Jump to content

Ռաշմոր լեռը

Ռաշմոր լեռ, ազգային յուշարձան։

Ռաշմոր լեռ (անգլերէն՝ Mount Rushmore), ազգային յուշարձան, որ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հարաւային Տաքոթա նահանգի Քիսթոմ քաղաքին մօտակայքը, Սեւ լեռներուն մէջ, երկար ժամանակ գնահատուած է իբրեւ աշխարհի ամենամեծ դիմաքանդակը[1]:

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռաշմոր լեռը յայտնի է ԱՄՆ-ի չորս նախագահներու՝ Ճորճ Ուաշինկթընի, Թոմաս Ճեֆըրսընի, Թէոտոր Ռուզվելտի եւ Ապրահամ Լինքոլնի (ձախէն աջ հերթականութեամբ) հսկայական դիմաքանդակներով, որոնք քանդակուած են հատաքարէ ապարի վրայ՝ 18.6 մեթր բարձրութեամբ: Դիմաքանդակներէն ամէն մէկը շուրջ 18 մեթր բարձրութիւն ունի:

Նախքան Ամերիկայի գաղութացումը՝ այս լեռը, տեղաբնակ ցեղերուն լեզուով, կոչուած է «Վեց նախահայրեր»[2], բայց 1930 թուականին վերակոչուած է Չարլզ Ռաշմորի՝ ամերիկեան ձեռնարկատիրոջ անունով: Չարլզ Ռաշմորն էր, որ 1885 թուականին կազմակերպած էր այս շրջանը ոտք դրած առաջին արշաւախումբին այցը: Ան նախագահներու քանդակին համար յատկացուցած է 5 հազար ամերիկեան տոլար:

Յուշարձանի ստեղծման գաղափարն ու նպատակը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս գաղափարը Ռաշմորին յուշած է տեղացի պատմաբան մը, իսկ նպատակը զբօսաշրջութեան զարգացումն էր Հարաւային Տաքոթայի մէջ: Նախաձեռնութեան հեղինակները քանդակին համար ընտրած են այս նախագահները, քանի որ անոնք կը խորհրդանշէին Ամերիկայի պատմութեան առաջին հարիւրյիսուն տարիներն ու հանրապետական ոգին:

Քոնկրէսի կողմէ արտօնութիւն ստանալէ ետք արձանագործ Հաթսըն Փորկլում 1925 թուականին[3] սկսած է աշխատանքներուն, որոնք շարունակուած են շուրջ տասնչորս տարի եւ արժած՝ 1 միլիոն ամերիկեան տոլար: Հաթսըն Փորկլում իբրեւ մարգարէութիւն ըսած է.

Ամերիկան շարասիւներով կը քալէ այս հորիզոնով:


Տարածքը մարդոց պակաս չ՚ունենար ոչ մէկ եղանակի: Կարծր լերան վրայ աշխատանքները դիւրին չեն ընթացած: Պայթեցումներուն ժամանակ ապարի խոշոր կտոր մը պոկուած է, այդ պատճառով ալ Թէոտոր Ռուզվելտի գլուխը իր դիրքով միւսներէն աւելի խոր է:

Քանդակներուն վրայ աշխատած են աւելի քան չորսհարիւր մասնագէտներ։ Յուշարձանի կառուցողական աշխատանքները աւարտելէ ետք, Ռաշմոր լեռը համաշխարհային համբաւի տիրացած է:

Զբօսաշրջութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամէն տարի շուրջ երեք միլիոն մարդ կ՚այցելէ՝ տեսնելու ազգային յուշարձանը: Լեռը լուացող հեղուկներով անընդհատ կը մաքրուի լեռնագնաց պահապաններու կողմէ, որոնք կը սրբեն անոր բնական մակերեսը, մանաւանդ քարաքոսերէն պաշտպանելու համար:

Ռաշմորի քանդակներուն վրայ միշտ քարաքոսերու աճ կայ, ինչ որ մէկ կողմէն օգտակար է բնութեան, իսկ միւս կողմէն՝ կրնայ հողի վերածել պատմական արձանը: Բնապահպանները կողմնակից են, որ քարաքոսերը մնան բնական միջավայրի մէջ, քանի որ հիւսիսային թռչող սկիւռը քարաքոսերը կը գործածէ բոյն սարքելու, սնուելու համար եւ իբրեւ ջուրի աղբիւր՝ ձմրան:

Բայց ԱՄՆ-ի պետութիւնը մեծ ջանքեր կը գործադրէ մաքուր եւ լերկ վիճակի մէջ պահպանելու համար ժողովուրդին մէջ Նախագահներու լեռը անունով նշանաւորուած ազգային այս յուշարձանը: Ամէն երեկոյ երկու ժամով կը լուսաւորուի սարը եւ երեկոյեան այցելուներուն առջեւ գեղեցիկ պատկեր կը պարզէ:

Զանազան ժամանակներու ընթացքին միշտ եղած են յուշարձանին դէմ արտայայտուողներ, որոնց հաճելի չեն եղած քարերու արանքէն նայող նախագահներուն դէմքերը: Քննադատողները ամայի ու անբնակ նկատած են վայրի բնութեան մէջ ազգային խորհրդանիշներու հսկայական գոյութիւնը[4]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Ռաշմոր լեռ ազգային յուշարձան»։ www.1tv.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2022-03-01 
  2. Hope Native։ «The Six Grandfathers Before It Was Known as Mount Rushmore»։ blog.nativehope.org (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-03-01 
  3. «Wayback Machine»։ web.archive.org (անգլերէն)։ 2006-10-10։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-10-10-ին։ արտագրուած է՝ 2022-03-01 
  4. «ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԼԵՌԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-01