Սամիրա Թաուֆիք

Սամիրա Թաուֆիք

Սամիրա Ղասդին Քարամոնա, աւելի շատ յայտնի է իր բեմական անունով՝ Սամիրա Թաուֆիք (Արաբերէն՝ سميرة توفيق, ծնած՝ 25 Սեպտեմբեր 1935): Լիբանանցի երգչուհի, որ հռչակացաւ Արաբական աշխարհին մէջ մանաւանդ իր Պետեուինի գաւառաբարբառ Յորդանանեան ձեւով: Թաուֆիք նաեւ Արաբական ֆիլմեր խաղցած է[1]:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սամիրա ծնած է Ում Հարադայն գիւղի մէջ, Սուէյտայի շրջան Սուրիա[2]: Ան ապրեցաւ Ռմէյլի մէջ Պէյրութ[3], Լիբանան, ուր իր հայրը՝ Ղասթին[2], որ Հայ էր ծագումով[4], աշխատեցաւ նաւահանգիստի բանւոր[2]: Երբ պզտիկ էր ան կը վայելէր Արաբական Դասական երգեր մտիկ ընել եւ կը սիրէր Ֆարիտ Ալ-Աթրաշ երգիչը: Ան կը մագլցէր ծառի վրայ եւ բարձր ձայնով կ'երգէր: Ան լսուեցաւ երաժիշտ Ալպերդ Ղաուիէն, , որ սիրեց իր ձայնը: Ղաուի ծանօթացուց Սամիրան Եգիպտացի երաժիշտի Թաուֆիք Պայումի, որ սորվեցուց իրեն դաուաշիհ երգի ձեւը: Պայումի նաեւ իրեն բեմի անուն տուաւ Թաուֆիք, որ կը նշանակէ արաբերէնով յաջողութիւն երբ ըսաւ իրեն Ալ Թաուֆիք Մին Ալլահ, որ կը նշանակէ յաջողութիւնը Աստուծմէ կու գայ: Իր առաջին երգը, որ Պէյրութի Ձայնասփիւռէն ելաւ այս երգը բունով երգուած էր Պայումի, որ կը կոչուէր Maskin Ya Qalbi Yama Tlaawat , որ կը նշանակէ Ոհ իմ Սիրտը, որչափ Ցաւցուցածես[5]:

Ան պայքարեցաւ յաջողութեան համար Լիբանանի մէջ[2][6], ան կը մրցակցէր Ֆէյրուզի, Սապահի եւ Ուատիհ Էլ Սաֆիի հետ, բայց ան յաջողեցաւ երբ Յորդանանի մէջ զօրացուց ինզինքը 1960ականներուն եւ 1970ականներուն ատեն[2][6]: Այնտեղ Յորդանանեան Ռատիոհաղորդումի Հեղինականութիւնը աշխատցուցին իրեն բայց ան միայն պիտի երգէր Պետեուին գաւառաբարբառը: Իր Maskin Ya Qalbi Yama Tlaawat երգը նուագուած Յորդանանեան ձայնասփիւռէն իր առաջինն էր, որ կը նշանակէ Ոհ իմ Սիրտը որչափ Ցաւցուցածես: Սամիրա կատարեց իր առաջին ելոյթը Յորդանանեան Այնաթա գիւղին մէջ:

Սամիրա կը կատարէր ընդհանրապէս հրափայլ, Պետեուին-ձեւի հագուստը, որ իրեն Պետեուիական ըրաւ այսպէս ըսաւ Ժօզէֆ Մասաատ, բայց իր հագուստի տեսակը, որ հագուեցաւ շատ չէր նմանէր իրական Պետեուիական հագուստի: Ան Յորդանանի մէջ հռչակուեցաւ ազգայնական-ներշնչեալ երգերու մեկնաբան: Իր ամէնէն սիրուած սիրոյ երգը եղաւ Al Eyn Mulayitain, որ կը նշանակէ Երկու Պտոյտ Դէպի Ջուր Գարուն, որ կը խօսէր գիւղաբնակ աղջիկ մը, որ կամուրջ կ'անցնէր օրուան մէջ քանի անգամ, որ ջուր կը հաւաքէր իր ընտանիքին, բայց ան իրականութեան մէջ ան տղու մըն էր որ սիրահարուած էր[7]:

Սամիրա կը համարուի առաջին կարեւոր արուեստագիտուհի, որ կը ներկայացնէ Յորդանանեան երգը եւ իրեն նշանաւոր ըրաւ Արաբական աշխարհին մէջ, եւ իր Պետեուիական ձեւը ներշնչեց ուրիշ արուեստագետները, որ իրեն հետեւին Յորդանանին մէջ[4] Nonetheless, Samira's popularity was not matched by other Jordanian singers until the early 1990s with the singer Umar al-Abdallat.[8]:

Սամիրա վերջերս կ'ապրի Հազմիէհ, Լիբանանի մէջ։ Հազմիէհի թաղապետութիւնը իրեն պատուակալ խնճոյք ըրաւ 20 Յուլիս 2015-ին[9]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]