Ռաւեննայի էկզարքութիւն

Exarchatus Ravennatis Ռավեննայի էկզարխութին Քարտէս, (584-751)

Ռաւեննայի կամ Իտալիոյ էկզարխութիւն, Իտալիոյ Արեւելեան Հռոմէական կայսրութեան իշխանութեան կեդրոնը։ Ան գոյատեւեց 6-րդ դարու վերջէն մինչեւ 751 թուականը, երբ վերջին եկսարքոսը սպաննուեցաւ լոմբարդներու կողմէն։

Ձեւաւորում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

402 թուականին, Հոնորիոս կայսին օրով Ռավեննան դարձած էր Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութեան մայրաքաղաք եւ մնաց այդ կարգավիճակին մէջ մինչեւ կայսրութեան կործանումը,476 թուականին։ Ան ընտրուած էր որպէս կայսրին նստավայր, որովհետեւ ունէր ելք դէպի Ադրիատիկ ծով եւ, ի շնորհիւ շրջապատող ճահիճներու, լաւ պաշտպանուած էր։

Հետագային Ռավեննան դարձաւ Օդոակրի եւ օստգոթերի թագաւորութիւններու մայրաքաղաք։

540 թ-ին քաղաքը կ՝ ազատագրուի արեւելահռոմէական կայսր Հուստինիանոսի զորավար Բելիսարիուսի կողմէն եւ վերստին կ՝ ընդգրկուի կայսրութեան կազմին մէջ։ Շուտով ան դարձաւ Իտալիոյ կառավարչի նստավայրը։

Լոմբարդներու ներխուժումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

568 թուականին լոմբարդներն ու անոնց դաշնակից այլ գերմանական ցեղեր Ալբոին արքայի ղեկավարութեամբ ներխուժեցին հիւսիսային Իտալիա։ Տարածաշրջանը ընդամենը քանի մը տարի առաջ խաղաղացած էր եւ բաւականին տուժած էր Գոթական պատերազմի հետեւանքով։ Տեղական հռոմէական զօրքերը փոքրաքանակ էին եւ քանի մը քաղաք գրաւելէ ետք, 569 թ-ին լոմբարդները գրաւեցին Միլանը։ 572 թուականին, 3 տարուայ պաշարումէն ետք, ինկաւ Պաւիան, որ դարձաւ լոմբարդներու մայրաքաղաքը։[1]։ Հետագայ տարիներու ընթացքին գրաւեց Տոսկանիան։ Լոմբարդներու այլ խումբ մը ներխուժեց կեդրոնական եւ հարաւային Իտալիա, ուր ստեղծուեցաւ Սպոլետոյի եւ Բենեվենտոյի դքսութիւնները[2]։573 թուականին Ալբոինի սպանութեան հետեւանքով, լոմբարդական կեդրոնական պետութիւնը տրոհեց շարք մը դքսութիւններու։

576 թուականին Հուստին Բ-ը, օգտուելով լոմբարդներու մասնատուածութիւնէն, զօրք ուղարկեց Իտալիա վերագրաւելու կորսնցուցած տարածքները։ Սակայն տեղի ունեցած ճակատամարտին հռոմէական զորքը պարտուեցաւ, իսկ հրամանատարը սպաննուեցաւ։[3] ։ Պալքաններուն եւ արեւելքի մէջ շարունակուող հակամարտութիւնները հնարաւորութիւն չտուին կրկին փորձելու վերագրաւել հիւսիսային Իտալիան։

580 թուականին Տիբերիոս Բ. կայսրը հռոմական մասնատուած տիրոյթներէն ձեւաւորեց հինգ նահանագ կամ եպարքիա. Աննոնարիան, որ կ՝ ընդգրկէր Ռավեննան, Կալաբրիան, Կամպանիան, Եմիլիան ու Լիգուրիան եւ Հռոմն ընդգրկող Ուրբիկարիան։ Այսպիոսվ 6-րդ դարու վերջը ձեւաւորուցաւ շատ թէ քիչ կայուն իրավիճակ։ Հիմնական դեր ունէր քաղաքացիական, ռազմական ու նաեւ եկեղեցական իշխանութիւն ունեցող եկսարքոսը, որ կը կառավարէր Ռավեննան իր արուարձաններով հիւսիսի մէջ մինչեւ Պո գետը, որուն կողմը կը գտնուէր Վենետիկի դքսութեան տարածքը, եւ հարաւը մինչեւ Մարեքիա գետը, ուրկէ կ՝ ըսկսէր Պենտապոլիսի դքսութիւնը։ Երկու դքսութիւններն ալ անուանապէս կ՝ ենթարկուէին Արեւելեան Հռոմէական կայսրութեանը։[4]։

Էկզարխութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էկզարխութիւնը կազմուած էր շարք մը դքսութիւններէ (օրինակ - Հռոմի, Վենեցիայի, Կալաբրիայի, Նեապոլի, Պերուգիայի, Պենտապոլիսոյ, Լուկանիայի եւ այլն), որոնք հիմնականին կ՝ ընդգրկէին Ապենինեան թերակղզիի ծովափնեայ շրջանները, քանի որ Իտալիոյ խորքը կը գտնուէր լոմբարդներու կայուն ենթակայութեան տակ։

Կայսերական այս տիրույթներու քաղաքացիական եւ ռազմական ղեկավար եկսարքոսը, որ կը նստէր Հռավեննայի մէջ, կը ներկայացնէր Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գտնուող կայսրին։ Շրջապատող տարածքը, որ հիւսիս կը հասնէր մինչեւ Պո գետ, բաժնելով զայն Վենետիկէն եւ մինչեւ Պենտապոլիս Ռիմինի հարաւը, կը գտնուէր եկսարքոսի ուղիղ ղեկավարութեան տակ։ Նեղ իմաստով երբ այդ տարածքը կ՝ ընդգրկէր Ռավեննայի էկզարխութիւնը։ Կայսրութեան միւս իշխանութիւնները Իտալիոյ մէջ կը կառավարէին դքսերու եւ magistri militium-ներու կողմէն, որոնք շատ թէ քիչ ենթակայ էին եկսարքոսին։ Կոստանդնուպոլսոյ տեսակիւնէն էկզարխութիւնը կազմուած էր Իտալիոյ նահանգով։

Ռավեննայի էկզարխութիւնը արեւելահռոմէական միակ նահանգը չէր Իտալիոյ մէջ։ Սիցիլիան կը ղեկավարէր առանձին ադմինիստրացիայի կողմէն, իսկ Կորսիկան եւ Սարդինիան ընդգրկուած էին Ափիկայի էկզարխութեան կազմին մէջ։

Լոմբարդներու մայրաքաղաքը Պաւիան էր եւ անոնց կը պատկանէր նաեւ Պո գետի մեծ հովիտը։ Լոմբարդական սեպը կը տարածուէր մինչեւ հարաւ, ուր կը գտնուէին Սպոլետոյի եւ Բենեվանտոյի դքսութիւնները; անոնց ձեռքին մէջ ը գտնուէր Իտալիոյ խորքային շրջանները, իսկ ծովեզրեայ տարածքները կը գտնուէին Արեւելեան Հռոմէական կայսրութեան հսկողութեան տակ։

Պյեմոնտը, Լոմբարդիան, Տոսկանիան, Վենետոյի եւ Կամպանիայի ներքին շրջանները կը պատկանէին լոմբարդներուն, եւ քիչ-քիչ կայսերական ներկայացուցիչը Իտալիոյ մէջ այդ շրջաններու նկատմամբ կորսնցուց ամբողջ իշխանութիւնը։ Ան դեռեւս կը կառավարէր (640 թ-ին ամբողջութեամբ նուաճուած լոմբարդների կողմէն), Նեապոլը եւ Կալաբրիան (կը մտնէին լոմբարդական Բենեուենտոյի դքսութեան կազմին մէջ)։ Իսկ Հռոմի մէջ իրական տերն ու տիրակալը Հռոմի Պապն էր։

Վերջիվերջոյ, 740 թ-ին, էկզարխութիւնը կազմուած էր Իստրիայով, Վենետոյով, Ֆեռերայով, Ռավեննայով (էկզարխութիւնը նեղ իմաստով), նաեւ Պենտապոլիսով եւ Պերուջիայով։

Այս տարածքներու մէկ մասը կորսուած էր արդէն 751 թուականին, երբ լոմբարդները գրաւեցին Ռավեննան, իսկ միւսը դուրս եկաւ կայսրութեան վերահսկողութենէն Հռոմի Պապի ապստամբութեան հետեւանքով։

Հռոմի Պապի եւ Ռավեննայի եկսարքոսի միջեւ յարաբերութիւնները կայսրութեան համար կարոց էին ըլլալ օգտակար եւ վնասակար։ Հռոմի Պապը ունէր մեծ հեղինակութիւն ժողովուրդի շրջանին մէջ։ Հին Հռոմի սենատորական դասակարգէն պահպանուած մնացորդները կը համարէին եկսարքոսին ոչ կարեւոր մէկ պաշտոնեան եւ չէին ցանկար ղեկավարուիլ անոր կողմէն։ Այսինքն էկզարխութիւնը ունէր արտաքին եւ ներքին բաւականին բարդ խնդիրներ։

Իր գոյութեան ընթացքին էկզարխութեան մէջ, ինչպէս եւ ամբողջ Եւրոպայիմէջ, աւելի ու աւելի ուժեղ կ՝ արտայայտուէր ֆերոդալիզմը։ Չնայած բիւզանդական կայսրերու ջանքերուն, քայլ առ քայլ կայսերական պաշտօնեաները կը վերածուէին խոշոր հողատերերու, իսկ անոնց բարեկամները՝ մանր հողատերերու։ Առաւել եւս լոմբարդներու դեմ պայքարելու համար, կը հաւաքուէին տեղական միլիցիաներ, որոնք երթալով աւելի կ՝ անկախանային կայսերական իշխանութիւենէն։ Այդ զօրաջոկատները հետագային հիմք հանդիսացան իտալական շատ քաղաք-պետութիւններու զօրաջոկատներու հիմքը։

Էկզարխութեան կործանումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

6-րդ եւ 7-րդ դարերուն լոմբարդներէն եւ ֆրանկներէն եկող վտանգն ու քրիստոնէութեան արեւելեան եւ արեւմտեան ճիւղերու հակակրանքի աճը պատկերամարտութեան պատճառով եկսարքոսի վիճակը կը դառնար օրհասական։

Ռավեննան մնաց եկսարքոսի նստավայրը մինչեւ 727 թուականի ապստամբութիւնը, պատկերամարտութեան պատճառով։ Ռավեննայի վերջին եկսարքոսը սպաննուեցաւ լոմբարդներու կողմէն 751 թուականին։ Էկզարխութիւնը վերածուեցաւ Իտալիոյ կատեպանութեան, որուն գլխաւոր քաղաքն էր Բարին։ Վերջինս գրաւեց արաբներու կողմէն 847 թիւականին եւ ետ վերադարձուց միայն 871 թուականին։

756 թուականին, երբ ֆրանկները քշեցին լոմբարդներուն, Հռոմի Պապը համարեց, որ էկզարխութեան մէջ նախկին տարածքը իրեն կը պատկանի։ 774 թուականին Պապի դաշնակից Պիպին կարճահասակի տղան՝ Կառլոս Մեծը Պապին յանձնեց այդ տարածքները։ Այս կը համարուի Հռոմի Պապի աշխարհիկ իշխանութեան սկիզբը։ Սակայն քանի որ արքեպիսկոպոսները սորուած էին տեղական աշխարհիկ ինքնիշխանութեան, տարածաշրջանը մնաց խիստ տրոհուած։

Երբ էկզարխութիւնը վերացաւ, Նապոլին եւ Կալաբրիան մտան Իտալիոյ կատապանութեան կազմին մէջ։ Սիցիլիոյ գրաւմամբ 9-րդ դարուն արաբներուն կողմէն, կատապանութիւնը տրոհուեցաւ Կալաբրիոյ եւ Լանգոբարդիոյ բանակաթեմերու։ Իսկ Իստրիան մտաւ Դալմաթիոյի կազմի մէջ։

Ծանօագրութիններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Պողոս Դեակոն։ «Գիրք 2:գլուխ. 26-27»։ լատ.՝ «Historia Langobardorum» 
  2. Հոդգկին։ Լոմբարդական ներխուժումը։ Իտալիան և իր ներխուժողները, հատոր. 5, գիրք VI։ էջեր 71–73 
  3. Հովհաննես Բիկլարցի։ Ժամանակագրություն 
  4. Հալենբեք։ «Պավիան և Հռոմը. լոմբարդական միապետությունն ու պապականությունը ութերորդ դարում»