Jump to content

Պերնատէթ Շիրաք

Պերնատէթ Շիրաք
ֆրանսերէն՝ Bernadette Chirac
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Bernadette Thérèse Marie Chodron de Courcel
Ծնած է 18 Մայիս 1933(1933-05-18)[1][2][3][…] (91 տարեկան)
Ծննդավայր Փարիզ, Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Մայրենի լեզու Ֆրանսերէն
Ուսումնավայր Փարիզի Սորպոնի համալսարան
Փարիզի քաղաքական հետազօտութիւններու հիմնարկ
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ Ֆրանսայի առաջին տիկին, գերագոյն խորհրդական, կազմակերպութեան նախագահ եւ կազմակերպութեան նախագահ
Կուսակցութիւն Ժողովրդական շարժման միութիւն, հանրապետութեան սատարման միաւորում, Հանրապետականներ? եւ Դեմոկրատներու Միութիւն յանուն Հանրապետութեան
Ամուսին Ժագ Շիրաք
Ծնողներ հայր՝ Jean de Courcel?
Երեխաներ Քլոտ Շիրաք եւ Լորենս Շիրաք

Պերնատէթ Շիրաք (18 Մայիս 1933(1933-05-18)[1][2][3][…], Փարիզ, Ֆրանսա) Ֆրանսայի 22–րդ նախագահ Ժաք Շիրաքի կինը։

Պերնատէթ Շոտրոն տը Քուրսէլ ծնած է 18 Մայիս 1933–ին՝ Ֆրանսայի Փարիզ քաղաքը։ 1939-ին անոր հայրը զօրակոչուած է բանակ եւ Երրորդ ռեյխի զօրքին հետ մարտին գերի կ՛իյնայ։ Յունիս 1940-ին Պերնատէթ իր մօր հետ լքած է Փարիզը եւ գացած Ֆրանսայի Հարաւ–Արեւմուտքը գտնուող Լոյ եւ Գարոնի վարչական շրջան։ 1943-ին անոնք կրկին տեղափոխուած են, այս անգամ Լուարէ շրջան՝ Ժէն կոմունայ։ 1945-ին անոր հայրը գերմանական գերութենէն տուն վերադարձած է եւ ընտանիքը վերադարձած է Փարիզ։ 1946-ին ծնած է անոր քոյրը՝ Քաթրին, իսկ 1948-ին, եղբայրը՝ Ժերոմ։ Միջնակարգ դպրոցը աւարտելէ ետք Պերնատէթը ընդունուած է Փարիզի քաղաքական հետազօտութիւններու ուսումնարան, ուր ծանօթացած է իր ապագայ ամուսինին՝ Ժաք Շիրաքի հետ։ Հարսանիքը տեղի ունեցած է 16 Մարտ 1956–ին[4]։ Պերնատէթ Շիրաք զբաղուած է քաղաքականութեամբ, ինչպէս նաեւ խաղցած է քանի մը դրուագային դերեր[5]։ Մայիս 2004-ին այցելած է Մոսկուա, ուր հանդիպած է Լիւտմիլա Փութինայի հետ[6]։

Ընտանեկան կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամուսնութեան ընթացքին Պերնատէթը երկու աղջիկ ունեցած է․ Լորանս (1958) եւ Քլոտ (1962)։ 1979-ին Պերնատէթը եւ Ժաք Արեւմտեան Վիեթնամէն որդեգրած են աղջիկ մը՝ Ան–Տաօ–Թրաքսէլին[6]։ Լորանս Շիրաք իր կեանքին մեծ մասը տառապած է ախորժակի պակասէ եւ անով պայմանաւորուած ինքնասպանութեան փորձեր կատարած է։ Մահացած է 15 Ապրիլ 2016–ին՝ սրտային անբաւարարութեան պատճառով[7]։ Քլոտ Շիրաք իր հօր մօտ աշխատած է իբրեւ խորհրդատու, ամուսնացած է ֆրանսացի մարզիկ Թիերի Ռէյի հետ, ունի մէկ որդի՝ Մարթին Ռէ–Շիրակ[8]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]