Սալոմէ Զուրապիշվիլի
Սալոմէ Զուրապիշվիլի[3] (վրաց.՝ სალომე ზურაბიშვილი ֆրանսերէն՝ Salomé Zourabichvili, ծն. 18 Մարտ, 1952, Փարիզ, Ֆրանսա), վրացի պետական եւ քաղաքական գործիչ, Վրաստանի նախագահ, «Վրաստանի ճամբայ» կուսակցութեան առաջնորդ: Նախկինին Վրաստանի արտաքին գործերու նախարարը եղած է, ինչպես նաեւ Վրաստանին մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազոր դեսպանը:
Ներկայիս երկքաղաքացի է եւ ունի միաժամանակ Վրաստանի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան անձնագիր:
Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սալոմէ Զուրապիշվիլին Վրաստանէն 1921 թուականին արտագաղթեալներու ընտանիքին մէջ 1952 թուականի Մարտ 18-ին Փարիզ ծնած է: Անոր հօրական կողմի պապը՝ Իւանէ Զուրապիշվիլին 1918-1921 թուականներուն անկախ Վրաստանի մենշեւիքեան կառավարութեան անդամ եղած է: Մօրական պապը՝ Նիքո Նիքոլաձէն Փոթի նաւահանգիստի հիմնադիրներէն մեկը եւ վրացական երկաթուղիի շինարարութեան գլխաւոր նախաձեռնողը եղած է:
Նախնական կրթութիւնը տեղի ֆրանսական դպրոցէն ներս ստացած է: 1972 թուականին Սալոմէն Փարիզի քաղաքագիտութեան հաստատութիւնն աւարտած է: 1973 թուականին ուսումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոլումպիայի համալսարանը շարունակած է: Փարիզ վերադառնալով՝ 1974 թուականին Սալոմէն Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարութիւնն աշխատած է: 1974-1977 թուականներուն ան Իտալիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան չորրորդ քարտուղարը եղած է: 1977-1980 թուականներուն ՄԱԿ-էն ներս Ֆրանսայի մշտական առաքելութեան քարտուղարը եղած է: 1984 թուականէն մինչեւ 1988-ը Սալոմէն Միացեալ նահանգներուն Ֆրանսայի առաջին քարտուղարի պաշտօնն զբաղեցուցած է: 1989-1992 թուականներուն որպէս Շատի ֆրանսական դեսպանատան երկրորդ քարտուղար ծառայած է: