը մերժուի եւ կ'որոշէ Թուրքիա մնալ, հակառակ մեծ դժուարութիւններուն որ դիմագրաւեց՝ 1955-ի եղելութիւնները, 1943-ի Ունեւորութեան Տուրքը, եւ այլն, եւ այլն: Երբ կ'ամուսնանայ, Պաքըրգիւղ կը տեղափոխուի կնոջը հետ: Գործին, ընտանիքին, զաւակներուն կեանքին զուգահեռ՝ կը յառաջանայ նաեւ գաղութին հետ իր զբաղումը:

Զինուոր՝ թրքական բանակին մէջ կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստան՝ Սեբաստիա, Էրզրում (Կարին), Երզնկա, եւ կը սկսի հետաքրքրուիլ հոն ապրող հայերուն համար։

1960-1968, Պոլսոյ Շնորհք Պատրիարքի օրերուն, կը մասնակցի Պատմական Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ ապրող հայերը Կ․Պոլիս բերելու գործին։ 4-5 հոգինոց խումբի հետ կը սկսի շրջիլ Պատմական Հայաստանի գաւառները, տեղեկութիւններ կը քաղէ, կ'արձանագրէ, կը լուսանկարէ։ Այդ ժամանակին կը հանդիպի Հրանդ Տինքին։

Կ'արձանագրէ Սասունի շրջանէն 8000 հայ, որոնք իրենց անձնաթուղթին մէջ քրիստոնիայ արձանագրուած էին։

1990 թուականին կը սկսի յօդուածներ գրել թերթերու մէջ:

Կեանքն ու Գործունէութիւնը "Ակօս"ի հիմնադրութենէն ետք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1996 թուականին լոյս տեսնող Ակօս շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբագիրներէն է եւ այդ թուականէն իվեր մինչեւ մահը կը վարէր թերթի հայերէն բաժինը։

Կը կատարէ թարգմանութիւններ․ համոզուած էր թէ հայ գիրը, գրականութիւնը պէտք է ճանչնան թուրքերը, քիւրտերը, ալեւիները եւ մանաւանդ թաքուն հայերը․․․ ինչպէս յաճախ կ՛ըսէր՝

․․․ անոնք հայերէն չեն գիտեր, սակայն կարօտը ունին իմանալու, սորվելու…։


Հայոց Ցեղասպանութինը ճանչնալու մասին Ակօսին մէջ յօդուածին պատճառով, Սարգիս Սերոբեանը եւ Հրանդ Տինքը կը դատապարտուին թրքական դատարանէն 1 տարուան բանտարկութեամբ։ Սակայն՝ Հրանդը կը սպաննուի եւ քանի Սարգիսը «գէշ» անցեալ չունի, բանտ չի մտներ։

Պոլսոյ «Փոքրիկ» կայքէջէն կը պատմէ հայոց պատմութիւնը՝ հեքիաթի նման։

Անտոլուի հնագոյն ժողովուրդներու պատմութեան ու աւանդութիւններուն հմուտ ու բանասէր Սարգիս Սերոբեան, հեղինակն է գիրքերու ու բազմաթիւ թարգմանութիւններու՝ ինչպէս Տէրսիմի մասին կատարած ուսումնասիրութիւնները[2]։ Ան,Պաղտիկ Աւետիսեան ծածկանունով, հայերէնէն թրքերէնի թարգմանած է Փրօֆ.Լեւոն Խաչիկեանի “Հէմշինի Գաղտնիքը” անուն գիրքը։[3]

Աչքերը կը փակէ 28 Մարտ 2015, Պոլիս[4]։

Հատուածներ իր հարցազրոյցներէն՝

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Ինծի հեքիաթ չէին պատմեր: Այն հեքիաթը, որ կը պատմէին ինծի, ճամբորդութիւն մըն էր (Ցեղասպանութեան տեղահանումը), որ Սեւ ծովու ափերէն շարունակուեցաւ Ակնի մէջ եւ կանգ առաւ Մալաթիոյ որբանոցներէն մէկուն մէջ:

Գի­շե­րը հան­գիստ քնա­նա­լու հա­մար չեն եր­գած, ա­տոր փո­խա­րէն մայրս ու տատս այս պատ­մու­թիւն­նե­րը պատ­մած են: Յե­տոյ ու­րիշ երկ­րի մը մէջ քե­ռիս գտայ: Ան ալ ին­ծի նոյն հե­քիա­թը պատ­մեց: Ես չեմ ու­զեր ձե­զի պատ­մել այդ հեքիա­թը, չեմ ու­զեր ձեզ տխրեց­նել: Իս­կա­պէս վշտա­լի պատ­մու­թիւն է»:

«Գերեզմանատան քարերուն վրայ հայկական անուններ փորագրուած էին, աղբիւրներու վրայ` հայկական գրութիւններ: Շէնքերը իւրայատուկ ճարտարապետութեան ոճ ունէին: Մանաւանդ` եկեղեցիները եւ դպրոցները: Տեղացիները գիտէին եւ ինծի շատ անգամ կ՛ըսէին` այս տեղերը հայերուն էին: Բաւական ալ մանրամասնութիւններ կ՛ըսէին, թէ ինչպէս կը վարուէին հայերուն հետ: Ես աչքերովս տեսայ այդ հայկական եկեղեցիները, որոնք յիսունական թուականներուն թրքական կառավարութեան որոշումով ոչնչացան: Այսպէս, հետաքրքրութիւնս գրգռուեցաւ, սկսայ հարցնել վերապրողներուն, գիրքեր կարդալ մեր պատմութեան մասին: Զինուորութենէս ետք կնոջս հետ, նոյնիսկ աւելի վերջ` զաւակիս հետ, պատմական Հայաստանի գիւղերը եւ քաղաքները կ’այցելէի մեր արձակուրդի օրերուն:»[1]

«Չես կրնար հայրենասիրութիւն -հայրենագիտութիւն քարոզել, երբ մեր Պատմական հողերուն վրայ, մէկ անգամ իսկ ոտք չես կոխած…..։»


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փոքրիկ

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Թաթաւլա,Քուրթուլուշ(անգլերէն)
  2. Փերա(անգլերէն)
  3. Համշէնի մասին
  4. Ակն
  5. Սեբաստիա
  6. Էրզրում-Կարին