Սահակ Ա. Քհնյ. Պալեան
Սահակ Ա. Քհնյ. Պալեան | |
---|---|
Ծնած է | 1899 |
Ծննդավայր | Քիլիս, Թուրքիա |
Մահացած է | 1990 |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Սահակ Ա. ՔՀՆՅ.Պալեան Աւագանի անունով Սարգիս Պալեան, որդի՝ Յովաննէսի եւ էլմիրի, ծնած է 1899-ին Քիլիսի մէջ։ Եղած է քահաննա[1]։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սահակ Ա. ՔՀՆՅ. Պալեան, ծնած է Քիլիս 1899-ին։ Նախնական ուսումը ստացած է Քիլիսի Ազգ. Վարժարանը, որմէ աւարտած է փայլուն արդիւնքներով մտած է Այնթապի Կիլիկեան Ճեմարանը 1915-ին։ Ուսման զուգահեռ, ան յաճախած է եկեղեցի ու մաս կազմած՝ դպրոց դասին։ Տարի մը ետք աքսորուած է Տէր Զոր, գտնուած է մեծ դժուարութիւններու դիմաց սակայն յաղդահարած է զանոնք եւ մնացած է տոկուն։1919-ին վերադացած է Քիլիս, ուր դասաւանդած է եւ միեւնոյն ժամանակ ծառայած է եկեղեցիին մէջ։Կիլիկիոյ վերջին պարպումի ժամանակ գաղթած է եւ հասած է Հալէպ։1923-ին Հալէպի Կիլիկեան Վարժարանի խնամակալութիւնը զինք կը ղրկեն Ազէզ, որպէսզի հիմը դնէ Սահակեան Վարժարանին, եւ յաջողոծ է կրթական նախարարութենէն ստանալ դպրոցի արտօնագիրը։ 1925-ին փոխադրուած է Հոմս եւ ստանձնած է ուսուցիչի պաշտօնը այնտեղի Ազգ. Սահակեան Վարժարանին մէջ։ Երկու տարուայ պաշտօնավարութենէ ետք փոխադրուած է Ազէզ օգտակար դառնալու հայ մանուկներու։ Կարճ ժամանակի մը համար հաստատուած է Թրիփոլի, ապա կրկին՝ Ազէզ։ Ան պսակուէցաւ Օրդ. Սրբուհի Գլճեանի հետ եւ ունեցած է 6 զաւակ՝ Լուսին, ալիս, աղաւնի, արիս, յովհաննէս եւ Արմէն։ Առաջին տարին հազիւ բոլորած ան ընտրուած է քահանայութեան թեկնածու։ Սակայն մերժած է այս առաջարկը, պատճառաբանելով իր ուսման մակարդակի անբաւարութիւնը։ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ առարկութիւնը գտնէլով իրաւացի եւ տրամաբանական զինք ուազծէ ուղղարկէլ դպրեվանք, որպէսզի շարունակէ իր ուսումը։ Ան ղրկուած է Երուսաղէմ՝ ծանօթանալու Հայ եկեղեցւոյ կարգն ու կանօնին ու 10 Յուլիս 1930-ին վերադարձաւ Հալէպ ։ Տէր Հայրը աւելի քան 12 տարիներ քահանայագործած է Ազէզի մէջ, օգտակար ծառայութիններ մատուցանելով եկեղեցւոյ ու իր Հայրենակիցներուն։ 1943-ին փոխադրուած է Հալէպ, եւ քահանագործած է եւ նաեւ օգտակար դարձած է Հալէպահայերուն։ Այսպիսով Սահակ ծանօթ անուն մը դարձաւ հալէպահայերուն համար։ 19961-ին ան վերջապէս որոշած է Պէյրութ հաստատուիլ, ուր նշանակուած է նոր Մարաշի Ս.Քառասնից Մանկաց Եկեղեցուոյ հոգեւոր հովիւ։ 1969-ին ան փոխադրուած է Գանատա, Մոնթրէալ միանալու համար իր զաւակներուն։ 1980-ին փոխադրուած է Սան Ֆրանսիսքօ ըստ զաւակներուն վկայութեան։ Ան կը մահուան 1990-ին Սան Ֆանրասիսքօ։ Վէրջին օծումը ու թաղման կարգը կը կատարուի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցուոյ մէջ։
Մրցանակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր տարիներու ծառայութեան համար ան պարգեւատրուած է Լանջախաչով՝ Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանցէն, իսկ 1965-ին Աւագութեան պատիւով ու տիտղոսով՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոսէն։ 1946-ին Հ.Բ.Ը.Միութենէն ստացած է «վէթէրան» անդամի վկայագիր։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 217։