Ջաւախեցի

Ջաւախեցի
Ծնած է 1874
Ծննդավայր Գանձա, Ախալքալաք, Թիֆլիսի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1937
Մահուան վայր Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոց
Մասնագիտութիւն արձակագիր

Ջաւախեցի (բուն անունով՝ Ղազարոս Տէր Գրիգորեան, 1874, Գանձա, Ախալքալաք, Թիֆլիսի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 1937, Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն), հայ արձակագիր, հրապարակախօս, լրագրող, մտաւորական եւ ուսուցիչ։

Ան աւագ եղբայրն է յայտնի բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ Վահան Տէրեանին[1]։

Կեանք եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Ախալքալաք գաւառի Գանձա գիւղին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք զբաղած է ուսուցչութեամբ:

Ջաւախեցիի գրական կեանքը սկիզբ առած է 1899 թուականին, իր հրատարակած 16 էջանոց «Շէյխ Ջաւադ» պատմուածքով, որ լոյս տեսած է Թիֆլիսի մէջ:

Ան իր առաջին գրութիւնները սկսած է հրատարակել 1900 թուականներուն, «Մշակ» պարբերականին մէջ, ուր սկզբնականին ստորագրած է իր անուն մականունով եւ ապա իբրեւ Ջաւախեցի:

Մահացած է 6 Նոյեմբեր 1937-ին։

Երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչեւ 1903 թուականին լոյս տեսած են անոր՝ «Կրակը», «Պատկերներ» պատմուածքներու գրքոյկները. 1903 թուականին «հակապետական արարք»ներու պատճառով ձերբակալուած եւ հինգ տարիով աքսորուած է:

Աքսորէն վերադառնալով Ջաւախեցի շարունակած է «Մշակ»ի թղթակցութիւնը[2], միաժամանակ ուսուցչութիւն կատարած է տեղի հայկական վարժարաններէն ներս: Նոյն միջոցին Ջաւախեցի թղթակցած է հայկական այլ թերթերու եւս. ինչպէս՝ Երեւանի «Աշխատանք» թերթը, Ֆրանսայի մէջ հրատարակուող «Յառաջ» թերթը, Թիֆլիսի «Հասկեր» ամսագիրը, Խորհրդային Միութեան «Աղբիւր» թերթը եւ ուրիշներ:

Ջաւախեցիի յայտնի գործերէն է «Ջաւախքի աղէտը» աշխատութիւնը, ուր ներկայացուցած է 1899 թուականի Դեկտեմբեր 19-ին տեղի ունեցած երկրաշարժն ու անոր պատճառած աղէտները, որոնց ականատեսը եղած է անձնապէս: Ջաւախեցի գրած է ընդհանրապէս գիւղական կեանքին եւ գիւղացիին դժուարութիւններուն մասին[3]:

Թարգմանութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրական ստեղծագործութիւններու կողքին կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանքներ. հայերէնի թարգմանած եւ հրատարակած է Չիրիկովի «Կեանքի շեմին», Կրիկորովիչի «Հաց, աշխատանք, իշխանութիւն», Թուէյնի «Սպիտակ փիղի յափշտակումը» եւ այլ աշխատութիւններ[4]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Հայկ Խաչատրեան (1981)։ Գրական տեղեկատու։ Երեւան: «Սովետական գրող»։ էջ 380։ 
  2. Մշակ։ Սեպտեմբեր 30, 1899։ 
  3. Վիքտոր Համբարձումեան (1983)։ Ջավախեցի։ Երեւան: Հայկական Սովետական Հանրագիտարան։ էջ 479։ 
  4. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ