Պօղոս Փալապըյըգեան

Պօղոս Փալապըյըգեան
Ծնած է ոչ վաղ քան 1880 եւ ոչ ուշ քան 1885
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս
Մահացած է 1915
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Կ. Պոլ­սոյ Օս­մա­նեան կայ­սե­րա­կան բժշկա­կան վար­ժա­րա­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Պօղոս Փալապըյըգեան (1880/1885, Կոստանդնուպոլիս - 1915), հայ բժիշկ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 1880/1885 թուականին՝ Կոստանդնուպոլիս։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Կ. Պոլսոյ թաղային ազգային վարժարաններէն մէկուն մէջ։ 1912 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը։ 1912 թուականն Վանի նահանգի, Վանի գաւառի՝ Արճէշ քաղաքի թաղապետական բժիշկ աշխատած է եւ թուրք ու հայ բնակչութեան յարգանքը վայելած։

1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկիզբը, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ Համիտիէ հեծելազօրի որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած է։ Թուրք հրամանատարներէն սիրուած եւ յարգուած եղած է՝ համեստ բնաւորութեան եւ բացառիկ ծառայութիւններուն համար։ 1915 թուականի Յունուարին Էնվեր փաշայի բանակը ծանր պարտութիւն կրած է Սարիղամիշի ռազմաճակատուին, իսկ ինքը՝ Էնվերը, փրկուած է սեբաստացի սպայ՝ Յովհաննէս Ակինեանի եւ հայ զինուորներու հերոսական ու անձնազոհ դիմադրութեան շնորհիւ։ Ի «հա­տու­ցում», Էնվերը հրամայած է Օսմանեան բանակի հայ զինուորներուն զինաթափել։

1915 թուականին Բաղէշի եւ Մուշի միջեւ ընկած անմարդաբնակ վայրի մը մէջ, մօտ 33 տարեկան հասակին, գնդակահարուած է գազազած թուրք հրամանատարի կողմէն, որն իմացած է, թէ բժիշկը վիրաւոր թուրք զինուորներուն հետ միասին նոյնպիսի հոգատար բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած է նաեւ հայ զինուորներուն։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (1688-1940), Սթանպուլ, 1940։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Սահակեան Լիլիկ, Ոճրագործները չխնայեցին նոյնիսկ մարդու կեանքը փրկողներին, «Առող­ջա­պա­հու­թիւն», Երեւան, 1965, թ. 4։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Հայրապետեան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնից, Երեւան, 1990։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։