Jump to content

Պետրոս Աբրօյեան

Աբրօյեան Պետրոս (Ապրօ), Զմիւռնիացի նշանաւոր հարուստ վաճառական։

Ապրօ իր եղբայրներուն՝ Աբրահամի ու Ստեփանի հետ, առեւտուր կը կատարէր Եւրոպայի տարբեր պետութիւններու մէջ եւ Հնդկաստանէն, Պարսկաստանէն եւ Տաճկաստանէն ասիական վաճառներն կ՛արտահանէր Եւրոպա։ Գլխաւոր վաճառատունը կը գտնուէր Զմիւռնիոյ մէջ։ Հոլանտայի Ամսդերտամ քաղաքի մէջ ներկայանալով ռուսաց Պետրոս Մեծ կայսեր՝ խնդրագրով մը յայտնեց իր առեւտուրի ծաւալը եւ թոյլատուութիւն խնդրեց Ռուսաիոյ մէջ ալ առեւտուր կատարելու. Ռուսաստանով Պարսկաստանէն եւ Հնդկաստանէն ապրանք տեղափոխելու մասին։ Պետրոս Մեծը սիրով ընդունեց անոր առաջարկն ու 28 Յունուար 1717-էն տուած (Ամսդերտամի մէջ) հրովարտակով հրամայեց հարկն եղած պարագային, որ ազատ իրաւունք տրուի Ռուսաստանի մէջ առեւտուր կատարելու՝ վերցնելով նոյն քանակութեամբ մաքս, որքան որ կը պահանջուէր Ջուղայեցի-Պարսկաստանցի հայ վաճառականներէ, Հրովարտակը տուած էր Ապրոյին եւ շնորհուած առեւտրական կատարեալ ազատութիւն։ Ապրոն առեւտուր կը կատարէր գլխաւորապէս մետաքսով եւ ակնեղէնով։

  • Բառարան Հայ Կենսագրութեանց, Ա. հատոր, Թիֆլիս 1904, էջ 35 :