Jump to content

Սանթիակօ գաղութ

Սանթիակոյի Դրօշը

Սանթիակօ (սպ.՝ Santiago), սպանական գաղութ Ուէստ Ինտիայի մէջ, Նոր Սպանիոյ փոխարքայութեան մէկ մասը, այժմ Ճամայքա կղզին է։

Մինչկոլումբեան Ճամայքա

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մոտաւորապէս 650-ին Ճամայքան գաղութացուեցաւ Հարաւային Ամերիկայի բնակիչներու կողմէն[1]։ Ամենավաղ բնակավայրերը այս բնակիչներուն յայտնաբերուած են կղզիի կեդրոնը, Միտլսէքս կոմսութեան մէջ[1]։ Մօտաւորապէս 950-ին Meillacan մշակոյթի կրողները բնակութիւն հաստատեցին Ճամայքայի երկու առափնեայ հատուածներին մէջ եւ միաձուլուեցան տեղի բնակիչներուն հետ[1]։

Տաինոյի մշակոյթը հաստատուեցաւ կղզիին մէջ մօտաւորապէս 1200-ին[1]։ Անոնք իրենց հետ Հարաւային Ամերիկայէն բերին մանիոկան մշակելու համակարգը, որ յայտնի է որպէս «conuco»[2]։ Հողի հարստացման համար անոնք կ՛այրէին մացառուտները ու ծառերը եւ հողաթումբերու մէջ աւելի շատ մողիր կը լեցնէին, որոնցմով ալ կը տնկէին մանիոկան[2]։ Տաինէ ժողովուրդը կ՛ապրէր մեծ կլոր կացարաններու մէջ (bohios), որոնք կը կառուցուէին փայտէ եւ կը ծածկուէին ծղօտէ ու արմաւենիի տերեւներով։ Անոնք կը խօսէին արաւերէն եւ չունէին գիր։ Բառերէն որոշները, որոնք անոնք կ՛օգտագործէին, ինչպիսին են՝ Barbacoa («պարպէքյու»), Hamaca («համակ»), Kanoa («քանոէ»), Tabaco («ծխախոտ»), Batata («քաղցր գետնախնձոր») եւ Juracán («փոթորիկ» մտած են անգլերէն եւ սպաներէն լեզուներուն մէջ։

Տաինոները հարեւան քարիպեան ցեղերու պատմական թշնամիներէն էին եւ 15-րդ դարու գրեթէ ամբողջ ընթացքին դուրս կը մղէին անոնց Քարիպեան աւազանի դէպի հիւսիս-արեւելք[3]։

Քրիստափոր Կոլոմբոսի երկրորդ ճամբորդութիւնը, 1493-ին
Կոլոմբոսի չորրորդ ճամբորդութիւնը, 1503-ին

24 Դեկտեմբեր 1493-ին Քրիստափոր Կոլոմբոս մեկնեցաւ իր երկրորդ ճամբորդութեան[4]։ 3 Նոյեմբեր 1493-ին ան ափ իջաւ կղզիի վրայ, որ անուանեց Տոմինիքա, իսկ 22 Նոյեմբերին Էսպանիոլի մէջ ափ իջաւ եւ այստեղ անցուց որոշ ժամանակ, հետազօտելով կղզին եւ անոր միջոցները։ 24 Ապրիլ 1494-ին ան հեռացաւ կղզիէն եւ 30 Ապրիլին ժամանեց Խուանա կղզին (Քուպա), իսկ 5 Մայիսին՝ Ճամայքա։ Կոլոմբոսը կը հետազօտէր Խուանայի հարաւային առափնեայ հատուածները, նախքան 20 Օգօստոս վերադարձաւ Էսպանիոլ։ Անցնելով որոշ ժամանակ կղզիին արեւելքը, ան վերջապէս վերադարձաւ Սպանիա։

Կոլոմբոսը վերադարձաւ Ճամայքա իր չորրորդ ճամբորդութեան ժամանակ։ Ան գրեթէ մէկ տարի լողաց Քարիպեան աւազանին մէջ, մինչեւ փոթորիկը 25 Յունիս 1503-ին դուրս մղեց անոր նաւը Ճամայքայի ափերը։

Մէկ տարի Կոլոմբոսը ու անոր անձնակազմը մնացին Ճամայքայի մէջ։ Սպանացի Տիէկօ Մենտէսը եւ որոշ տեղացիներ օգնութեան համար ուղեւորուեցան Էսպանիոլ։ Կղզիի նահանգապետը թշնամաբար կը վերաբերէր Կոլոմբոսին եւ կը խոչընդոտէր անոր մարդոց օգնելու հարցով։ Միեւնոյն ժամանակ, իբր թէ Կոլոմբոսը մեծ տպաւորութիւն ձգած է տեղացիներուն վրայ, գուշակելով 29 Փետրուար 1504-ի լուսնային խաւարումը, շնորհիւ գերմանացի աստղագէտ՝ Ռէկիոմոնտանի հաշուարկներուն[5]։ Վերջապէս 29 Յունիս 1504-ին օգնութիւն տրամադրուեցաւ նահանգապետի կողմէն եւ 7 Նոյեմբեր 1504-ին Կոլոմբոսն ու անոր մարդիկ ժամանաեցին Սանլուքար տէ Բառամետա։

Եւրոպական գաղութները Քարիպեան աւազանին մէջ 1600-ին

Սեւիլիա գաղութ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սպանական կայսրութիւնը սկսաւ իր պաշտօնական կառավարումը Ճամայքայի մէջ 1509-ին, երբ կղզին գրաւուեցաւ քոնկիստատոր Խուան տէ Էսքիւէլի եւ անոր մարդոց կողմէ։ Էսքիւէլը կ՛ուղեկցէր Կոլոմբոսին անոր երկրորդ ճամբորդութեան ժամանակ 1493-ին եւ մասնակցած է Էսպանիոլ ներխուժելուն։ Տաս տարի ետք Բարտոլոմէօ տէ լաս Քասաս անունով քահանան գրած է սպանական իշխանութիւններուն տեղի բնակչութեան կոտորածի մասին, որ իրականացուցած է 1503-ին Էսքիւէլը։

1509-ին կղզին վրայ կառուցուեցաւ առաջին սպանական բնակավայրը, որ կը գտնուէր Սուրբ Աննա ծովածոցէն ոչ հեռու եւ անուանուեցաւ Սեւիլիա։ 1534-ին բնակիչները տեղափոխուեցան նոր բնակավայր, որուն անոնք անուանեցին Վիլիա տէ լա Վեկա, որ անգլիացիները յետագային վերանուանեցին Սփենիշ Թաունի։ Այս բնակավայրը 1872-ին կը ծառայէր որպէս մայրաքաղաք սպանական եւ անգլիական իշխանութիւններուն, մինչ մայրաքաղաքը տեղափոխուեցաւ՝ Քինգսթօն։

Սպանացիները դաժանօրէն կը շահագործէին տեղի բնակչութեան եւ բնակչութեան մեծամասնութիւնը մահացաւ եւրոպացիներ յիսուն տարուան գերակայութեան ընթացքին։ Արդիւնքով տեղի բնակչութեան եւ աշխատաւոր ձեռքերու պակասորդի պայմաններուն, հարցը լուծուեցաւ Ափրիկէցի սեւամորթ բնակչութեան ստրուկներու ներկրմամբ[6]։ Սպանացիները շուտով հիասթափուեցան կղզիէն, քանի որ չգտան ոսկի եւ սկսան այն գլխաւորապէս օգտագործել որպէս ռազմաբազայ եւ այն դարձաւ կայան, որտեղ կըպարէնաւորուէին դէպի Հարաւային ու Հիւսիսային Ամերիկա մեկնող նաւերը[7]։

Սպանացի գաղութարարները իրենց հետ չէին բերած կիները, այդ պատճառով ալ սկսան որպէս իրենց հարճ վերցնել տեղացի կանաց, որու արդիւնքով կըծնէին խառնածին երեխաներ[8]։ Սեռական բռնութիւնները տեղի կանանց նկատմամբ լայն տարածուած էր սպանացիներու շրջանակներուն մէջ[9][10]։

Տաինոները իրենց կղզին անուանած էին Xaymaca, որ սսպանական արտայայտութեամբ վերածուեցաւ Ճամայքայի[11]։ Այսպէս ըսուած 1507-ի ատմիրալի քարտէզին մէջ կղզին նշուած է որպէս «Jamaiqua»[11]։

Անգլիական նուաճում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1654-ի աւարտը Օլիւեր Քրոմուէլը ձեւաւորեց Քարիպեան ծովուն նաւատորմիղը ընդդէմ Սպանիոյ գաղութներուն։ Ապրիլ 1655-ին կեներալ Ռոպերտ Վենեյպլսը գլխաւորեց նաւատորմիղը, որ յարձակեցաւ սպանական Սանտօ Տոմինգօ ֆորտի վրայ։ Սակայն սպանացիները ետ մղեցին այս վատ կազմակերպուած յարձակումը, որ յայտնի է որպէս «Սանտօ Տոմինգոյի պաշարում» եւ անգլիական զօրքերը շուտով մեծ կորուստներ կրեցին համաճարակի պատճառով[12][13][14]։

Հիւանդութիւններէն թուլացած եւ հեշտ յաղթանակ փնտռող անգլիացիները որոշեցին յարձակիլ միակ սպանական կղզիին վրայ՝ Ճամայքայի, որ չունէր պաշտպանողական կառոյցներ։ Մայիս 1655-ին մօտաւորապէս 7000 անգլիացի զինուորներ ափ իջան Վիլիա տէ լա Վեկայի մօտ։ Ոչ մեծաքանակ սպանացի զինուորներուն եւ տեղի բնակիչներուն չյաջողուեցաւ կազմակերպել դիմադրութիւն եւ Ճամայքան գրաւուեցաւ բրիտանացիներու կողմէն[15]։

Յետագայ տարիներուն Սպանիան շարք մը քայլեր ձեռնարկեց կղզին ետ բերելու համար եւ 1657-ին Ճամայքայի անգլիացի նահանգապետ Ուիլիամ Պրէյն տրամադրեց ծովահէններուն կայանատեղի կղզիին վրայ, որպէսզի անոնք օգնեն պաշտպանել կղզին սպանական յարձակումներէն։ Սպանիոյ այդպէս ալ չյաջողուեցաւ ետ գրաւել Ճամայքան, կրելով պարտութիւններ՝ 1657-ի Օչօ Ռիոսի եւ 1658-ի Ռիօ Նուէվոյի ճակատամարտերուն։ Անգլիացիները կը համարէին Ճամայքան «դաշոյն, որ ուղղուած է դէպի Սպանական կայսրութեան սիրտը», չնայած իրականութեան մէջ կղզին ունէր անոնց համար միայն տնտեսական նշանակութիւն[14]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 Atkinson, Lesley-Gail. «The Earliest Inhabitants: The Dynamics of the Jamaican Taíno.»
  2. 2,0 2,1 Rogozinski, Jan. «A Brief History of the Caribbean.»
  3. Saunders Nicholas J. (2005)։ The Peoples of the Caribbean: An Encyclopedia of Archeology and Traditional Culture։ ABC-CLIO։ ISBN 9781576077016 
  4. «Christopher Columbus - 2nd Voyage»։ www.christopher-columbus.eu 
  5. Samuel Eliot Morison, Admiral of the Ocean Sea: A Life of Christopher Columbus, 1942, pp. 653-54. Samuel Eliot Morison, Christopher Columbus, Mariner, 1955, pp. 184-92.
  6. «JAMAICAN HISTORY I»։ www.discoverjamaica.com 
  7. «- Jamaica land we love Jamaica Jamaica Jamaica land we love. Jamaica Information»։ jamaicans.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-09-04-ին 
  8. «CRIOLLOS, Birth of a Dynamic Indo-Afro-European People on Hispaniola»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-12-02-ին 
  9. Léger, 1907, էջ` 23
  10. Accilien et al., 2006, էջ` 12
  11. 11,0 11,1 Cundall, Frank. «The Story of the Life of Columbus and the Discovery of Jamaica.»
  12. Rodger, 2005, էջ` 29
  13. Rodger, 2005, էջ` 24
  14. 14,0 14,1 Coward, 2002, էջ` 134
  15. Parker Matthew (2011)։ The Sugar Barons